ԼՕԽ-ի Հայաշէն Մասնաճիւղի 75-ամեակ

ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութեան ծիրին մէջ, երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 15 նոյեմբեր 2012-ին, Հայաշէնի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն միութեանս մօտ ներկայացուցիչ Սիւզան Օհանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբէն Զարուհի Գալեմքերեան, օրուան դասախօս տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանի, հրաւիրեալներու, որոնց կարգին` վարչականներու, որոնք ծառայած են միութեան վերելքին համար: Բացման խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան, որ ըսաւ. «Նախ յարգանքով կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած բոլոր ընկերուհիներուն, որոնց գործունէութիւնը եւ ծառայութիւնը կը մնայ անջնջելի մեր մտքերուն մէջ:  Տասնամեակներէ ի վեր ԼՕԽ-ական մեր ընկերուհիները կը գործեն անձնուիրութեամբ, կեանքի դժուարութիւններն ու պարտաւորութիւնները աւելի զօրացուցին ԼՕԽ-ական կնոջ պայքարելու եւ գոյատեւելու կամքը, եւ ան դարձաւ ինքնավստահ եւ աւելի կազմակերպուած: Մենք կը հաւատանք հաւաքական աշխատանքի արդիւնաբերութեան եւ կը գիտակցինք զոհողութեան բառին իմաստին ու մանաւանդ արժէքին. այդ պատճառով է, որ կը ծառայենք` նպաստելու եւ օգտակար դառնալու բոլոր կարիքաւորներուն, եւ ինչպէս միշտ, կը կրկնենք` առանց փոխարէնը վարձատրութիւն ակնկալելու: Մենք պատահական ամեակներ չէ, որ կը տօնենք` յիշատակներ անմահացնելու, այլ կը տօնենք վերլուծելու եւ, ինչո՛ւ չէ, քննարկելու մեր տարիներու աշխատանքը, վերանորոգելու մեր ուխտը, նաեւ մղելու նոր սերունդները` այս նուիրաբերումին եւ յօժարակամ ծառայութեան, սորվեցնելով, որ ըլլան անշահախնդիր»:

Իր խօսքի աւարտին Շ. Պաղտասարեան երախտագիտութեան խօսք արտասանեց հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով ծառայեցին միութեան վերելքին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց գործող վարչական կամ ոչ վարչական բոլոր ընկերուհիներուն, բարերարներուն, թաղին ՀՅԴ կոմիտէին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի ԼՕԽ-ին, Շրջանային վարչութեան, որ տարիներ շարունակ իր եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներով  շինիչ ցուցմունքներ եւ ուղղութիւններ տալով` մեծապէս նպաստած է միութեան գործունէութեան:

Ապա դասախօս տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան շատ հաճելի ձեւով ներկայացուց իր հետաքրքրական, կարեւոր եւ այժմէական նիւթը` ծերութեան եւ երիտասարդութեան կարեւոր կէտերը: Հայկական ճոխ երգերով մթնոլորտը ճոխացուց ձայնի հաղորդավար Գէորգ Պաղտասարեան: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւն: Ձեռնարկի աւարտին ընկերուհիները միասնաբար հատեցին 75-ամեակի կարկանդակը:

Share this Article
CATEGORIES