Միշել Մըր Ասիրիի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Զարգացումները
Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըր երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրին, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւններն ու շրջանային նորագոյն զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ Լիբանան շարք մը հարցերով եւ վտանգաւոր տագնապներով շրջապատուած է` աւելցնելով, որ պէտք է պահպանել լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Մըր ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին, «իսկ մենք այսօր կը դիմագրաւենք դժուար պայմաններ եւ կարիքը ունինք բոլոր կողմերուն զօրակցութեան», ըսաւ ան:
Մըր աւելցուց, որ կարելի չէ Լիբանանը պահել իր ներկայ իրավիճակին մէջ` նշելով միաժամանակ, որ անհրաժեշտ է այս տագնապալի կացութեան լուծում մը գտնել, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ Ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմել:
Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Միշել Մըր շեշտեց, որ պէտք չէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ուշացնել` նշելով, որ ինք համաձայն է որեւէ ընտրական օրէնքի:
Իր կարգին, Ասիրի յայտնեց, որ Մըրի մօտ շօշափած է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու նկատմամբ յանձնառութիւն, ինչպէս նաեւ երկրին ներքին ապահովական կայունութեան նկատմամբ նախանձախնդրութիւն:
Ասիրի նշեց, որ այդ կեցուածքները կարելի է համատեղել Ռիատի տեսակէտներուն հետ: Ան ըսաւ, որ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով կը զօրակցի լիբանանցի պատասխանատուներուն ու կը քաջալերէ զանոնք փոխըմբռնում կատարելու եւ երկրին ու պետական հաստատութիւններուն շահերը գերագոյնը նկատելու:
Սքաֆ Այցելեց Սէուտական Արաբիա
Միւս կողմէ, Զահլէի Ժողովրդային պլոքի նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ան այցելած է Ռիատ, ուր հանդիպում մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ:
Սքաֆ հանդիպումը նկատեց մտերմիկ եւ շինիչ` աւելցնելով, որ իրենք քննարկած են լիբանանեան եւ արաբական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ դատապարտած Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները:
Սքաֆ նշեց, որ հանդիպումը քաղաքական թէ ընտրական ոչ մէկ խորք կամ բովանդակութիւն ունէր, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի անկախութեան եւ կայունութեան պահպանումին:

