Մանսուր – Ալի Հանդիպում
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ալի յայտնեց, որ ինչ որ Լիբանանին կը վնասէ, ցաւ է նաեւ Սուրիոյ համար` աւելցնելով, որ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ Լիբանանի վրայ:
«Մենք Լիբանանին կը մաղթենք ապահովական կայունութիւն, յաջողութիւն եւ վերելք, ըսաւ Սուրիոյ դեսպանը` նշելով նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերը Սուրիոյ եւ Դամասկոսի չեն վերաբերիր, «իսկ մեզի համար կարեւորը այն է, որ լիբանանեան-սուրիական եղբայրական յարաբերութիւնները սահմանային ապահովութիւնը կարենան ամրապնդել, որովհետեւ երկու երկիրներուն միջեւ ապահովութիւնը միացեալ է»: «Կը մաղթեմ, որ բոլորս ալ զգօն ըլլանք կողմնացոյցը պահելու, երբ թշնամի Իսրայէլ անխնայ կը ռմբակոծէ եւ կը քանդէ Կազան: Կազա կը նշանակէ նաեւ Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս եւ Ծոցի երկիրներ: Հետեւաբար թշնամի Իսրայէլի համար թիրախ են նաեւ անոնք, որոնք չէզոք կեցուածք կը ցուցաբերեն, որովհետեւ Իսրայէլի համար բացառութիւններ չկան», ըսաւ ան:
Այս շրջագիծին մէջ, Ալի շեշտեց, որ Սուրիա կը զօրակցի Համասի, Իսլամական ժիհատին, Ֆաթհի, Ժողովրդային ճակատին եւ Պաղեստինի ազատագրութեան ճակատի ընդհանուր հրամանատարութեան` աւելցնելով, որ Սուրիա օր մը օրանց պաղեստինեան հողերը սակարկութեան առարկայ չէ դարձուցած:
Պուսթրոս պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:


