Ուրուկուէյը Պատասխանեց Ազրպէյճանի Բողոքագիրին
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց երկրի Ներկայացուցիչներու տան նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան առիթով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յղած բողոքագիրին:
«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ ըսուած է, որ պաշտօնական Մոնթեվիտէոյի միջազգային գործունէութիւնը հիմնուած է պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի, ներքին գործերուն չմիջամտելու, ինչպէս նաեւ տագնապներու խաղաղ լուծման սկզբունքներուն վրայ:
«Ուրուկուէյը խոր եւ աւանդական կապեր ունի Հայաստանի եւ բարեկամական ու կառուցողական յարաբերութիւններ` Ազրպէյճանի հետ: Ուրուկուէյի կառավարութեան ցանկութիւնն է` ջանքեր գործադրել Ուրուկուէյին բարեկամ երկու պետութիւններուն միջեւ տարակարծութիւններու վերացման համար, երկխօսութեան, համաձայնութեան եւ խաղաղ այլ միջոցներով, որոնք կը պահպանեն երկու ժողովուրդներու համագործակցութիւնը եւ համակեցութիւնը: Ատիկա նաեւ պիտի յանգեցնէ ապագային ամբողջ շրջանի բարգաւաճման եւ բարեկեցութեան», կը յայտարարէ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` վստահեցնելով, որ տեղի ունեցած այցելութեան հիմքը այլ նպատակներ եւ մտադրութիւններ չեն եղած:

