ԵՄԷՆԻ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԲՌՆԱՐԱՐՔՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՎԻԺՈՒՄԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

Սալեհի դէմ ցոյցերը կը շարունակուին

Եմէնի ընդդիմութիւնը երէկ զգուշացուց կառավարութիւնը, որ նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն դէմ բռնարարքները կրնան վիժեցնել քաղաքական անել կացութեան լուծման ձգտող համաձայնութիւնը:

Քաղաքային հագուստներով զինեալներ չորեքշաբթի օր Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ 12 ցուցարարներ սպաննեցին եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորեցին: Ցուցարարները կը մերժէին կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ստորագրելիք համաձայնութիւնը:

Ընդդիմադիր կազմակերպութեանց դաշինքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ «ցուցարարները պաշտպանելու անկարողութեան պարագային, անկարող պիտի ըլլանք հետապնդել համաձայնութիւն մը, որ վարչակարգին կողմէ կ՛օգտագործուի յաւելեալ արիւնահեղութեան համար»:

Կը նախատեսուի, որ Եմէնի իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ համաձայնութիւնը Կիրակի օր ստորագրուի Ռիատի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES