Գիտական. «Հանդարտեցնող» Ծիները Կը Դարմանեն Առնէտներուն Լուսնոտութիւնը…

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Նոյեմբերի կէսերուն բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ երբ յատուկ ծիներ ներարկած են լուսնոտ առնէտներու ուղեղին գերաշխուժ բջիջներուն մէջ, այն ատեն առաջին անգամ ըլլալով ամբողջութեամբ անհետացած են լուսնոտութեան ախտանշանները:

Մասնագէտները նշեալ ծիները կոչած են «հանդարտեցնող» ծիներ` նկատի ունենալով, որ անոնք հանդարտեցուցած են ուղեղին գերաշխուժ բջիջները` այդպիսով կասեցնելով այդ պատճառով յառաջացած լուսնոտութեան կաթուածները:

Վիճակագրական տուեալները ցոյց տուած են, թէ աշխարհի տարածքին մօտաւորապէս յիսուն միլիոն հոգի կը տառապի լուսնոտութենէ: Նշեալ մարդոց մօտաւորապէս երեսուն ու հարիւր համեմատութեան վիճակը գրեթէ երբեք չէ բարելաւուած լուսնոտութեան դարմանումին հետ առնչուած որեւէ տեսակի դեղահատէ:

Մասնագէտներ ընդհանրապէս նման պարագաներ կ՛ենթարկեն վիրաբուժութեան,  որուն ընթացքին կը վիրահատեն ուղեղին գերաշխուժ ջիղերու բջիջներուն կոյտը եւ կամ հակակշռուած տարողութեամբ ելեկտրական հոսանքի միջոցով կը հանդարտեցնեն ուղեղին գերաշխուժ բջիջները:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ ուղեղին ջիղերու բջիջներուն միջեւ գոյութիւն ունին քիմիական ու ելեկտրական հաղորդակցութիւններ, որոնց միջոցով տուեալ գործընթաց մը կը փոխանցուի ուղեղին մէկ բաժինէն միւսին: Սակայն, երբ խումբ մը ջիղերու բջիջներ գերաշխուժ կը դառնան, քաոսային վիճակ կը ստեղծուի ուղեղին մէջ, որ իր կարգին պատճառ կը դառնայ լուսնոտութեան կաթուածներու յառաջացման:

Այսուհանդերձ, վերջերս բրիտանացի մասնագէտները զարգացուցած են ծինային դարմանումի երկու միջոցներ, որոնք կրցած են հակակշիռի տակ պահել ուղեղին գերաշխուժ բջիջները` ամբողջութեամբ կասեցնելով լուսնոտութեան կաթուածներուն յառաջացումը:

Ամբողջական Դարմանում`
Մէկ
Ամիս Ետք

Մասնագէտները նշեալ երկու միջոցներուն մէջ գործածած են անվնաս ժահրեր, որոնք ներարկած են լուսնոտ առնէտներուն ուղեղին մէջ: Ժահրերը պարունակած են ծինային կերտուածքներու շատ փոքր մասեր, որոնք միացած են ուղեղին գերաշխուժ ջիղերու բջիջներուն ծիներուն:

Միջոցներէն մէկուն մէջ այդ ծինային կերտուածքներու մասնիկները աշխուժացուցած են ուղեղին գերաշխուժ բջիջները հանդարտեցնող բնական գործընթացները: Երկու շաբաթ ետք նշեալ առնէտներուն մօտ ուշագրաւ կերպով նուազած է լուսնոտութեան կաթուածներուն յաճախադէպութիւնը, իսկ մէկ ամիս ետք ամբողջութեամբ դարմանուած են առնէտները:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն` տոքթ. Ռոպըրթ Ուայք ըսած է, թէ առաջին անգամն է, որ ծինային դարմանում կը գործածուի` լուսնոտութեան կաթուածները կասեցնելու համար:

Տոքթ. Ուայք նշած է, թէ վերջին 20-30 տարուան մէջ լուսնոտութեան հետ առնչուած տարբեր դեղահատերը պարզապէս տարբեր տարողութիւններով նուազեցուցած են անոր ախտանշանները, սակայն ո՛չ մէկ դեղամիջոց կրցած է ամբողջական դարմանում տալ անոր:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ ծինային դարմանումը կրնայ ամէնէն աւելի օգտակար դառնալ ա՛յն լուսնոտներուն, որոնց գործածած դեղահատերը գրեթէ երբեք չեն բարելաւած անոնց վիճակը:

Լօռերէն Վերցուած Ծինային
Կերտուածքները

Ծինային դարմանումի երկրորդ միջոցին մէջ մասնագէտները ծինային կերտուածքներու մասնիկները վերցուցած են լօռերէ: Նշեալ կերտուածքները աշխուժացած են արեւուն ճառագայթներուն ներկայութեան: Այսուհանդերձ, առնէտներուն ուղեղին մէջ նման ծինային կերտուածքներ պարունակող ժահրերուն ներարկման առընթեր, մասնագէտները լոյսի ճառագայթներ արտանետող փոքր սարք մը տեղադրած են անոնց մարմնին մէջ: Երբ լոյսի ճառագայթները հասած են ծինային կերտուածքներուն, ապա այս վերջինները աշխուժանալով հանդարտեցուցած են ուղեղին գերաշխուժ ջիղերու բջիջները` այդպիսով կասեցնելով լուսնոտութեան կաթուածներուն յառաջացումը:

Նշեալ սարքը ճառագայթներ արտանետած է, ամէն անգամ որ ուղեղին ջիղերու բջիջները գերաշխուժ վիճակի մէջ եղած են եւ, այդպիսով, աշխուժացուցած է ներարկուած ծինային կերտուածքները, որոնք իրենց կարգին հանդարտեցուցած են գերաշխուժ բջիջները:

Թէեւ մասնագէտները խոստմնալից գտած են լուսնոտ առնէտներուն վրայ կատարուած փորձարկումներէն ձեռք ձգուած արդիւնքները, բայց եւ այնպէս անոնք հետամուտ են կատարելու յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` նախքան այդ փորձարկումներուն մէջ մարդիկ ներառելը:

Մասնագէտներուն համաձայն, եթէ վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները վերջնականացուին, ապա շատ հաւանաբար լուսնոտութեան նորագոյն դարմանումին մէջ նախ եւ առաջ նկատի առնուին դեղահատերէն որեւէ բարելաւում չզգացող եւ վիրաբուժութեան պատրաստուող լուսնոտները:

Լուսնոտութեան մասնագէտ տոքթ. Ֆիլիփ Լի ըսած է, թէ լուսնոտութեան ծինային դարմանումին հետ առնչուած ուսումնասիրութիւնը կարեւոր զարգացում մը արձանագրած է լուսնոտութիւնը յստակացնող գործընթացին մէջ:

Տոքթ. Լին հաւանական գտած է նաեւ, թէ ծիներուն միջոցով  լուսնոտութեան տրուած դարմանումը կրնայ նպաստել նաեւ այլ տեսակի արդիւնաւէտ դարմանումներու զարգացման:

(Օգտագործուած աղբիւր՝ Պի. Պի. Սի.)

 

Share this Article
CATEGORIES