Վ. Սապունճեան Ընդունեց Դեսպան Համտին

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Մոհամետ Համտին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն վերաբերող գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին Համտի նախարար Սապունճեանին յայտնեց, որ եգիպտացի գործարարներու պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Լիբանան` երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը խոչընդոտող արգելքները չէզոքացնելու նպատակով:

Հանդիպումէն ետք Համտի յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը առիթ կ՛ընծայէ նորանոր գործակցութեանց դռներ բանալու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ լիբանանեան եւ եգիպտական շուկաներուն մէջ կան այնպիսի արտադրութիւններ, որոնք կ՛ամբողջացնեն իրար:

Համտի շեշտեց, որ յաջորդ հանգրուանին ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ բարելաւելու երկկողմանի գործակցութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES