Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` 8-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտ համալիրին մէջ, ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 7-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Օլ Սփորթցը:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անիկա այժմ ունեցաւ 6 կէտ (2 յաղթանակ եւ 5 պարտութիւն) եւ բարձրացաւ նախավերջին դիրք` իր տեղը զիջելով Օլ Սփորթցի, որ ցարդ միակն ըլլալով ոչ մէկ կէտ կրցած է ապահովել:

8-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Էյ. Եու. Սի. Ի. – Ներքին Ապահ. ուժեր 5 Էմիլ Լահուտ
Հալուսիէ – Էյ. Եու. Էս. Թի. 7 Նեպիհ Պըրրի համալիր
Թրիփոլի Ֆիհաա – Սատաքա 7 Էմիլ Լահուտ
Հատաֆ – Սեն Ժոզեֆ 9  Էմիլ Լահուտ
Share this Article
CATEGORIES