Ժողովուրդին Տղան (Սագօ Յարութիւնեանի Յիշատակին)
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Դաշնակցական մարդը մահէն չի վախնար: Մահուան գաղափարին հետ շատոնց հաշտուած է, որովհետեւ ան երդուած է իր գիտակից կեանքը նուիրաբերել հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին:
Մահը, պատերազմի դաշտին թէ պարտականութեան ճամբուն վրայ, նահատակութեան փառապսակին կ’արժանացնէ դաշնակցականը եւ իբրեւ օրինակ կը ծառայէ յետնորդ սերունդներուն:
Այսպէս դաստիարակուած են իրերայաջորդ սերունդներ: Այսպէս դաստիարակուած էր նաեւ քառասուն օրեր առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուած Սագօ Յարութիւնեանը, որուն բարեկամութիւնը, մտերմութիւնը եւ դաշնակցականութիւնը վայելելու առիթը ունեցած են շա՜տ շատեր:
Դաշնակցականին համար խորթ է մահուան երկրորդ տեսակը, այն, որ մարդը դարանակալ կը հարուածէ խաղա՛ղ օրերուն, կանուխ, շա՜տ կանուխ, երբ ան տակաւին շատ տալիք ունի իր ընտանիքին, ժողովուրդին ու հայրենիքին:
Դժուար է հաշտուիլ մահուան այս տեսակին հետ, ու մենք տակաւին չենք հաշտուած Սագոյին մահուան այս տեսակին հետ:
Ինչո՞ւ ինք, ինչո՞ւ հիմա, ինչո՞ւ այս ձեւով…
Հազիւ 41 գարուններ բոլորած ընկեր Սագօն, «Սագօ Փարատայզ»-ը, համակ եռանդ ու կորով էր, կեանքով ու ծրագիրներով լեցուն: Անգութ մահը քառասուն օրեր առաջ զայն խլեց մեզմէ, սակայն չյաջողեցաւ յիշատակն ալ տանիլ իրեն հետ: Սագօն ճանչցողները պիտի ապրին իրենց սիրելի ընկերոջ յիշատակներով ու ապրումներով, որովհետեւ ան կուսակցական յարգելի վաստակով մը հեռացաւ այս աշխարհէն, երթալ միանալու համար իր սիրելի ընկերոջ` Վիգէն Զաքարեանին, որուն հետ «դաժան կռւում» նահատակուելու առիթը զլացուեցաւ իրեն 20 տարի առաջ:
Ընկեր Սագօն հեռացաւ բոլորովին անսպասելի ու չարաբախտ պայմաններու մէջ: Ի՛նք, որ երազած էր նահատակուիլ հայ ժողովուրդի բագինին, ի՛նք որ նետուած էր պայքարի ամէնէն ահեղ կրակներուն մէջ, Լիբանանի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւներու օրերուն թէ արցախեան ազատամարտի ժամանակ, քառասուն օրեր առաջ անժամանակ մեկնեցաւ` ցաւալի արկածի մը զոհը երթալով:
Ո՞վ չէր ճանչնար ընկեր Սագոն: Համեստ ու խոնարհ այս դաշնակցականը, որ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի շարքերէն մինչեւ «Դրօ» կոմիտէութեան ամէնէն պատասխանատու դիրքին հասնիլը` երկարամեայ ծառայութեան եւ անձնազոհութեան օրինակներ տուած էր Արագածի հայութեան:
Ո՞վ չէր գիտեր «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան վարիչ ու ապա` երկար տարիներ պատանեկանի եւ ԼԵՄ-ի տարեկան բանակումներու ընդհանուր խմբապետ ու հերթապահ ընկեր Սագոն, որուն խստապահանջութեան, կարգապահութեան ու գաղտնապահութեան նկարագրային գիծերը անջնջելի կը մնան շատերու յիշողութենէն:
Որո՞ւ ծանօթ չէր Արագածի ծնունդ այս մարտունակ տղան, կտրիճ ու կրակոտ երիտասարդը, որ ամէնէն տագնապալի պահերուն իսկ գիտէր ցուցաբերել դաշնակցականի խիզախութիւն եւ պողպատեայ կամք: Վկա՛յ «անկեղծ զինուոր»-ի իր անցեալը, վկայ Շուշիի ազատագրման իր բերած մասնակցութիւնը:
Անծանօթը, հաւանաբար, Սագոյին բ»փխրուն սիրտն էր` հանդէպ պատանիներուն եւ փոքրերուն: Քիչեր գիտեն, թէ ան անձնապէս որքան օժանդակած է շրջանի կարիքաւոր պատանիներուն, որպէսզի անոնք կարենան բանակումի մը երթալ, պտոյտի մը մասնակցիլ, խրախճանք մը կատարել: Ու շատ աւելի քիչեր գիտեն, թէ ան իրեն բաժին ինկած հացէն որքա՜ն օժանդակած է կարիքաւոր սաներու, որպէսզի դպրոցէն եւ ուսումէն չզրկուին անոնք:
Ընկեր Սագօ տիպար հայր էր, գուրգուրոտ ընկեր իր զաւակներուն` Վիգէնին եւ Վանային, որոնք այսօր անմխիթար կը սգան իրենց հօր կանխահաս կորուստը, բայց կրնան հպարտ ըլլալ, որ Սագոյին նման հայր մը ունեցած են:
Ընկեր Սագօ հայր ու եղբայր էր շրջանի բոլոր տղոց: Ժողովուրդը վստահութեամբ կը նայէր իրեն: Ժողովուրդին տղան էր ան, սիրուած ու յարգուած համեստ խաւերէն: Ու զարմանալի չէ, որ ժողովրդային մեծաշուք թաղումի արժանացաւ ան: Տարիներէ ի վեր Պուրճ Համուտը նման թաղում չէր տեսած: Հոծ թիւով ժողովուրդ անոր դագաղին հետ վերջին անգամ ըլլալով շրջեցաւ Պուրճ Համուտի թաղերը: Այցելեց ՀՅԴ Արագած եւ Ազիրեան ակումբները, կանգ առաւ ԼԵՄ-ի կեդրոնին առջեւ, վերջին բարեւ մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Վարդանանց եկեղեցի հասաւ յուղարկաւորներու խուռներամ շարքերով: Հայահոծ մեր թաղերու ժողովուրդը այդ օր ամէնուրեք յարգանքի իր սրտաբուխ տուրքը ընծայեց իր հարազատ զաւկին ու դաշնակցական հաւատաւոր մարտիկին, որուն անունը պիտի յիշուի դեռ երկար:
Սիրելի՛ ընկեր Սագօ,
Կեանքդ ամբողջ կռիւ մը եղաւ անիրաւ ու դաժան պայմաններու դէմ:
Կռիւ` հայահոծ մեր թաղերու անդորրութեան եւ հայեցի դիմագիծին ի խնդիր:
Կռիւ` հայութեան եւ Հայաստանի շահերուն պաշտպանութեան ի խնդիր:
Կռիւ` դաշնակցական արժէքներու եւ ըմբռնումներու անաղարտ պահպանման ի խնդիր:
Տարաբախտ մեր ընկեր,
Գնա՜ դէպի դաշնակցականներու պանթէոն, գտիր երէց ընկերներդ, քեզի սիրելի Եղիկը` Գայայեան, որուն շիրիմը նորոգեցիր կոմիտէութեանդ օրերուն,
Պետիկը` Չիֆճեան, որուն շունչին տակ հասակ առիր դուն:
«Պալըխ»-ը` Րաֆֆի Պալըքճեան, որուն հետ գործակցեցար մտերմաբար:
Հենց»-ը` Գրիգոր Արիստակէսեան, որուն պաշտօնակիցը եղար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մէջ:
Ու տակաւին, գտիր ընկերներէդ Վիգէնը` Զաքարեան, Պերճը` Պաստաճեան: Նստէք ժողովի եւ խրախուսեցէք մեզ, որպէսզի անվհատ շարունակենք Դաշնակցութեան Յարատեւ Կռիւը, հայութեան «Նո՛ր արեւ, նո՛ր կեանք» պարգեւելու մեր պայքարը:

