«Բանակը Պիտի Դիմակալէ Ներքին Որեւէ Բախում, Որ Ժողովրդավարութեան Սահմանները Կը Շրջանցէ» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակին առիթով բանակին ուղղեց օրուան հրահանգը, որուն շրջագիծին մէջ շեշտեց, որ բանակը 22 նոյեմբերի հաստատութիւնն է, որ պիտի պաշտպանէ այդ օրուան յատուկ բոլոր արժէքները:

Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ բանակը պիտի պաշտպանէ Լիբանանը` իբրեւ վախճանական հայրենիք, ինչպէս նաեւ պիտի պաշտպանէ ժողովրդավարութիւնը` պայքարելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը հարուածող բոլոր փորձերուն դէմ:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ բանակը պիտի պայքարի Լիբանանը բաժնել ցանկացող կամ երկրին մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումին ի խնդիր աշխատող բոլոր ձգտումներուն եւ քայլերուն դէմ:

«Մենք նեցուկ պիտի կանգնինք բոլոր անոնց, որոնք իրենց քաղաքական հարցերն ու տարակարծութիւնները սահմանադրական ձեւերով կը լուծեն, եւ պիտի դիմակալենք ներքին որեւէ բախում, որ ժողովրդավարութեան սահմանները կը շրջանցէ», ընդգծեց զօր. Քահուաժի:

Ան կոչ ուղղեց բանակին յանձնառու մնալու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը երաշխաւորող անշեղ սկզբունքներուն:

«Բանակը պիտի ջանայ գործադրել երկրին սահմանադրութիւնը` Լիբանանը պահելով բոլոր լիբանանցիներուն երկիրը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը պահելով ազատ, անկախ եւ գերիշխան պետութիւն մը», եզրափակեց զօր. Քահուաժի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES