«Բարե՛ւ, Ընկ. Սարգիս» (Հեռակայ Զրոյց)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Երբ հոգիդ զգետնող կացութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուիս, երկու ճանապարհ կ՛ուրուագծուին դիմացդ. ընկրկումի, բարոյալքումի եւ շիջումի նեղ, բայց հասանելի արահետը եւ կամ զայն արիաբար դիմակայելու լայն, դժուարին ու հեռահար  հորիզոնը:

Հաւանաբար, առկայ են նաեւ այլընտրանքային տարբեր միջոցներ եւ մօտեցումներ, որոնց մասին անդրադառնալը գէթ այս առիթով անտեղի ու անպատեհ է միանգամայն:

Անցնինք:

Քառասուն օրեր առաջ, իրօք, դառնութեամբ ու խոր կսկիծով իմացանք մահուան մը գուժը` կայտառ ու բաբախուն սիրտ ունեցող երիտասարդի մը, հարազատի ու ընտանիքի հօր մը, ծառայասէր հայորդիի, կուսակցական հաւատաւոր անդամի, իրաւ բարեկամի, հայրենասէրի ու բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած ազգասէրի մը, որ դեռ երէկ խանդավառութեամբ կը շնչէր, ամէն քայլափոխի իրեն յատուկ ժպիտով մը բարեւներ կը փոխանակէր, պարզ ու սովորական կեանքին ընդմէջէն իր առօրեայ կեանքը կը հունաւորէր, ժամանակը զուարթութեամբ կ՛ուզէր անցընել եւ իր ընտանեկան պարտաւորութիւններուն գիտակից` ասպարէզի միջեւ ոչ մէկ խտրութիւն կը դնէր:

Այս տղան մեր Սագոն էր, որ, եթէ երբեք այլոց հետ ունէր մարդկային հասարակաց գիծեր` ծառայութեան, նուիրումի քաջութեան եւ անկարին անպայման օգնելու եւ իր շրջապատին հասնելու հոգեկան ու ֆիզիքական տրամադրուածութիւն, այնու ամենայնիւ, Սագոն իր շրջապատէն կը տարբերէր իր եզակի ընկերականութեամբ եւ որոշում տալու հաստատակամ կեցուածքով,  որոնց կառչած մնաց մինչեւ իր անժամանակ մահը:

Եւ ճիշդ այս հասկացողութենէն մեկնած` կարելի չէր Սագոյի մասին գրել, սրտի խօսք արձանագրել, վերյիշել ու վերապրիլ անոր մտերմութիւնն ու անկեղծութիւնը, լոկ դասականացած եւ ընկալեալ սովորութեանց համաձայն:

Սիրելի՛ ընկեր,

Հարկ է խոստովանիլ, որ, վերոնշեալ երկու արժանիքներդ զիս մղեցին հեռակայ զրոյցի ընդմէջէն հաղորդակցիլ հետդ,  վերակենդանացնել անցեալի յիշատակներն ու անպայմանօրէ՛ն արժեւորել կեանքիդ հետ առնչութիւն ունեցող մէն մի դրուագ, որոնք յաւելեալ լոյս պիտի սփռեն տարբեր մտածումներուդ եւ մօտեցումներուդ վրայ:

Վերջին շրջանին, կեանքի պարտադրանքին բերումով` թէեւ հազուադէպ էին մեր հանդիպումները, այնուամենայնիւ կարօտով եւ խանդաղատանքով յագեցած պահեր կ՛ըլլային անոնք, որովհետեւ սոսկ որպիսութիւն հարցնելու չէին ծառայեր առհասարակ, այլ հիմնականօրէն կ՛ըլլային  խորհուրդներ փոխանակելու եւ իրարու ըսելիք ունենալու տրամադրութեամբ առլցուն պահեր:

Յայտնապէս, տուեալ պահերուն ընթացիկ, առօրեայ մեր կեանքին մասին քանի մը տրտունջք փոխանակելէ ետք, խօսակցութեան առանցքը կը հանդիսանար գաղութահայ կեանքի դիմագրաւած դժուարութիւնները, ազգային կեանքի ու կուսակցական միջավայրի մէջ առկայ մարտահրաւէրները, այլապէս անմիջական շրջապատին մէջ յամեցող  խորթութիւններն ու անըմբռնելի խաղքութիւնները:

Կը պատահէր նաեւ, որ, բազմաթիւ հարցերու գծով ըլլայինք տարակարծիք, տեսակէտներու մէջ հակոտնեայ, սակայն ամէն պարագայի զիրար չվիրաւորելու հակամէտ, որովհետեւ մեր յարաբերութեան կիզակէտը ընկերականութիւնն էր, ազնիւ ու անկաշառ մօտեցումն ու տրամադրուածութիւնը:

Եւ նման պատեհութիւններու ընթացքին, սիրելի՛ ընկեր, հակառակ անոր որ շատ անգամ մեր քննադատութիւնը կ՛ըլլար սուր, ցաւցնող եւ միանգամայն շեշտակի, դուն այդ բոլորը կ՛ընդուէիր առանց վերապահութեան, հոգեկան բարձրութեամբ եւ ընկերական ոգիով, որովհետեւ քաջ գիտէիր անոնց կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը` ստանձնած գործերուդ եւ պարտաւորութիւններուդ յաջողութեան իբրեւ գրաւական:

Իրօք, յափշտակութեամբ կ՛ունկնդրէիր ամէն խորհուրդ կամ տեսակէտ, որ կ՛արտաբերուէր երէց ընկերոջ կողմէ: Ունէիր յարգանքի եւ երախտիքի իւրայատուկ վերաբերում բոլոր անոնց հանդէպ, որոնց մէջ կը տեսնէիր մարդկայնական գիծեր ու գաղափարական հասունութիւն:

Ունակ էիր վիճելու, դիմացինդ տարհամոզեզու, տեսակէտդ առանց վարանումի յայտնելու եւ այս բոլորը` յանուն ազգային թէ կազմակերպական կեանքի յաւելեալ աշխուժացման եւ արդիւնաւէտութեան: Այլապէս ալ, բարի դէմքիդ վրայ անմիջապէս կ՛ուրուագծուէր դժգոհութիւնդ եւ ցասումդ բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք անտեղի ու անվայել ձեւով կ՛ուզէին նեղացնել քեզ եւ ճամարտակութեամբ վերաբերիլ հետդ:

Հարազա՛տ ընկեր,

Պատանեկութեանդ ստացած դաշնակցական ակումբի եւ միջավայրի դաստիարակութիւնդ իր արտայայտութիւնը գտաւ  երիտասարդական տարիքիդ, երբ Լիբանանի եղբայրասպան   պատերազմի ընթացքին եւս քու համեստ, բայց տիրական մասնակցութիւնդ բերիր ընկերներուդ կողքին, Արագած շրջանի բնակչութեան բարօրութեան ու անվտանգութեան համար:

Իսկ այդ տարիներուն վաստկած փորձառութիւնդ մղիչ ուժ հանդիսացան հետագայ գործունէութեանդ, երբ եղար շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան պատանեկանի վարիչ եւ ձեռնհասօրէն կատարեցիր պարտականութիւնդ: Աւելի ուշ, ՀՅԴ ԼԵՄ¬ի «Արաբօ» մասնաճիւղին աշխատանքներուն եւ գործունէութեան ծիրին մէջ արդէն ունէիր որոշակի ներկայութիւն:

Մէկ խօսքով, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հասակ նետած իրերայաջորդ սերունդներու մէկ անդամն էիր, որ ունեցաւ կեանքի ելեւէջներ, տառապանքի եւ ուրախութեան պահեր, որոնք քեզ աւելիով ամրացուցին եւ պահեցին հարազատօրէն, մինչեւ որ եկաւ այն օրը, որուն ընթացքին տէր կանգնեցար երդումիդ եւ Արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ ունեցար քու ներդրումդ` հայրենի այս հողին շաղախելով քրտինքդ, գիտակցութիւնդ, ապրումներդ ու մանաւանդ հաւատամքդ, որ օրինակելի դարձաւ շա˜տ շատերու:

Կը յիշե՞ս, սիրելի՛ ընկեր,որ խնդրանքներու ընդառաջելով նամակներ եւ լուսանկարներ կ՛ուղարկէիր Արցախէն, ուր կատարած քու մարտական ծառայութեանդ ընդմէջէն կը փոխանցէիր արի եւ սրտոտ ֆետայիներու սխրանք, բարբարոս ազերիներու դէմ աննահանջ կռուելու ֆիտայական պատրաստակամութիւն, այլապէս ալ անդրադառնալով զինակից ընկերներուդ կողմէ ցուցաբերուած յարգանքին ու երախտագիտութեան` քեզի ու այն բոլոր հայորդիներուն նկատմամբ, որոնք հեռաւոր սփիւռքէն գացած էին հայրենիք` իրենց քրտինքն ու արիւնը շաղախելու հայրենի հողին:

Այո՛, շատ անգամ գրած նամակներուդ մէջ կը տողանցէին մտահոգութիւններդ, վճիտ ապրումներդ ու զգացումներդ, որոնք թէեւ իրենց մէջ կը պարփակէին նաեւ հիասթափութիւններ, վախեր ու տրտունջքներ, այդուհանդերձ, այս վերիվայրումները երբեւէ չկրցան տկարացնել քու հոգեկան աշխարհդ եւ որոշումի կամքդ, մինչեւ որ յաղթանակի օրով մը դուն ալ քու կարգիդ մասնակցեցար Շուշիի ազատագրութեան մղուած կռիւներուն եւ ապրեցար այն եզակի պահը, որ միայն քեզի նման տղոց վայել է:

