ՀՄԸՄ-ի Բոլոր Ննջեցեալներու Յիշատակին
Հաւատալով մեզմէ անվերադարձ բաժնուողներուն յարգանքի տուրք տալու պարտաւորութեան` աւանդութիւն դարձաւ, որ ամէն տարուան նոյեմբերին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը ոգեկոչէ յիշատակը մեզմէ յաւերժ բաժնուած ննջեցեալ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն` ըլլան անոնք սկաուտ: մարզիկ թէ վարչական գործունէութիւն տարած անդամ-անդամուհիներ, որոնք ժամանակ մը առաջ մեզի հետ էին, կը գործէին ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ, ՀՄԸՄ-ին համար: Վստահաբար, եթէ մեզի հետ ըլլային այսօր, անոնք անվարան կերպով պիտի շարունակէին իրենց անսակարկ նուիրումը բերել այս անզուգական միութեան:
Անոնք անցեալին գործած անմահներ են, որոնք` համոզուած միութեան վեհ գաղափարին, գործեցին ու անցան:
Գործեցին անհաշիւ, տուին առանց սակարկելու եւ մինչեւ իրենց վերջին շունչը նուիրուեցան ՀՄԸՄ-ի վսեմ գաղափարին եւ անոր յատուկ «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին:
Իրերայաջորդ սերունդներու զաւակներ իրենց տասնեակ տարիներու վաստակը ունեցան այս միութեան ուռճացման ու վերելքին. միութիւն մը, որ բազմանալով ու ծլարձակելով` աշխարհի տարածքին, դարձաւ 103 ճիւղերով անթառամ ու հաստաբուն ծառ մը:
Չենք կրնար մոռնալ յիշատակը այն բոլոր մարզիկներուն, որոնք երկար տարիներ քրտինք թափեցին մրցումի դաշտերուն վրայ` բարձր պահելու համար միութեան դրօշը:
Ինչպէ՛ս կարել է չյիշել այն վարչական քոյրերն ու եղբայրները, որոնք իրենց անձն ու «ես»-ը զոհեցին` զրկուելով անձնական հաճոյքներէ, ժամանակ տրամադրեցին ծրագրելու եւ իրագործելու համար լաւագոյնը` ի նպաստ միութեան եւ յաջորդ սերունդներուն:
Ինչպէ՛ս մոռնալ կակուղ-թաթիկէն մինչեւ շեփորախումբերու անդամներն ու սկաուտական բարձրագոյն դիրքերուն վրայ գործած մեր քոյր-եղբայրներն ու պատասխանատուները, որոնք անշահախնդիր մօտեցումով սկաուտական այբուբենը սորվեցուցին նորեկներուն, հպարտօրէն տողանցեցին հայկական թաղերուն մէջ եւ մայիսեան փառատօներու ընթացքին հպարտութեան եւ հրճուանքի պահեր նուիրեցին հայութեան:
Այո՛, ինչպէ՛ս մոռնանք այն ՀՄԸՄ-ականը, որ մահուան սնարին իսկ կը հետաքրքրուի ՀՄԸՄ-ի մարզական լուրերով, կամ` այն մարզիկը, որ իր հեծանիւը մէկ կողմ դնելով կ՛երթայ նահատակուելու ղարաբաղեան լեռներուն վրայ:
Այս բոլորը պարտք կը դնեն մեր վրայ, որ ոգեկոչենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք նուիրուեցան ՀՄԸՄ-ին համար ու գործեցին ի խնդիր այն միութեան:
Կ՛ողբանք հին թէ նոր մահացած բոլոր ՀՄԸՄ-ական քոյրերուն ու եղբայրներուն կորուստը անխտիր եւ կ՛ոգեկոչենք անոնց վառ յիշատակը` յիշելով մանաւանդ վերջին շրջանին մեզմէ բաժնուած եղբայրներ
– Վարդգէս Հայրապետեանը
– Պօղոս Յովհաննէսեանը
– Յովհաննէս Ծատուրեանը
– Յակոբ Գալայճեանը
– Վահագն Յովհաննէսեանը
– Վարդգէս Ծատուրեանը:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը խոնարհի բոլոր ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներուն ամենահամեստ մարզիկէն ու սկաուտէն, մինչեւ յանձնախումբերու թէ վարչութիւններու մաս կազմած եւ դիրքերու վրան գործած ու անցած քոյրերուն ու եղբայրներուն յիշատակին առջեւ:
Խունկ ու մոմ անոնց անմահ ու անմոռաց յիշատակին:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

