Կիրակնօրեայ Խօսքը. Հրեշտակներուն Մասին Է Սիւնակս…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, շաբաթ օր կատարեցինք տօնը «Սրբոց հրեշտակապետացն` Գաբրիէլի, Միքայէլի, Ռաֆայէլի, Սերովբէի, Քերովբէի եւ ամենայն երկնային զօրացն»:

Նախ` տօնական առիթը կ՛ընծայէ անդրադառնալու մեր կրօնին ճշմարտութիւններէն այս մէկուն, որովհետեւ ստէպ կը լսեմ.«Հրեշտակները գոյութիւն ունի՞ն…»: Երկրորդ` այժմէական է նիւթը, քանի կապ ունի այն մեր առօրեային հետ, որ մեզ արժանի կը դարձնէ յաերժութեան:

Այո՛, հրեշտակները գոյութիւն ունին ոչ միայն երկնքին մէջ, այլ ներկայ են նաեւ` երկրին վրայ, ոչ միայն արքայութեան, այլ նաեւ` աշխարհին մէջ: Ոչ միայն Աստուծոյ հետ ու Աստուծոյ համար, այլ նաեւ` մարդուն հետ եւ մարդուն համար:

Ա՛յս է ուսուցումը Աստուածաշունչին: Ա՛յս է վարդապետութիւնը Ս. Եկեղեցիին: Ա՛յս է պատգամը հրեշտակներուն տօնին կարդացուած աւետարանին (Մտթ. 18,10-14): Ա՛յս է հաւատքը հայ սուրբերուն եւ մեր հայրապետներուն:

«Ի՞նչ են հրեշտակները…»: Հրեշտակները զուտ հոգիներ են, երկնային էակներ: Անմարմին են, բայց այս չի նշանակեր, թէ ոչինչ են: Նաեւ հոգիները իրականութիւններ են` ստեղծուած Աստուծմէ:

Հրեշտակները օժտուած են հոյակապօրէն զարգացած բանականութեամբ ու զօրաւոր կամքով: Ունին զօրութիւն եւ իշխանութիւն: Անոնց յատկանիշներն են` գեղեցկութիւնն ու արագութիւնը:

Արարիչը ճոխացուց հրեշտակները իր փառաւորութեան ու հզօրութեան մէկ մասնիկով: Հրեշտակները կապուած են ո՛չ վայրի եւ ո՛չ ժամանակի: Երկվայրկեանին հոս են, հոն են:

«Ի՞նչ է իմաստը հրեշտակներուն գոյութեան…»: Հրեշտակներուն գոյութեան միակ իմաստն է անդադրում պաշտամունքը զիրենք Ստեղծողին: Իրենց կեանքը կը լեցնեն այն մշտական արարքով, որ անոնք կը պաշտեն, կը փառաբանեն ու կը սիրեն իրենց Տէր Աստուածը:

Այսպէս, հրեշտակները կ՛օրհներգեն Աստուած իրենց գոյութեամբ եւ գործով, այո՛, իրենց համակ էութեամբ, իրենց հրաշակերտ գեղով, զօրութեամբ եւ արագութեամբ:

«Ի՞նչ է նպատակը հրեշտակներուն գործունէութեան…»:

Աստուած կ՛օգտագործէ հրեշտակները նաեւ ծառայութեան համար, իր արարչութեան մէջ: Ժամանակին ընթացքով եւ աշխարհին մէջ Աստուած անձամբ ամէն բան չի կատարեր: Մեր Աստուածը նաեւ երկրորդական կամ ներկայացուցչական պատճառներուն Աստուածն է,  որ իր փառքին ու գործին կը ծառայեցնէ` Մարիամ Տիրամայրը, սուրբերը, երկնայինները, քաւարանի հոգիները, մարդերն ու նաեւ հրեշտակները, որպէսզի հասնի իր նպատակին:

Օրինակներն ու դէպքերը բազմատեսակ են: Ռաֆայէլ հրեշտակապետն առաքեց Տուբիային` ընկերակցելու եւ օգնելու ուղեւորութեան ընթացքին: Գաբրիէլ հրեշտակապետը ղրկեց Նազարէթի Մարիամ Կոյսին` Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութիւնն աւետելու համար:

Ս. Գիրքէն գիտենք, թէ հրեշտակները կը ստանան Աստուծմէ պատուէրներ, զորս անյապաղ կը գործադրեն: Հրեշտակը կը տեսնուի եւ կը խօսի ծիսակատար Զաքարիա քահանային` Յովհաննէս Մկրտիչին հօր (Ղկ. 1,5-25), եւ Ս. Յովսէփին` Յիսուսի խնամակալ պաշտպանին (Մտթ. 1,18-24): Պատգամաբերին անսալով` երկուքը գիտցան իրենց ընելիքը:

« Ի՞նչ է պահապան հրեշտակը…»:

Հրեշտակները կը ներազդեն մարդերուն վրայ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն ունի իր անձնական հրեշտակը` տրուած Արարիչէն: Անոր անունն է` «պահապան հրեշտակ»: Պաշտպանդ է: Պահակդ է: Ընկերակիցդ է: Խորհրդատուդ է: Մտերիմդ է:

Իբրեւ այդպիսին` պահապան հրեշտակն ունի մէկ նպատակ, եւ այն` յաւիտենական փրկութեան առաջնորդել իր պաշտպանեալը` զիս, քեզ եւ զինք: Ամէն ինչ, որ կը ծառայէ այս նպատակին, պահապան հրեշտակը կը կատարէ:

Պահապան հրեշտակները մեզի կը թելադրեն բարի խորհուրդները: Կը զօրացնեն մեր կամքը: Կ՛աղօթեն եւ կը բարեխօսեն մեզի համար: Մեր աղօթքը կը ներկայացնեն Աստուծոյ: Մեզ կը պահեն հոգեկան ու մարմնական վտանգներէն, երբ այս միջամտութիւնը օգտակար է մեր յաւիտենական փրկութեան:

«Ի՞նչ պարտական ենք հրեշտակներուն…»: Յարգանքն ու բարեկամութիւնը` նոյնիսկ գիտնալով, որ հրեշտակները պէտք չունին մեր ակնածանքին եւ ո՛չ մեր մտերմութեան… Եւ սակայն, եթէ երախտապարտ անձեր ենք, մեծարելու եւ սիրելու ենք մեր պահապան հրեշտակները, որոնք այնքան տեսանելի եւ անտեսանելի բարիքներ կ՛ընեն մեզի:

Յիսուսէն ու Մարիամէն ետք, մեր լաւագոյն խօսակիցները եւ խորհրդականներն են մեր պահապան հրեշտակները: Լսե՛նք զանոնք եւ անսա՛նք անոնց, եթէ կ՛ուզենք ապրիլ աստուածահաճոյ, եղբայրասէր եւ ուրախ կեանք մը, քանի երբեք մեզ յուսախաբ չեն ըներ:

Մենք դժբախտաբար ա՛լ մոռցած ենք պահապան հրեշտակներուն գոյութիւնն ու օգտակարութիւնը: Ա՛լ չենք գիտակցիր անոնց օգնահաս եւ կենսատու անհրաժեշտութեան մեր առօրեային մէջ, ուստի, ա՛լ կ՛անտեսենք Յիսուսի այս խօսքը, թէ մեր «հրեշտակները երկնքին մէջ միշտ կը տեսնեն իմ Երկնաւոր Հօրս դէմքը» (Մտթ. 18,10):

Ուշադրութի՛ւն: Մեր պահապան հրեշտակներէն մեր հեռաւորութիւնը կը զրկէ մեզ Աստուծոյ տեսութենէն անոնց` մեր աստենական կեանքին համար փոխանցելիք շնորհքը, ժպիտը, բարութիւնը, անդորրութիւնն ու սէրը, ինչպէս նաեւ կը վտանգէ անոնց աշխատանքը` մեզ առաջնորդելու անդենական կեանքին, եւ այն` Յիսուսի, Մարիամի եւ երկնայիններու հետ յաւերժական համակեցութեամբ…:

 

Այնճար, 11 նոյեմբեր 2012                             

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )