Արձագանգ

Միքէլ Անճելօ

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ»-ի

«Ազդակ»-ի ուրբաթ, 9 նոյեմբեր 2012-ի թիւին մէջ «Բարի տարեդարձ» վերնագիրը կրող լայնածաւալ յօդուածը, որուն թարգմանիչն ու ներկայացնողն է Լ. Կիւլոյեան-Սրապեան, մեծապէս ուրախացուց զիս: Կ՛ուզեմ շնորհաւորել զինք ոչ միայն այսօրուան գրութեան համար, այլ` ուրիշ առիթներով եւս ներկայացուցած խիստ շահեկան ուսումնասիրութեան համար:

Հիմա կ՛ուզեմ անդրադառնալ Միքելանճելոյի սիստինեան մատուռի որմնանկարներուն թեքնիք հարցերուն:

Արդէն Լ. Կիւլոյեան-Սրապեան շեշտած էր իր գրութեան մէջ, թէ սիստինեան որմնանկարներու հեղինակը` Միքելանճելօ, Վերածնունդի երեք հանճարներէն մին էր. սակայն ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրած էր անոնց թեքնիքին մասին: Սոյն գրութիւնս կը վերաբերի այդ խնդիրներուն, որոնք մասնագիտական են եւ կրնան հետաքրքրել արուեստասէր ընթերցողները:

Նախ կ՛ուզեմ խօսիլ Սիստինեան մատուռի առաստաղին մասին: Այցելուն կը տեսնէ այնտեղ ներկայացուած անձերը որմնախորշերու մէջ,  որոնք ոչ թէ կառուցուած են, այլ գծուած են Միքելանճելոյի կողմէ` ըստ հեռանկարային օրէնքներու, եւ դժուար թէ մէկը կասկածի անոնց գծուած ըլլալուն, աչք խաբող նկարչական թեքնիքով, լոյսի եւ ստուերի գործածութեամբ:

Որմնախորշ

Հիմա գանք բուն որմնանկարին շաղախով կազմուած մակերեսին, որուն վրայ ջրանկարով կը նկարէ նկարիչը: Առնուազն, նկարիչը 25 գործաւորի պէտք ունէր այդ շաղախին մաս առ մաս պատրաստութեան համար: Շաղախին պատրաստութիւնը կը կատարուի երկու փուլով. առաջին փուլը կը պատրաստուի կիրի եւ ծովու աւազի խառնուրդով եւ ջուրով. երկրորդ եւ վերջնական շաղախը՝  դարձեալ կիրով, բայց այս անգամ` ծովու մաղուած աւազով եւ ջուրով: Նախքան այս երկու շաղախներու պատրաստութիւնը, պատը այս պարագային` առաստաղը, պէտք է սրսկել ջուրով` թաց պահելու համար. այս բոլորէն ետք է, որ պատրաստուած երկու շաղախներով պէտք է ծեփել մակերեսը առաստաղին, սակայն ոչ` նոյն օրը. Ա. եւ Բ. շաղախներու միջեւ պէտք է սպասել առնուազն երկու օր:

Միքէլ Անճելոյի սիստինեան առաստաղի գործերէն (որմնանկար)

Հուսկ, նկարիչին պատրաստած գծագրութիւնը` սեւ մելանով, որպէսզի գծագրութիւնը տպուի մակերեսի շաղախին վրայ, որմէ ետք նկարիչը կը նկարէ փոշի ներկը ջուրով բանալէ ետք: Արդէն վերը ըսինք, թէ մաս առ մաս պիտի կատարուի աշխատանքը. արդ, նկարիչը 24 ժամ ունի թարմ մակերեսին վրայ նկարելու համար. անգամ մը որ չորնայ մակերեսը կարելի չ՛ըլլար նկարել:

Երեւակայեցէք այն գերմարդկային աշխատանքը, որուն շնորհիւ Միքելանճելօ իրագործած է որմնանկարը չորս տարիներու ընթացքին: Ի զուր չէ, որ ան կ՛ըսէ. «Ինքզինքս ծերացած եւ սպառած զգացի, որքան` Երեմիան: Միայն 27 տարեկան էի, սակայն բարեկամներս չճանչցան այն ծերունին, որուն վերածուած էի»:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Պուրճ Համուտ
10/11/2012

 

Յ. Գ.- Որմնանկարները ի կատար հանելէ ետք, Միքելանճելօ, երբ պապին ընկերակցութեամբ ներս կը մտնէ, պապը հազիւ տեսած առաստաղը` կը բացագանչէ. «Տունս գլուխս փլեցիր, ի՞նչ պիտի ըսէ ժողովուրդը` տեսնելով բոլոր սուրբերը ամբողջութեամբ մերկ»:

Միքելանճելօ կը պատասխանէ. «Մի՞թէ սուրբերը հագուստով ծնած էին: Անոնք աւելի գեղեցիկ են առանց հագուստներու»:

Սակայն կղերականութեան ըմբռնումները տարբեր էին արուեստագէտէն. պապը նկարիչի մը կը թելադրէ ներկայացուած սուրբերուն գոնէ որոշ մասերը ծածկելու… Միքելանճելօ կ՛ապրի իր մեծագոյն յուսախաբութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES