ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 26 Նոյեմբերին` Մինի Պասքեթպոլի Մրցումները
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի պասքեթպոլի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 26 նոյեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Մինի պասքեթպոլի մրցումներուն կրնան մասնակցիլ 2001 եւ վեր ծնունդ աշակերտներ:
Մասնակցող վարժարանները պէտք է անուանացանկերը ներկայացնեն առաւելագոյնը մինչեւ չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012:
Կիրակի օրուան մանրամասն յայտագիրը պիտի հրատարակուի այսօր` երեքշաբթի, 20 նոյեմբերին:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
CATEGORIES Մարզական

