Մըքքէյն Կ՛առաջարկէ Պիլ Քլինթընը Նշանակել Պաղեստինեւիսրայէլեան Բանակցութեանց Հարցով Յատուկ Բանագնաց

Ճոն ՄըքՔէյն

Ծերակուտական Ճոն ՄըքՔէյն բուռն կերպով քննադատեց պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարմունքը` առաջարկելով պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ բանակցութիւնները ղեկավարելու համար նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի նման ամերիկացի «բարձրաստիճան» պատուիրակ մը ուղարկել:

ՄըքՔէյն ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Օպամա չյաջողեցաւ իր առաջին նստաշրջանին ընթացքին պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ բանակցութիւնները յառաջ մղել, ինչպէս նաեւ բանակցութեանց հետ սխալ կերպով վարուեցաւ` սեղանին վրայ դնելով «նախապայմաններ», ներառեալ` Իսրայէլի կողմէ բնակեցման վայրերու կառուցման դադրեցումը»:

ՄըքՔէյն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ մեծ աշխատանք պէտք է թափեն իրենց հաւաստիութեան մէկ մասը վերականգնելու համար, «որովհետեւ Միջին Արեւելքի բոլոր շրջաններուն մէջ կ՛ընկրկինք»` աւելցնելով, որ «չեմ գիտեր, թէ այս վարչակազմին ազդեցութիւնը որքան է»:

Ծերակուտականը նշեց, որ «պաղեստինեան դատին զօրակցողները պէտք է գիտակցին, որ եթէ Կազայի մէջ յաւելեալ մագլցումի ականատես դառնանք, ապա երկու պետութեանց առաջնորդող խաղաղ ճամբու հասնելու կարելիութիւնը դէպի հեռու ապագայ պիտի մղուի»:

Share this Article
CATEGORIES