«Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա Եւ Քաթար Կը Միջամտեն Սուրիական Պետութեան Քայքայման Հիմամբ» Կ՛ըսէ Հայտար

Ալի Հայտար

Սուրիական ազգային հաշտութեան հարցերով նախարար Ալի Հայտար Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող ազգային երկխօսութեան ծիրին մէջ յայտնեց, որ «երկխօսութիւնը սուրիական տագնապը լուծելու միակ ուղին է»` նշելով, որ «փոփոխութեան հոլովոյթը հարց մըն է, որ միայն սուրիացիներուն կը վերաբերի»:

Նախարարը նշեց, որ Թեհրան ոչինչ առաջարկած է, բացի սուրիացիները հիւրընկալելէ եւ զանոնք փակ սրահի մը մէջ ձգելէ, որպէսզի քննարկեն սուրիական տագնապի լուծման կարելիութիւնները:

Հայտար յայտնեց, որ «Քաթարի, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ նման երկիրներու բացակայութիւնը այն պատճառով է, որ անոնք կը միջամտեն պետութեան քայքայման ու հարուածումին, ինչպէս  նաեւ ճակատումը ետդարձ չունեցող հանգրուան հասցնելու հիմամբ եւ ոչ թէ կացութիւնը երկխօսութեան սեղան հասցնելու»:

Ինչ կը վերաբերի արտասահմանի մէջ գտնուող սուրիական ընդդիմութեան Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող երկխօսութենէն բացակայութեան, նախարար Հայտար ըսաւ, որ «անիկա ինքզինք կը մեկուսացնէ»:

Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթի քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ Իտալիա սուրիական Ազգային համաձայնական մարմինը ընդդիմութեան օրինական ներկայացուցիչ կը ճանչնայ` շեշտելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու համար միջազգային ճնշումները պէտք է կրկնապատկել` ի շահ սուրիացի ժողովուրդին եւ շրջանի կայունութեան:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման ուժեղ փափաք մը գոյութիւն ունի, եւ հաւանական նկատեց, որ Ասատի հեռացումով դէպի ժողովրդավարութիւն փոխանցումը աւելի արագ ընթանայ:

Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հոլանտայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Գերմանիա եւ Հոլանտա կրնան Թուրքիոյ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ մատակարարել:

Թուրքիոյ մէջ հրթիռներու տեղակայման կարելիութիւնը քննարկուած է անցեալ շաբաթ` Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումին ընթացքին: Նշենք, որ այս երկիրները եւրոպական միակ պետութիւններն են, որոնք այդ հրթիռները ունին:

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը իր կարգին վերոնշեալ լուրը հաղորդելով կը յայտնէ, որ այդ հրթիռներու տեղակայումը կը նշանակէ, թէ Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի միջոցներուն օգտագործումով սուրիական տագնապին կը միջամտէ: Օրաթերթը կը նշէ, որ Սուրիոյ վերեւ «նախատեսուած թռիչքներու արգիլեալ գօտին պիտի երկարի Հալէպէն մինչեւ Թուրքիոյ հետ սահման, իսկ անոր նպատակը, ըստ այդ ծրագիրին, ըմբոստները օդային հարուածներէն պաշտպանելն է` առանց սուրիական գերիշխանութիւնը ոտնահարելու»: Ըստ ծրագիրի հեղինակներուն, «այդ պատրուակը ՕԹԱՆ-ի պիտի արտօնէ Սուրիոյ մէջ միջամտել առանց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համաձայնութեան»:

Բրիտանական «Սանտէյ Էքսփրես» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ աւելի քան հազար բրիտանացի հետեւակ զինուորներ պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են եւ կրնան Սուրիա ուղարկուիլ: Օրաթերթը կը նշէ, որ այս զարգացումէն երկու օր առաջ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը միջազգային կոչ ուղղած էր յաւելեալ մասնակցութեան, իսկ բրիտանական բանակի սպայակոյտի պետ Տէյվիտ Ռիչըրտզ շաբաթներ առաջ յայտնած էր, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը մշակէ ծրագիր մը` Սուրիոյ մէջ գործադրուելիք շատ սահմանափակ զինուորական գործողութեան մը համար:

Միւս կողմէ, «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Իրան սկսած է կառուցել կազատար մը, որուն միջոցով բնական կազ պիտի հասցուի Սուրիա:

Ըստ «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ»-ի, նախագիծին իրականացման համար պիտի պահանջուի 10 միլիառ տոլար: Կազատարի կառուցման վերաբերեալ անցեալ տարուան յուլիսին համաձայնագիր ստորագրուած է Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ քարիւղի նախարարներուն միջեւ:

Կը նախատեսուի 1.5 հազար քիլոմեթր երկարութեամբ կազատարը շահագործման յանձնել 2013-ի երկրորդ կիսուն:

Նշենք, որ «Սքայ Նիուզ պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Ռասուլ Այնի մէջ ՔԱԿ-ի հետ բախումներու ընթացքին սուրիական ազատ բանակէն 4 զոհ արձանագրուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES