«Դիմադրութեան Ու Կազայի Բնակչութեան Կորովը Բարձր Է, Եւ 48 Ժամուան Ընթացքին Հաւասարակշռութիւն Յառաջացուցինք» Ըսաւ Մաշաալ
Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ Գահիրէի մէջ Մամլոյ սենտիքայի շէնքին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «մեր դատը իր ամէնէն դժուար եւ փառաւոր պահերը կ՛ապրի, եւ պաղեստինեան դիմադրութեամբ կը հպարտանանք»` շեշտելով, որ «մենք արդար դատի տէր ենք եւ ոեւէ մէկուն դէմ յարձակում չգործեցինք»:
«Իսրայէլացի թշնամին Ահմետ Ժահպարին ահաբեկելով դիմադրութեան մեծ վնաս պատճառեց», ըսաւ Մաշաալ, սակայն վստահեցուց, որ «գետնի վրայ դիմադրութեան եւ Կազայի բնակչութեան կորովը բարձր է»: Ան կոչ ուղղեց Կազայի բնակչութեան եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ու անոր քաղաքական խմբակի կորովի վիճակին միջեւ բաղդատութիւն մը կատարելու:
Ան կոչ ուղղեց «դիմադրութեան վրայ հետզհետէ աւելի գրաւ դնելու, եւ մտահոգուելու կարիք չկայ»` նշելով, որ «պաղեստինեան դիմադրութիւնը Կազայի դէմ յարձակումին սկսելէն 48 ժամ ետք հաւասարակշռութիւն հաստատեց»:
«Կազայի մէջ Իսրայէլի նպատակները ձախողեցան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Նեթանիահու ուզեց ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրել, սակայն ան յուսախաբ եղաւ եւ մտահոգ վիճակ մը կ՛ապրի»:
Մաշաալ ըսաւ, որ «Նեթանիահուի հաշիւները սխալ դուրս եկան, իսկ մենք ուժի կամ զինուորական հաւասարակշռութիւն չունինք, սակայն այդ մէկը իրագործեցինք կամքի շնորհիւ»: Ան ընդգծեց, որ «իսրայէլեան որեւէ նախապայման չենք ընդունիր եւ կ՛ուզենք զինադադար մը, որ մեր պահանջները կ՛իրագործէ»:
Պաղեստինեան Իսլամական Ժիհատ շարժումի բանբեր Տաուտ Շահապ յայտնեց, որ զինադադարի հաստատման համար պաղեստինեան դիմադրութեան պայմանները հետեւեալներն են. իսրայէլեան յարձակումի դադրեցում, ահաբեկման քաղաքականութեան դադրեցում, պաղեստինցի ժողովուրդի պաշտպանութեան երաշխիքներու գոյութիւն եւ շրջափակման վերացում: Ան հաստատեց, որ իրենք եւ Համաս «ուս ուսի» կը կանգնին բռնագրաւումին դէմ:
Մինչ այդ, պաղեստինեան խմբաւորումները Ռամալլայի մէջ յայտարարեցին, որ կը միաւորուին ընդդէմ «Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին` վերջ տալու համար պառակտումի կացութեան»:
Ֆաթհ շարժումի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ժըպրիլ Ռաժժուպ յայտարարեց, որ պաղեստինեան պառակտումը վերջ գտած է:
Իսրայէլեան Կեցուածքներ
Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես պաղեստինեւիսրայէլեան հարցով միջազգային քառեակի պատուիրակ Թոնի Պլերի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «կը գնահատէ Կազայի մէջ արձանագրուած մագլցումին վերջ տալու Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի ջանքերը»` նշելով, որ «Իսրայէլ իր կարելին կ՛ընէ զինադադարի գոյացման համար, որովհետեւ որեւէ շրջանի չ՛ուզեր տիրել»:
Ան նաեւ նշեց, որ «Իրան կը շարունակէ Համասի զէնք ու զինամթերք մատակարարել եւ զայն ֆինանսաւորել, ինչպէս նաեւ այդ շարժումի անդամները կը մարզէ»: Պլեր իր կարգին յայտնեց, որ «միջազգային քառեակին, ՄԱԿ-ի, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ զինադադարի հաստատման նպատակով համակարգում մը գոյութիւն ունի»:
Նեթանիահուի օգնականը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Նեթանիահու յայտարարած է, թէ «Իսրայէլ պատրաստ է Կազա ցամաքային ներխուժում կատարելու, սակայն քաղաքական լուծումը կը նախընտրէ»:
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Եուվալ Շթայնից իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները Համասին ներկայացուցած են վերջնագիր մը, ըստ որուն, եթէ Համաս 36 ժամուան ընթացքին Կազայէն Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռարձակումը չդադրեցնէ, ապա իսրայէլեան բանակը իր զինուորական գործողութիւնները պիտի ընդլայնէ:
«Մենք կը գտնուինք երկընտրանքի մը առջեւ: Կա՛մ իրավիճակը պէտք է հանդարտի, կա՛մ գործողութիւնը պիտի ուժեղանայ, ներառեալ` կը քննարկուի խնդիրի լիարժէք զինուորական լուծման հարցը», նշեց Շթայնից:
Ձայնասփիւռի կայանը կ՛ընդգծէ, որ Իսրայէլի վերջնագիրը Համասի փոխանցուած է Եգիպտոսի միջոցով:
Իր կարգին, Շաուլ Մոֆազ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ կացութեան որեւէ հանդարտեցման պէտք է ամերիկեան եւ եգիպտական երաշխիքներ ապահովել:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլացի նախարարներուն մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ կացութեան հանդարտեցման համար քաղաքական բանակցութեանց յաւելեալ ժամանակ տրամադրել: «Հաարեց» կը հաղորդէ, որ հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, թէ իսրայէլացիներուն նուազ քան մէկ երրորդը կը զօրակցի Կազայի դէմ ցամաքային գործողութեան մը: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու եւ Պարաք բուռն ճնշումներու կ՛ենթարկուին, որպէսզի Կազայի դէմ ցամաքային գործողութիւն մը չշղթայազերծեն:
Քաղաքական աղբիւրներ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Կազայի մէջ կացութեան հանդարտեցման հարցը մինչեւ վաղը պիտի վճռուի:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ 6000 զբօսաշրջիկներ Իսրայէլ իրենց այցելութեան ծրագիրները չեղեալ նկատած են:
«Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կազայի դէմ յարձակումը հարաւային Իսրայէլի մէջ գտնուող գործարաններուն մինչեւ հիմա 30 միլիոն տոլարի վնաս պատճառած է:
Լաւրով Եւ Տաւութօղլու
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պաղեստինցի իր պաշտօնակից Ռիատ Մալիքիին յայտնեց, որ Մոսկուա կը մերժէ հարաւային Իսրայէլի շրջաններուն ռմբակոծումը, սակայն նաեւ քննադատեց պաղեստինեան հողամասերուն դէմ չափազանցուած հակադարձութիւնը:
Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու այսօր Կազա պիտի այցելէ: Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ եւ անոր հետ քննարկած Կազայի մէջ տիրող իրավիճակը: Ան նոյնպիսի հանդիպումներ ունեցած է Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
Նշենք, որ շաբաթ օր Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն բխած նախարարական պատուիրակութիւնը, որ կազմուած է Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրէն, Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքիէն եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիէն, այսօր Կազա պիտի այցելէ:
Ապահովական Կացութիւնը
Երէկ իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները շարունակեցին փոխադարձ ռմբակոծումները: Իսրայէլ երէկ դարձեալ ռմբակոծեց Կազայի մէջ գտնուող «Շուրուք» շէնքը, ուր կը գտնուին լրատուամիջոցներու գրասենեակները: Շէնքին մէջ յառաջացաւ մեծ հրդեհ մը:
Ըստ իսրայէլեան բանակի բանբերին, պաղեստինցիք երէկ Իսրայէլի վրայ 116 հրթիռներ արձակած են: «Սարայա Քուտս» զինեալ խմբաւորումը յայտարարեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի դէմ 500 հրթիռ արձակած է: Քասսամի ջոկատները իրենց կարգին յայտարարեցին, որ պատերազմական գործողութեանց սկիզբէն ի վեր արձակած են 1166 հրթիռ:
Երէկ Կազայի մէջ աւելի քան 26 զոհ արձանագրուեցաւ: Իսրայէլեան յարձակումին սկիզբէն ի վեր Կազայի մէջ արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացաւ 108-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 800-ի:
«Սարայա Քուտս» երէկ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինուորական լրատուութեան պատասխանատու Ռամեզ Հարպ ահաբեկումի զոհ դարձած է:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ եգիպտական կողմը Իսրայէլի փոխանցած է զինադադարի հաստատման առաջարկ-բանաձեւ մը, իսկ իսրայէլեան կողմը քանի մը ժամ ետք այդ առնչութեամբ իր պատասխանը պիտի փոխանցէ:

