ՀՅԴ-ն Եւ Հայ Ազգային Քոնկրեսը Մեծ Մասամբ Համաձայնութեան Եկած Են

Արմէն Ռուստամեան

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն-Հայ ազգային քոնկրես ներկայացուցիչներու հանդիպումը, որ տեւեց մօտ երկու ժամ: Քննարկման մասնակցեցան ՀՅ Դաշնակցութենէն` Արմէն Ռուստամեան եւ Աղուան Վարդանեան, իսկ քոնկրեսէն` Լեւոն Զուրաբեան եւ Արամ Մանուկեան:

Ըստ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին, բաւական խորքային քննարկում տեղի ունեցաւ: Ներկայացուեցան ՀՅԴ առաջարկի 7 կէտերը: Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ որոշ կէտերու շուրջ կողմերու մօտեցումները տարբեր եղած են, սակայն հիմնական, խորքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները նոյնն են:

Արմէն Ռուստամեան չբացառեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի հետ միասնական թեկնածուով նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլը: Լեւոն Զուրաբեան եւս չբացառեց ատիկա:

«Չեմ ուզեր յատուկ նշել այն կէտերը, որոնց շուրջ վիճարկելի հարցեր կային, որպէսզի առաւելագոյնը աւելի մեծ հաւանականութիւն ապահովենք համաձայնեցման հետագայ աւելի բարձր մակարդակ ունենալու համար, ինչ որ չի բացառուիր», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան: Ան ընդգծեց, որ այս հանդիպումը յոյս ներշնչող հանդիպում էր: Ռուստամեան նշեց, որ եթէ կարելի ըլլայ այս հարցերուն շուրջ մէկ յայտարարի գալ, ապա կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ միասնական թեկնածուի կարելիութեան կամ այդ թեկնածուի անձին շուրջ: Ան նշեց, որ հանդիպման ընթացքին թեկնածուի հարցը չէ քննարկուած:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը չպարզաբանեց, թէ ի՛նչ է քոնկրեսի մօտեցումը կառավարման խորհրդարանական համակարգին մասին: Ան ընդգծեց, որ հարցերուն մեծ մասին պարագային համաձայնութիւն կայ, կան հարցեր, որոնք քննարկելի եւ վիճարկելի են, իսկ թէ որո՛նք են այդ կէտերը` չնշեց, չձախողեցնելու համար հետագային աւելի բարձր մակարդակի վրայ գտնուող համաձայնութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES