50 Տարի Առաջ (20 Նոյեմբեր 1962)

Քրիստոսի Ժամանակուան
Պաղեստինեան
Քաղաքները

Պաղեստինի Քաշողականութիւնը

Պաղեստինը, իբրեւ Սուրբ Երկիր, քրիստոնեայի մը համար արտակարգ քաշողականութիւն մը ունի. ոչ ոք, երբ յարմար առիթը ունենայ, կ՛անտեսէ զայն այցելել: Զարմանալի չէ, քանի որ հոն ապրած է հիմնադիրը կրօնի մը, որ աշխարհիս երեսը փոխած է եւ ներկայիս կը հաշուէ 1.100.000.000 քրիստոնեաներ:

Ներկայիս Պաղեստինը մեզի ծանօթ է. կան շրջաններ, ուր գերարդիական զարգացում մը կայ. կան նաեւ շրջաններ, որոնք մարդս հարիւրաւոր տարիներ ետ կը դարձնեն:

Բայց անցնինք մեր հարցին. Քրիստոսի ժամանակ ի՞նչ վիճակ ունէին Պաղեստինի քաղաքները:

Փոքրաթիւ Քաղաքներ

Պաղեստինը, որ այն ժամանակ 6-10 միլիոն կը հաշուէր, գլխաւորաբար գրաւուած էր հրեայ ժողովուրդէն, որ այն ատեն կը ճաշակէր հռոմէական մեծազօր կայսրերու լուծին դառնութիւնը:

Շատոնց մարած էր թագաւորական ցեղը, եւ մարգարէներու առաջնորդութիւնն ալ պակսած էր: Հրեայ ժողովուրդը, միշտ խրոխտ, կ՛ապրէր իր յիշատակներով:

Հրեաները դարերէ ի վեր դադրած էին վաչկատուն ըլլալէ: Անոնք վրանները թողած` տուներու մէջ կը բնակէին:

Ջրառատ շրջաններուն մէջ կը շինուէին գիւղակներ, իրարմէ քիչ մը հեռու: Բնակչութիւնը առ հասարակ երկրագործութեամբ կը զբաղէր:

Սակայն կային քանի մը քաղաքներ, որոնք առ հասարակ պարսպապատ էին. Երուսաղէմ, Նազարէթ, Սամարիա, Կափառնաում, Նայիմ: Միայն Երուսաղէմը արժանի էր մեծ քաղաք կոչուելու:

Սողոմոն Թագաւորին Փիւնիկեցի–Լիբանանցի
Ճարտարապետները

Պաղեստինեան հին քաղաքները որոշ յատակագիծ մը չունէին, ինչպէս` հռոմէական կամ յունական քաղաքները: Ասոնք ունէին յատուկ հրապարակ մը, որ փորում կը կոչուէր, եւ ուր տեղի կ՛ունենային հասարակական հանդիպումները. մինչ հրեաները իրենց գործերը կը վարէին տուներու դրան առջեւ:

Մարդիկ յաճախ իրենց դուռը կը գոցէին եւ կ՛երթային դաշտերը աշխատելու համար: Իրիկուան դէմ կը վերադառնային. կային պահակներ, գիշերուան համար:

Հրեաները գեղարուեստի մէջ յետամնաց էին, ինչպէս յայտնի է Սողոմոն թագաւորի ընթացքէն. սա աշխարհի հրաշալիք եղող տաճարը շինելու համար կանչել տուաւ փիւնիկեցի, կրնանք ըսել` լիբանանցի ճարտարապետներ:

Նախնական Տուներ

Կային հարուստներ, ինչպէս` Հերովդէս թագաւորը, որոնք հռոմէական յառաջդիմութեան պտուղները կ՛ուզէին վայելել մարմարակերտ շքեղ պալատներով:

Սակայն սովորական քաղաքացին բաւական նախնական տան մը մէջ կը բնակէր: Մէկ սենեակ, որ երկուքի բաժնուած էր. կէսը կը ծառայէր մարդոց բնակութեան, կէսն ալ` անասուններուն: Ոմանք իրենց բնակութեան համար կ՛օգտագործէին քարայրներ:

Աւելի հարուստները ունէին քանի մը սենեակ, որոնք կը շրջապատէին կեդրոնական բակ մը: Նման տուն մը երեւան ելած է վերջերս, Լաքիշի մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին: 20 սենեակ հաշուող այդ տունը, Քրիստոսէ երեք դար առաջ շինուած է: Ունէր նոյնիսկ յատուկ բաղնիք մը:

Հարուստները ունէին նաեւ յատուկ խոհանոց եւ ճաշարան:

Տանիքը, Սալայատակը, Դռները…

Տանիքը մեծ կարեւորութիւն ունէր: Ընտանիքը, ամրան ընթացքին, իրիկունները կը հաւաքուէր հոն` զովանալու համար: Ոմանք վրաններ կը լարէին` լաթէ կամ ճիւղերէ:

Շինանիւթը առ հասարակ կը բաղկանար կղմինտրէ, որուն մէկ տեսակը յարդախառն էր: Հարուստները քարաշէն տուներ կը շինէին:

Սալայատակը պարզ հող էր. ունեւորները զայն կը պատէին տախտակով կամ աղիւսներով: Չէին պակսեր հռոմէական խճանկար գործածող մարդիկ:

Դռները առ հասարակ նեղ էին. ունէին բանալիներ:

Տան մէջ ջուր չկար, առ հասարակ. ամէն ոք կ՛երթար ջուր կրելու աղբիւրէն կամ ջրհորէն: Կային հողէ ջրամաններ կամ այծի մորթէ շինուած տիկեր:

Լուսաւորութեան համար կը գործածուէին կտուցաւոր յատուկ լամբարներ, որոնց մէջ ձէթ կը  վառէր:

Մարդիկ, առ հասարակ, գետին նստած կ՛ուտէին, հարուստները բարձերու վրայ կռթնած կը ճաշէին:

                                      ***

Այսպէս, ընդհանուրին մէջ, Քրիստոսի ժամանակուան Պաղեստինը բաւական նախնական երկիր մըն էր: Այսուհանդերձ, Երուսաղէմը զարտուղութիւն մըն էր իր զմայլելի պալատներով եւ աշխարհածանօթ տաճարով: Այդ պարզ երկրին ու պարզ բնակչութեան մէջ ապրեցաւ Քրիստոս, մեր Փրկիչը, եւ այս մանրամասնութիւնները գիտնալը աւելի հասկնալի պիտի դարձնէ Ս. Աւետարաններուն ընթերցումը:

ՎԱՐԴԱՆ ՎՐԴ. ԹԷՔԷԵԱՆ

«Մասիս»

 

 

Share this Article
CATEGORIES