Ֆրանսա Սկսած Իր Պաշտօնական Այցելութեան Ծիրին Մէջ` Վարչապետ Միքաթի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Այրոյի Հետ

Միքաթի եւ Այրօ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ սկսաւ Ֆրանսա պաշտօնական այցելութեան մը, որուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակից Ժան Մարք Այրոյի հետ:

«Մաթինիոն» պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի ընդգծեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ֆրանսական զօրակցութեան Լիբանանի կարիքը` ամրապնդելու համար երկկողմանի քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կան երեք ազդակներ, որոնք կ՛օժանդակեն Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին: Անոնք են` հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը եւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ  լիբանանեան բանակը զինելու եւ զայն հզօրացնելու առումով Լիբանանի կառավարութեան մշակած ծրագիրին նեցուկ կանգնելու իմաստով Ֆրանսայի մասնակցութիւնը կարեւոր է:

Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի` Լիբանանի կառավարական պահակագունդը մարզելու եւ վերջինիս կարողութիւնները բարելաւելու իմաստով անոր տրամադրած օժանդակութիւններուն համար:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու` յարգելով ժողովրդավարական եւ իշխանափոխութեան սկզբունքները:

«Լիբանան կարիք ունի նաեւ ֆրանսացի տնտեսագէտներու, որոնք օժանդակեն Լիբանանի տնտեսական կացութեան վերաորակաւորում մը կատարելու, յատկապէս շրջանին մէջ տիրող պայմաններուն լոյսին տակ», ըսաւ Միքաթի` աւելցնելով, որ պէտք է բարելաւել լիբանանեան արտադրութիւններուն դէպի Ֆրանսա արտածումը:

Միքաթի շեշտեց նաեւ լիբանանեան դրամատնային մարզին բարելաւման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային բոլոր պարտաւորութիւնները յարգելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի դրամատնային մարզը վտանգներէ հեռու մնայ:

Վարչապետներ Միքաթիի եւ Այրոյի հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Պութրոս Ասաքեր եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի:

Հանդիպումին աւարտին ստորագրուեցան նաեւ համաձայնագիրներ, որոնց նպատակն է փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւել Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ: Այդ համաձայնագիրները կը վերաբերէին տեղեկատուութեան մարզին, Լիբանանի Ազգային գրադարանի վիճակի բարելաւման, ինչպէս նաեւ մշակութային մարզին:

Իր կարգին, Այրօ բարձր գնահատեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ի գործ դրած ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ զայն վտանգներէ փրկելու համար:

Այրօ վերահաստատեց Փարիզի զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ լիբանանեան սահմանադրական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Ֆրանսայի յանձնառութիւնը` հարաւային Լիբանանի խաղաղութեան պահպանումին մէջ, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան ընդմէջէն:

Այրօ միաժամանակ պահանջեց նաեւ երաշխաւորել ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ծառայող ֆրանսական զօրամասին անդամներուն անվտանգութիւնը եւ հաստատեց լիբանանեան բանակին հզօրացման նեցուկ կանգնելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան եւ ֆրանսական ապահովական հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի կէսօրէ ետք հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի հետ` ներկայութեամբ լիբանանեան պատուիրակութեան եւ դեսպաններ Ասաքերի եւ Փաուլիի:

Հանդիպումին ընթացքին Պարթոլոն ողջունեց վարչապետ Միքաթին, որուն գործունէութիւնը զուգադիպած է շրջանային ծանր պայմաններու, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին:

Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին, որ բարեկամ երկիր է եւ անդամ` Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան:

Պարթոլոն շեշտեց, որ Փարիզ մնայուն կերպով յանձնառու է Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, յատկապէս ընտրական օրէնքին եւ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնք մը մշակելու հեռանկարներուն:

Վարչապետ Միքաթի Ֆրանսա իր այցելութիւնը պիտի շարունակէ այսօր:

Share this Article
CATEGORIES