Գիտական. Կոկորդիլոսներուն Ծնօտները Շատ Աւելի Զգայուն Են, Քան` Մարդկային Մատներուն Ծայրերը…

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Նոյեմբերի սկիզբը ամերիկացի խումբ մը անասնագէտներու կողմէ տարբեր տեսակի կոկորդիլոսներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ այս վերջիններուն ծնօտն ու դունչը շատ աւելի զգայուն են, քան` մարդկային մատներուն ծայրերը:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ կոկորդիլոսներուն գլխուն վրայ, գլխաւորաբար անոնց ծնօտին երկայնքին, ինչպէս նաեւ անոնց բերնին մէջ ու ատամներուն միջեւ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս չորս հազար սեւ ցցուածքներ: Նման ցցուածքներ տարածուած են նաեւ մարմնին վրայ կարգ մը տեսակի կոկորդիլոսներու, որոնց թիւը կը հասնի մօտաւորապէս հինգ հազարի:

Մասնագէտներ նշեալ ցցուածքները յայտնաբերած են աւելի քան հարիւր տարի առաջ եւ զանոնք կոչած են թաղանթային զգայարաններ, սակայն երկար ատեն անոնց ունեցած դերակատարութիւնը առեղծուած մնացած է իրենց համար:

Օրին կարգ մը կենսաբաններ նշած են, թէ այդ ցցուածքները ունին անջրանցիկ յատկութիւն, իսկ ոմանք ալ հաւանական գտած են, թէ անոնք կը յայտնաբերեն որսին մարմինէն արտանետուած տկար տարողութեամբ ելեկտրական ազդեցութեան շրջանակը` այդպիսով դիւրացնելով որսին փնտռտուքը, ինչպէս նաեւ կը զգուշացնեն կոկորդիլոսները ապականած ջուր խմելէն:

Սակայն, 2002-ին կոկորդիլոսներու վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարող խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ անոնց գլխուն ու մարմնին վրայ տարածուած այդքան մեծ թիւով սեւ ցցուածքները կարողութիւնը ունին զգալու նոյնիսկ մէկ կաթիլ ջուրին յառաջացուցած ծփանքը, ինչ որ հետեւցնել տուած է, թէ անոնք կրնան զգալ որսին նոյնիսկ ամէնէն աննկատ թուացող շարժումները:

Նոյնիսկ Շա՜տ Թեթեւ Ճնշումներու
Հակազդող Ցցուածքները

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնները կատարող մասնագէտներէն` Տանքան Լէյչ կոկորդիլոսի համեմատաբար փոքր տեսակներու վրայ կատարած է որոշ փորձարկումներ: Այսուհանդերձ, ան իր փորձարկումներուն մէջ նկատի ունեցած է ամերիկեան տասնութ եւ Նեղոսի չորս կոկորդիլոսներ:

Մասնագէտ Լէյչ գտած է, թէ կոկորդիլոսներուն մարմնին վրայ եղող սեւ ցցուածքները կը պարունակեն շօշափուկներ, որոնք զգայուն են գլխաւորաբար ճնշումի ու թրթռացումներու, ինչպէս նաեւ` ջիղերու ծայրամասեր:

Մասնագէտ Լէյչ գործածած է հիմնաչափուած մազանման մետաղաթելեր, որոնք չափած են այդ ցցուածքներուն զգայնութեան տարողութիւնը: Այսուհանդերձ, կարգ մը ցցուածքներ այնքա՛ն զգայուն եղած են, որ կրցած են հակազդել այնպիսի՛ թեթեւ ճնշումներու, որոնք չենք զգացուած նոյնիսկ այդ մազանման մետաղաթելերէն:

Ան նշած է, թէ երբ մասնագէտները իրենց աչքերը փակած վիճակով փորձած են իրարու մատներուն ծայրերը խտղտացնել այդ մետաղաթելերով, ո՛չ ոք զգացած է մետաղաթելերուն հպումը:

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտ Լէյչ ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը օգտագործած են սատկած կոկորդիլոսներու դիակներ եւ քիմիական նիւթերու միջոցով ներկած են անոնց ծնօտի ցցուածքներուն ջիղերը: Ապա անոնք յատուկ սարքերու միջոցով դիտած են այդ ջիղերը եւ գտած են, թէ այս վերջինները կապուած են ուղեղին մէջ եռազուգորեակ ջիղերով կազմուած համակարգի մը, որ առնչուած է խածնելու, ծամելու ու կլլելու գործընթացներուն հետ:

Ինչո՞ւ Այդքան Զգայուն

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ եղած յայտնաբերումը մասնագէտներուն մտքին մէջ յառաջացուցած է այն հարցադրումը, թէ ի՞նչ բանի կը ծառայէ կոկորդիլոսներուն գերզգայուն մորթը:

Մասնագէտ Լէյչ բացատրած է, թէ կոկորդիլոսներուն գերզգայուն մորթ ունենալը կը ծառայէ տարբեր նպատակներու. այսպէս, օրինակ, անոնց բերնին մէջ ու ատամներուն միջեւ եղող ցցուածքները կը նպաստեն ուտելիքին չափն ու կերտուածքը զգալու:

Ինչ կը վերաբերի էգ կոկորդիլոսներուն, ապա անոնք իրենց բերանը կ՛օգտագործեն` օգնելու համար իրենց ձագերը` դուրս գալու խեփորներէն: Նաեւ անոնք իրենց ծնօտներուն միջեւ կը պահեն իրենց նորածինները` զանոնք գիշատիչներէն պաշտպանելու համար: Այսուհանդերձ, էգ կոկորդիլոսներուն նշեալ երկու պարտականութիւնները կը պահանջեն գերզգայուն ծնօտներ:

Մասնագէտները հետամուտ են կատարելու յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` յստակացնելու համար, թէ ուղեղին ո՛ր բաժինները կ՛աշխուժանան ցցուածքներուն աշխուժացած ատեն եւ թէ` ինչպիսի՛ գործընթացներ տեղի կ՛ունենան այդ բաժիններուն մէջ:

Մասնագէտները հետամուտ են նաեւ գիտնալու, թէ ինչո՞ւ կարգ մը տեսակի կոկորդիլոսներ իրենց մարմնին վրայ եւս կը կրեն այդ գերզգայուն սեւ ցցուածքները, մինչ մնացեալ կոկորդիլոսները միայն իրենց գլխուն վրայ կը կրեն այդ ցցուածքները:

(Օգտագործուած աղբիւր՝ «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»)

 

 

Share this Article
CATEGORIES