Նախագահ Սլէյման Ֆրայզըրի Հետ Քննակեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մնայուն տեղակալ Սայմըն Ֆրայզըրը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները` բոլոր մարզերուն եւ մակարդակներուն վրայ:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆրայզըր յայտնեց Լոնտոնի զօրակցութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան պահպանումին նկատմամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի ու սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը եւ ինչպէս նաեւ Լիբանանին մատուցուելիք օժանդակութեան կարեւորութիւնը:
Ֆրայզըր յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ եւ Կազայի զարգացումները` ընդգծելով բռնարարքներն ու վայրագութիւնը կասեցնելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Քրիսթինա Քոսթիալի, որ դրուատեց լիբանանեան տնտեսութեան իւրայատկութիւնը եւ պայքարելու անոր կարողութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Պէյրութի գրասենեակի նախագահ Էն Տինսմորի:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Նշենք, որ յառաջիկայ 6 դեկտեմբերին նախագահ Սլէյման պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Յունաստան` ընդառաջելով իր յոյն պաշտօնակիցին հրաւէրին:


