Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ապահովութեան ուժեր երէկ Մերժահիունի մէջ բացայայտեցին «Կրատ» տիպի երկու հրթիռներ, որոնք լարուած էին Իսրայէլի ուղղութեամբ: Ապա բանակի սակրաւորներ ժամանեցին լարուած հրթիռներուն վայրը եւ փորձեցին վնասազերծել «Կրատ»-ները: Ապահովական այս միջադէպին առնչութեամբ հետաքննութիւն բացուեցաւ:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատաւոր Սաքըր Սաքըր պահանջեց հետաքննութիւն բանալ Սայտայի մէջ շէյխ Ահմետ Ասիրի համակիրներուն յուղարկաւորութեան ընթացքին հրապարակ իջած զինեալներուն ինքնութեան մասին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ շրջանը կը գտնուի Իսրայէլի գոյացութիւնը հարուածելու պատմական առիթի առջեւ` մաղթելով, որ առիթը կարելի ըլլայ օգտագործել եւ Իսրայէլի ծանր ապտակ մը հասցնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վերջին անձն է, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կրնայ խորհուրդ տալ` խորհրդարանի նիստերուն մասնակցելու կամ զանոնք պոյքոթի ենթարկելու առումով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել դարձեալ հերքեց Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետ իր հանդիպումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նիստը, ինչպէս որ առաջադրած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վերջ գտած է:

