Ակնարկ. Ազրպէյճանի Թիւ Մէկ Թշնամիին Յառաջխաղացքը
Նախագահ Ալիեւի նորագոյն յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով քաղաքական անհեթեթութեան հերթական նմուշ կարելի է համարել: Սակայն պէտք է փորձել յայտարարութեան շարժառիթը տեսնել` հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան գործընթացի ժամանակի ներկայ տարածքին եւ այնտեղ կատարուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Նախ ամփոփենք յայտարարութեան բովանդակութեան հիմնական կէտերը:
Նախագահ Ալիեւի համար Ազրպէյճանի թիւ մէկ թշնամին հայկական լոպին է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ըստ ազրպէյճանցի ղեկավարին, արուեստական պետութիւն մըն է` հիմնուած հնադարեան ազրպէյճանական տարածքներու վրայ:
Ալիեւ շարունակած է քաղաքական «գիւտարարութիւն»-ը եւ այս անգամ հայկական լոպիին կողմէ դիտելով հարցը յայտարարած, որ Ազրպէյճանի համար հայկական լոպին թիւ մէկ թշնամին է` բացատրելու համար, թէ ինչո՞ւ Պաքուն թշնամի կը նկատէ հայկական լոպին: Թշնամանքը թշնամանքի արդիւնք է «խաղաղասէր» Պաքուին համար:
Ապա, Ալիեւ անցած է դասակարգելու համար իր երկրի թիւ երկու թշնամին, որ իսլամոֆոպիան է, որով կլանուած են տարբեր պետութիւններ: Այստեղ իսլամոֆոպիայի զարգացումի ալիեւեան բացատրութիւնը այնքան էական չէ, որքան երեւոյթի նշումը իբրեւ երկրորդ թշնամի: Բայց այդ մասին քիչ ետք:
Շատ արագ, ալիեւեան այս յայտարարութիւնը կը յուշէ համահնչեղութիւն մը Անգարայի տարբեր վարիչներուն կողմէ կրկնուող յանկերգին հետ` Թուրքիան պատրաստ է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելու, սակայն սփիւռքն է (իմա՛ հայկական լոպին) խանգարողը.կամ` ծայրայեղական սփիւռքի եւ չափաւորական Հայաստանի անտեղի բնութագրումներն ու որակաւորումները` ներհայկական ճեղքեր յառաջացնելու անարդիւնք քաղաքականութեան կիրարկումի փորձերով:
Այս պարագային, սակայն, աշխատած է այլ տրամաբանութիւն մը: Չմոռնանք, որ քաղաքական ի՛նչ տեսակի կարեւորութիւն ներկայացնող երեւոյթի եւ ժամանակի հանգամանքները ստիպած են Ալիեւը կատարելու նման յայտարարութիւն:
Խնդիրը շատ բնական կարգով կը կապուի պաշտօնական Մոնթեվիտէոյի առած քայլերուն: Պաքուի ղեկավարն ու իր խորհրդականները շատ լաւ գիտցած են, որ Ուրուկուէյը զուտ յայտարարողական հարթութենէն դուրս եկած է եւ իրօք քայլ առ քայլ կը պատրաստուի Արցախի իրաւական ճանաչումի առնչութեամբ պաշտօնական դիրք ճշդելու: Պաքուի բողոքի գիրերը եւս որեւէ ազդեցութիւն չեն գործած Մոնթեվիտէոյի վրայ, որ միեւնոյն հետեւողականութիւնն ու յայտարարուած յանձնառութիւնը ցոյց կու տայ Արցախի թղթածրարին նկատմամբ: Թէկուզ նուազ ազդեցիկութեամբ, այսուհանդերձ տագնապի մատնող քայլ էր նաեւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգին ճանաչումը Արցախի Հանրապետութեան, որ շփոթահար վիճակի մէջ յայտնուիլ տուաւ Ալիեւի վարչակարգը:
Ուրուկուէյի արեւելեան հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու տան նախագահին այցելութիւնը Ստեփանակերտ ինքնին Պաքուն անճրկութեան մատնող քայլ է: Ճիշդ է, որ երկար ճամբայ կ՛ենթադրէ տակաւին, այսուհանդերձ առաջին քայլը առնուած է եւ դէպի իրաւական ճանաչումը քայլ առ քայլ կտրելիք ուղի է:
Հիմա, պէտք է զօրաշարժի ենթարկել ուրեմն ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը` թիրախ ընտրելով հայկական լոպին: Ալիեւի վարչախումբը նկատած է, որ ինչպէս Աւստրալիոյ եւ ամերիկեան որոշ նահանգներու, այնպէս ալ Ուրուկուէյի պարագային տեղւոյն շարժիչ գործօնները` Հայ դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են: Ուրեմն պէտք է թիւ մէկ թշնամի նախ յայտարարել ու ճանչնալ հայկական լոպին, մշուշապատել թշնամանքի բուն պատճառը` յայտարարելով, որ իրենց թշնամանքը` հայկական լոպիի կողմէ դաւանած թշնամանքի արդիւնք է պարզապէս եւ ապա յայտարարուած թիւ մէկ թշնամիին դէմ հաւաքագրել եւ զօրաշարժի ենթարկել անոնք, որոնք իսլամոֆոպիայի զոհ են: Կրօնական հանգամանքի այս իբրեւ թէ հեզասահ անցումը կատարելով` Ալիեւ կը խաղայ հայկական լոպիին դէմ իսլամական աշխարհը զինուորագրելու նպատակով հին մարտավարութեամբ նոր խաղը:
Ուրուկուէյի առած քայլերը հունէն հանած են նախագահ Ալիեւը: Այս կը նշանակէ, որ դիւանագիտական պատերազմ յայտարարող Ալիեւին համար հետզհետէ, քայլ առ քայլ տեսանելի դառնալու ընթացքին մէջ է Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գործընթացը: Իսկ այս մէկը կը փաստէ արդէն Պաքուի վրայ արձանագրած յառաջխաղացքը հայկական լոպիին: Կամ` Ազրպէյճանի թիւ մէկ թշնամիին:
«Ա.»

