Վկայութիւն

Ս. Գ.

Երկուշաբթի առաւօտուն` աշխատանքի սկսելու ժամէս քանի մը վայրկեաններ ետք, գործընկերս հարցուց, եթէ տեղեակ եմ ընկ. Սագոյին (Փարատայզ) պատահած դէպքէն: Ապա պարզեց եղելութիւնը: Ծանր էր լուրը:

Նկատի ունենալով ընկերոջ մահաքունի մէջ եղողի վիճակը, հեռաձայնային կապերով կը հետաքրքրուէի անոր առողջական վիճակին մասին: Արդէն 5 օրեր ետք ցաւով իմացայ մահուան գուժը: Մահ մը, որ իրեն վայել չէր` ամէն իմաստով:

Տարօրինակ է, թէ հին բարեկամի կամ ընկերոջ մը հետ կայացած անակնկալ հանդիպում մը երկուքը կը տանի դէպի հին օրեր, անցեալի յիշատակներ, տխուր կամ ուրախ առիթներ: Նոյն ձեւով ալ ընկ. Սագոյի մահուան գուժը զիս տարաւ դէպի անցեալ, սակայն այս անգամ առանձինս յիշեցի հին օրերը: Կ՛արժէ յիշել եղելութիւն մը` առ ի գոհունակութիւն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն` մանաւանդ ռմբակոծումներու օրերուն, ապահովական նկատառումներով շէնքերու մուտքերուն կամ ապաստարաններուն շուրջ պատնէշներ կը կանգնեցնէինք: Սագոն հազիւ պատանի տարիքի մէջ էր եւ բնակիչ էր Արագած շրջանի «Ա. Մանուկեան» պահակակեդրոնի թաղամասի: Շատ վտանգաւոր օրերուն խմբապետութիւնը պատանիները իրենց տուները կը ղրկէր, բայց Սագոն դուռէն դուրս կ՛ելլէր պատուհանէն վերադառնալու համար:

Օր մը պատանի Սագոն վիրաւորուեցաւ ազգին ծառայութեան ընթացքին, սակայն ո՛չ ռումբէն, ո՛չ ալ փամփուշտէն, այլ պատնէշ պատած ատեն ժանգոտած թիթեղէ մը: Փոքր վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ:

Տարիներ անցան, օր մը ընկ. Սագօ ինձմէ խնդրեց, որ երաշխաւոր ըլլամ ՀՅԴ ԼԵՄ-ին իր անդամակցութեան: Մինչ այդ արդէն առօրեայ ներկայութիւն էր պահակութեան կեդրոնին մէջ եւ յարգանքով կը վերաբերէր խմբապետներուն հետ, սիրալիր` մնացեալ ընկերներուն հետ: Ուրեմն Սագոն 16 տարեկան եղած էր արդէն: Իր առաջարկին պատասխանելու համար 2 օր ժամանակ ուզեցի: Կարիք զգացի հօրը համամտութիւնը ապահովելու: Երբ հօրը  հանդիպեցայ ու յայտնեցի խնդրած տեսակցութեանս պատճառը, ան պատասխանեց. «Սագոն այս շրջանին տղան է եւ անշուշտ ձեր ալ տղան է»: Ապա շարունակեց. «Կ՛ուզեմ Սագոյին հետեւեալ խօսքը ըսել` «Կուսակցութիւնը սուրբ է, եթէ մաքուր կուսակցական պիտի ըլլաս, այն ատեն եղիր»: Ապա իր գնահատանքը ու շնորհակալութիւնը յայտնեց:

Յաջորդ օրն իսկ Սագոն դիմում ներկայացուց եւ աւելի ուշ անդամակցեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին:

Սագօ Յարութիւնեանը (Փարատայզը) ճանչցողները գիտեն, թէ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին ան շատ գործեր կատարեց` Արագած շրջանէն սկսելով մինչեւ աւելի հեռու ու տարբեր շրջաններու եւ միջավայրերու մէջ: Կը փակեմ գրութիւնս` յիշեցնելով Սագոյին հօր խօսքը.

Ընկ. Սագոն եղաւ մաքուր նկարագիրի տէր, գործեց մաքուր եւ մնաց մաքուր դաշնակցական:

Վարձքդ կատար:

Հողը թեթեւ գայ վրադ ընկ. Սագօ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES