Եւրոպայի Մէջ «Ֆոնեթոն 2012-»Ի Շնորհիւ Հաւաքուեցաւ 1 Միլիոն 400 Հազար Եւրօ

Ըստ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին, 15-18 նոյեմբերին տեղի ունեցած համաեւրոպական ֆոնեթոնը թոյլ տուաւ հանգանակելու 1 միլիոն 400 հազար եւրօ:

Ըստ նոյն աղբիւրին, ատիկա 8 առ հարիւրով աւելի է 2011 թուականին համեմատ:

Հանգանակուած գումարէն 1 220 000 եւրոն Ֆրանսայէն է, 96 հազարը` Գերմանիայէն, 25 հազարը` Զուիցերիայէն, 30 հազարը` Յունաստանէն, 8 հազարը` Պելճիքայէն, 46 հազարը` Հոլանտայէն:

Ըստ ֆոնեթոնի կազմակերպիչներուն, նուիրատուութիւնները կրնան շարունակուիլ մինչեւ 31 դեկտեմբեր:

«Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի նախագահ Պետրոս Թերզեան յատուկ ուղերձի մը մէջ երէկ իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն գծով, որ ո՛չ տնտեսական ճգնաժամը եւ ո՛չ ալ քաղաքական իրադրութեան հետ կապուած անորոշութիւնները խափանած են այն համերաշխութիւնը, որ կը դրսեւորուի տարիներէ ի վեր Հայաստանի եւ Ղարաբաղի բնակչութիւններուն, իսկ այս տարի նաեւ` Սուրիոյ եղբայրներուն եւ քոյրերուն նկատմամբ:

Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, 2012 թուականի եւրոպական ֆոնեթոնի արդիւնքին 10 առ հարիւրը պիտի յատկացուի սուրիահայերու օգնութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES