ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՓԵԼՈՍԻԻ ԵՒ ՀՈՅԸՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՉԷ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը համաձայն չէ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ դեմոկրատական Նենսի Փելոսիի եւ նոյն կուսակցութենէն քոնկրեսական Ուիփ Սթենի Հոյըրի Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող 252-րդ բանաձեւի Ներկայացուցիչներու տան վերջին լիագումար նիստին ընթացքին չներկայացուելուն վերաբերող մեկնաբանութեան:
Փելոսի եւ Հոյըր միշտ պաշտպանած են հայկական բանաձեւերը, սակայն այդ անգամ նշած են, որ բանաձեւի կողմնակիցներուն թիւը բաւարար չէ զայն որդեգրելու համար, հետեւաբար` բանաձեւը չորդեգրելը լուրջ պարտութիւն պիտի ըլլայ եւ պիտի արժանանայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հակառակորդներու ծափողջոյններուն:
«Մենք բարձր կը գնահատենք Փելոսիի եւ Սթենի Հոյըրի ջանքերը, սակայն չենք կիսեր անոնց այն կարծիքը, թէ բանաձեւը չունէր բաւարար թիւով կողմնակիցներ: Ընդհակառակն` բանաձեւին սատարող բաւարար թիւով քոնկրեսականներ կային եւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահը զայն քուէարկութեան դնելու իրաւասութիւն ու իշխանութիւն ունէր», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան: