Ժիւտօ. 23 Տարեկանէն Վար Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Գոռ Յարութիւնեան Տիրացաւ Արծաթ Մետալին
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 23 տարեկանէն վար ժիւտոյի Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոռ Յարութիւնեան 66 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալին: Ոսկի մետալին տիրացաւ Շոքա Վատիմ (Պուլկարիա):
60 քկ դասակարգին մէջ Ռուսիան ներկայացնող Արամ Գրիգորեան տիրացաւ ոսկի մետալին: Կիսաւարտականին ան յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Օրհան Սաֆարովին, իսկ աւարտականին` ուքրանահայ Գէորգ Խաչատրեանին:
Նշենք, որ Խաչատրեան կիսաւարտականին յաղթած էր Հայաստանը ներկայացնող Գրիգոր Իվանեանին, որ պրոնզէ մետալի պայքարին պարտուեցաւ իտալացի Ֆապիօ Պասիլէն:
CATEGORIES Մարզական

