Գիտական. Եօթը Հարիւր Յիսուն Ոտքեր Ունեցող Սողունը Յայտնաբերուած` Քալիֆորնիոյ Մէջ…

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈԻՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Հոկտեմբերի վերջաւորութեան ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ Քալիֆորնիոյ մէջ յայտնաբերած են երեք սանթիմեթր երկայնք ունեցող բազմոտանի սողուն մը, որ ունի եօթը հարիւր յիսուն ոտքեր…:

Անասնագէտներ նման տեսակի սողուն մը առաջին անգամ յայտնաբերած են  1928-ին, սակայն, օրին բաւարար արձանագրութիւններ չեն պահուած անոր մասին:

Վերջերս ամերիկացի միջատաբան Փոլ Մարեք ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն Վալի կոչուած շրջանին մօտակայքը գտնուող անտառներէն մէկուն մէջ իրենց կատարած հետազօտութիւններուն ընթացքին հանդիպած են այդ բազմոտանի սողունին: Ատեն մը ետք անոնք միեւնոյն վայրին մէջ գտած են նշեալ սողունին ընտանիքէն եղող այլ սողուններ:

Մասնագէտ Մարեք յայտնած է, թէ սողուններու նշեալ ընտանիքին էգերուն ոտքերուն թիւը հասած է եօթը հարիւր յիսունի, իսկ արուներունը` աւելի քան հինգ հարիւր յիսունի:

Ծանօթ է արդէն, որ այլ տեսակի բազմոտանիներ ունին մօտաւորապէս 80-100 ոտքեր:

Մասնագէտները եօթը հարիւր յիսուն ոտքեր ունեցող սողունին մօտ գտած են նաեւ այլ տարօրինակ յատկութիւն մը. օրինակ, նշեալ սողունին կռնակը ծածկուած եղած է երկար, բարակ ու ցանցառ ստեւներով, որոնցմէ անիկա մետաքս հիւսած է` այդպիսով կազմելով իր «հագուստեղէնը»:

Առասպելական Բազմոտանին

2005-ին մասնագէտ Մարեք ու իր գործընկերները նշեալ բազմոտանիին փնտռտուքին կը նախաձեռնեն Սան Ֆրանսիսքոյէն քիչ մը անդին գտնուող տարածութեան մը մէջ:

Օրին անոնք գտած են տասնեօթը տարբեր տեսակի բազմոտանիներու նմուշներ, որոնք կառչած եղած են աւազաքարերով կազմուած ժայռերուն: Սակայն մասնագէտները չեն շարունակած հաւաքել իրենց գտած բոլոր սողունները` չվտանգելու համար բնութեան մէջ անոնց գոյութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի եօթը հարիւր յիսուն ոտքեր ունեցող բազմոտանիին, ապա մասնագէտները բացատրած են, թէ անիկա կ՛ապրի ստորերկրեայ մութ խոռոչներու մէջ: Անոր ոտքերը ունին ճանկեր, որոնք կը նպաստեն ինքզինք կառչած պահելու գետնափոր ժայռերուն: Անոր բերանը հետաքրքրականօրէն ունի այնպիսի՛ կերտուածք մը, որ կը ծակէ բոյսերուն հիւսկէնները եւ կը ծծէ անոնց աւիշը:

Նշեալ սողունին մէկ այլ ուշագրաւ յատկանիշներէն է մեծ թիւով մանր եղջերիկներ ունենալը, որոնք մութին մէջ իր ուղղութիւնը ճշդել կու տան անոր: Անիկա ունի սրածայր ու կիսաթափանց արտաքին կմախք մը, իսկ անոր կռնակին վրայ եղող երկար ու ցանցառ ստեւներէն հիւսուած մետաքսը կը ծառայէ ժայռերուն ծայրամասերուն յարելու:

Մասնագէտ Մարեք մտահոգութիւն յայտնած է, թէ նշեալ բազմոտանիին ապրած բնական միջավայրը վտանգուած է` նկատի ունենալով, որ շարունակ շինարարական ծրագիրներ կ՛իրականացուին այդ տարածքներուն մէջ, ինչ որ կը վտանգէ անոր գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթ չի տար յաւելեալ տեղեկութիւններ հաւաքելու անոր մասին:

(Օգտոգործուած աղբիւր՝ Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք)

Share this Article
CATEGORIES