Աւելի ուշ, Լիբանան վերադարձէդ ետք եւ տարիներու թաւալքին հետ ստանձնեցիր կուսակցական պարտաւորութիւններ, որոնք յաւելեալ զգաստութեան մղեցին քեզ` ըլլալու յանձնառու, երբ գործունէութեան ծիրը կոմիտէի մակարդակի էր, երբ մարտահրաւէրը շրջանի հայութեան կարիքներուն հասնիլն ու հայ բնակիչներուն անդորրութիւնը ապահովելն էր:

Ընտանեկան կեանքի բոյն մը ունենալու ազնիւ մտածումիդ մէջ եղար նաեւ գուրգուրոտ` հայր եւ ամուսին: Յաւերժացնելու համար նահատակ ընկերոջդ` Վիգէն Զաքարեանի անունը, մանչդ  անուանակոչեցիր անոր անունով եւ հպարտօրէն կնքեցիր զայն, իբրեւ քու կողմէդ դաշնակցականի հաւատամք` հանդէպ նահատակին:

Ընդգծեցինք, որ մեր հանդիպումները հազուադէպ էին. իւրաքանչիւր «բարե՛ւ, ընկեր Սարգիս» արտայայտութեան կը փոխանակէիր շէնշող ժպիտով մը` արտացոլացնելով յարգանքդ ու ազնիւ վերաբերումդ, որոնցմով յատկանշուեցար եւ սիրուեցար բոլորէն:

Սիրելի՛ ընկեր, կը յիշե՞ս, երբ անբիծ ընկերականութեանդ իբրեւ արտայայտութիւն յանձն առած էիր կազմակերպել երկու հաւատարիմ ընկերներու հանդիպումը աւելի քան քսան տարիներու հեռաւորութեամբ, երբ առանց վարանելու կապ ստեղծած էիր եւ նախաձեռնած այդ ազնիւ քայլին, որուն համար մեր կարգին առ յաւէտ երախտապարտ ենք քեզի:

Արկածահար ընկեր, երբ հիւանդանոցին մէջ բարի դէմքիդ ու խոնջած մարմնիդ դիմաց բոլորով մէկ կանգնած էինք, մտածում մը պատեց հոգիս` ի տես անյոյս վիճակիդ եւ դժուար կացութեանդ, թէ եզակի մտերմութեանդ, հայրենիք երթալու քաջ որոշում տալու կարողութեանդ առընթեր, դուն եղար այն դաշնակցական երիտասարդը, որ ինքն իր ճակատագիրը տնօրինելու եւ դէպի մահուան գիրկը երթալու վճռակամութեան մէջ դարձեալ հանդիսացար օրինակելի, հակառակ տարբեր տիպի հոգեկան ու ներաշխարհային վիճակներուդ:

Իրօք, բարի՛ ընկեր, արկածահար մահուամբ իսկ ցոյց տուիր նաեւ կեանքի դառնագոյն խաղերէն ամէնէն ուժգինն ու անակնկալը եւ պատգամեցիր մահկանացումներուս ըլլալ աւելի խոհական, իրապաշտ ու նուիրական, ընկերական ու յարգալիր մեր սովորական կեանքին ընդառաջ:

Ազնուութեամբ յատկանշուող քառասնամեայ կեանքիդ ընդհատումը, ըստ երեւոյթին, նախախնամութեան կողմէ տրուած անգիտակից ազդանշան մըն էր, որ քու ողջուցը ըլլաս կենսուրախ եւ քէֆը սիրող այն երիտասարդը, որ սեղանակից կը դառնար բոլորին եւ հարազատօրէն կը բաշխէր իր եռանդն ու զուարթախոհ ներաշխարհը:

Միայն բացակայութեանդ իմացայ, դարձեալ քեզի հարազատ ընկերոջմէդ` տուտուկահար Վիգէնէն, որ իր Հայաստան այցելութեան ընթացքին իրմէ խնդրած էիր բերել այնքան քեզ ուրախացնող եւ հաճոյք պատճառող Արցախեան աշխարհի «Գանձասար»-ի քոնեակը, որպէսզի կրկին ու կրկին ապրիս ու ապրեցնես հերոսական կեանքի մը յիշատակները:

Սակայն, ընկերոջդ իսկ վկայութեամբ, բազում պրպտումներէ եւ թափառումներէ ետք, շիշ մը կարելի կ՛ըլլայ ապահովել եւ ատով յաղթական վերադառնալ Լիբանան:

Դարձեալ նախախնամութեան մը միջամտութեամբ շիշը դիպուածաբար կը կոտրի, եւ դուն կը զրկուիս անոր բոյրին ու համին ճաշակումէն, դառնութեամբ յագեցած պահեր պատճառելով թէ՛ բերողին եւ թէ՛ քեզի:

Կը խոստանանք, սիրելի՛ ընկեր, որ տարեդարձիդ յիշատակման օրը, երթալ ու շիրիմիդ շուրջ հաւաքուած Արցախի քոնեակ խմել, յարգելու համար քու եւ քեզի նման տղոց անթառամ յիշատակը:

Վարձքդ կատար ընկե՛ր Սագօ:
Յարգա՛նք յիշատակիդ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES