Զօր. Ռիֆի Ընդունեց Փլամպլին

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ռիֆիի այցելեց նաեւ Ժոզեֆ Սարգիսեան` Էշրեֆիէի պայթումի զոհերէն Ժորժեթ Սարգիսեանի ամուսինը, իր դստեր ընկերակցութեամբ: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռիֆիի կողմէ յայտնուած ցաւակցութեան եւ մխիթարանքին համար:

Ժոզեֆ Սարգիսեան իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի եւ անոր ընկերակիցին` Սահիունիի սպանութեան առիթով:

Share this Article
CATEGORIES