ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՄԻՆՉԵՒ 2011-Ի ՎԵՐՋԸ ՊԻՏԻ ՀԵՌԱՆԱՆ ԻՐԱՔԷՆ
Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի յայտարարած է, որ մինչեւ 2011-ի վերջը 47 հազար ամերիկացի զինուոր պիտի հեռանայ իր երկրէն:
Մալիքի չէ ստորագրած Իրաքի տարածքին մէջ ամերիկեան ուժերու տեղակայման ժամկէտը երկարաձգելու փաստաթուղթը, որովհետեւ, ըստ անոր, Իրաքի անվտանգութեան ուժերը ի վիճակի են ինքնուրոյն կերպով երկրին իրավիճակին վերահսկել:
Ան նաեւ նշած է, որ Իրաքի օդուժը պիտի շարունակէ աջակցութեան կարիքը ունենալ նաեւ 2011-էն ետք, սակայն օտարերկրեայ օգնութեան հարցը պիտի որոշուի ընդհանուր քննարկումի ճամբով` բոլոր հիմնական քաղաքական ուժերուն մասնակցութեամբ: Ան յայտարարած է, որ Հարաւային Քորէա այցելութենէն ետք քաղաքական խմբակներու հետ այդ հարցով բանակցութիւններու պիտի սկսի:
9 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյց յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կրնայ երկարաձգել Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու կեցութեան ժամկէտը: