Հենտպոլը Շատ Հաւանաբար 2015-Ին Ընդգրկուի Համահայկական Խաղերուն Մէջ
Հայաստանի հենտպոլի ֆետերասիոնը, իր գումարած ժողովին ընթացքին ամփոփեց 2012-ի իր կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ծրագրեց յառաջիկային իր առնելիք քայլերը:
PanArmenian.Net լրատու գործակալութեան համաձայն, այս ժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ 2015-ին տեղի ունենալիք համահայկական խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկել հենտպոլ-ը, ինչպէս նաեւ հրապարակեց 2013 տարեշրջանի իր յայտագիրը:
Այս ժողովը վարող Հայաստանի հենտպոլ-ի ֆետերասիոնին նախագահ Սարգիս Գրիգորեան ըսաւ, որ այս մարզաձեւը համահայկական խաղերուն մէջ ընդգրկելու համար նուազագոյնը 5 երկիրներու, 8 քաղաքներու ներկայացուցիչներ պէտք է իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեն:
Իսկ փոխնախագահ Արսէն Յակոբեան ըսաւ, որ 2012 տարեշրջանը կարելի է լաւ նկատել, որովհետեւ Հայաստան իրմէ սպասուածը կատարած է:
CATEGORIES Մարզական

