Տակաւին Շատ Կանուխ Էր

Անբաղձալի լուրը արդէն հասած է ամէնուր. Ժեհթաուի հիւանդանոցին բակը կարծես բողոքի ցոյց մը կայ. ընկերներ, բարեկամներ, նոյնիսկ անծանօթներ` մտահոգ, ջղային եւ վրդոված հայեացքներով կը նային դէպի հիւանդանոցի մուտքը, որուն ելեկտրոնային դուռը անընդհատ կը բացուի եւ կը փակուի: Դրան իւրաքանչիւր բացուելուն հետ կարծես յոյսի լոյս մը կը բացուի, սակայն այդ դուռը անմիջապէս կրկին կը փակուի: Իւրաքանչիւր բացուելու կը տեսնեմ Սագոն, որ չ՛ուզեր յանձնուիլ անողոք անկողինին, որ միայն մէկ տեղ կը տանի… Կ՛ուզեմ, որ դուռը երկար ատեն բաց մնայ, որպէսզի տեսնեմ Սագոն` իսկապէս յաղթական դուրս կու գայ, բայց աւաղ դուռը անմիջապէս կրկին կը փակուի:

Արդէն այդ սեւ օրուան կէսօրն է. օր, որուն արեւը չի լուսաւորեր մեր խաւարած մտքերը, այդ կէսօրուան կիզիչ արեւը չի տաքցներ մեր սառած սիրտերը: Արեւը դարձեալ կը մարէր մեր երկինքէն, այն արեւը, որ լուսաւորած էր շատ մը պատանիներու ուղին` դէպի մեր ակումբները,  արեւ մը, որ այրած էր շատ մը երիտասարդներու եսասիրութիւնը եւ զայն վերածած ազգասիրութեան կայծերու: Այդ արեւը շողացած էր Արագածի մութ փողոցներուն եւ Ղարաբաղի խաւարած ձորերուն մէջ: Ինչո՞ւ մարեցար: Արդեօք Եղի՞կը կանչեց քեզ` Արագածի մէկ անկիւնէն կամ Վիգէնը` Զառիսլուի բարձունքէն, չեմ գիտեր: Բայց չէ՞ որ քու Վիգէնդ եւ միւս եղիկները տակաւին մեծապէս կարիք ունէին քու ջերմութեանդ եւ լոյսիդ: Ինչո՞ւ շտապեցիր դէպի ընկերներդ, որոնց բռնած ուղին բոլորս երդուած ենք բռնել, բայց տակաւին չենք արժանացած անոր երանելիութեան պատիւին:

Ինչպէ՞ս մխիթարել մայրդ, որ տակաւին կը սպասէ իր Սագոյին, որ ամէն օր եռանդով կը լեցնէր իր հայրական տունը: Մենք չենք կրնար լեցնել քու ձգած պարապութիւնդ, չենք կրնար Վիգէնին եւ Վանային գուրգուրալ այնպէս, ինչպէս դուն կը գուրգուրայիր:

Ա՜խ, ինչքան կ՛ուզէի, որ այդ դուռը երկար ատեն բաց մնար եւ չփակուէր, բայց ափսո՜ս… Անիկա միանգամընդմիշտ փակուեցաւ: Սագօ՛, իսկապէս, ճիշդ է, որ` Ամենայն տեղ մահը մի՛ է, մարդ մի անգամ պիտ մեռնի, բայց երանի, հազար երանի անոր, որ իր ազգի ազատութեան կը զոհուի:

ԸՆԿԵՐԴ

Share this Article
CATEGORIES