«Մեր Թշնամին Հայկական Լոպին Է» Կ՛ըսէ Ալիեւ
Ազրպէյճանական news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ 16 նոյեմբերին Պութա պալատին մէջ Ազրպէյճանի իշխող Նոր Ազրպէյճան կուսակցութեան հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ «ես շարունակ ըսած եմ եւ կ՛ուզեմ հրապարակաւ կրկնել, որ մեր թշնամին հայկական լոպին է, որովհետեւ Հայաստան, իբրեւ երկիր, կարեւորութենէ զուրկ է: Իրողութեան մէջ, գաղութ մըն է, յառաջապահ դիրք մը, հողամաս մը, որ հնադարեան ազրպէյճանական հողերու վրայ արհեստական կերպով ստեղծուած է, արտասահմանէն կը կառավարուի:
«Հայկական լոպին մեր գլխաւոր թշնամին է, եւ մենք` անոնց գլխաւոր թշնամին: Իրողապէս, իրենց նկատմամբ մեր թշնամութեան աղբիւրը մեզի նկատմամբ իրենց թշնամութիւնն է», ըսած է Ալիեւ:
Ան նաեւ նշած է, որ Ազրպէյճանի երկրորդ թշնամին Իսլամոֆոպիան է:

