Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէի Առաջին Պարտութիւնը

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռասինկ ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Նըժմէի: Վերջինս, որ կրեց իր առաջին պարտութիւնը, պարագլուխի իր դիրքը զիջեցաւ Ահտի, որ յաղթեց Շապապ Սահելի (2-1):

Անսար 4-2 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Ղազիէի, Սալամ Սուր` Թրիփոլիի (2-0), Սաֆա` Թատամոն Սուրի (2-1), իսկ Ախա Ահլի Ալէյ` Իժթիմահիի (1-0):

Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Խըյուլ  – Սաժես` 3-1, Նահտա Պար Էլիաս – Ահլի Սայտա` 1-0, Ռիատա Ուալ Ատապ – Նեպի Շիթ` 0-0, Սալամ Զղարթա – ՀՄՄ` 6-1, Ահլի Նապաթիէ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 2-1 եւ Մաուատտէ – Շապապ Թրիփոլի 2-1:

Share this Article
CATEGORIES