ԿԱՐՍԻ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՔԱՆԴՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք»ի գլխաւոր խմբագիր Մեհմեթ Ալի Պիրանտ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»ի մէջ կը գրէ, որ Կարսի «Մարդասիրութեան յուշարձանի» քանդումը դարձած է մահապատիժը արուեստի խումբ մը մարդոց, որոնք զայն ստեղծած են: «Թերեւս այդ յուշարձանը իսկապէս անճոռնի է, սակայն զիս ապշեցուցած է Կարսի քաղաքապետարանին վերաբերմունքը վարչապետի խօսքերուն: Կը պարզուի, որ նախկին քաղաքապետին ժամանակ անիկա անճոռնի չէ եղած, իսկ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան օրերուն այդպիսին դարձած է: Չեմ հասկնար,թէ ինչո՛ւ որոշ առումով թուրք հասարակութեան աչքին քաղաքի խորհրդանիշ դարձած յուշարձանը գլխատուած է բոլորին աչքին առջեւ: Եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կ՛ուզէր այդ մէկը շոյի վերածել, ապա ատիկա դարձաւ ոչ արհեստավարժ շօ», կը գրէ Պիրանտ:

Ան կը գրէ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հաւանաբար չի հասկնար, թէ յուշարձանի քանդումը որքա՛ն բացասական անդրադարձ պիտի ունենայ իր հեղինակութեան վրայ: «Էրտողան իր սեփական դարպասին կոլ նշանակեց եւ հասարակութեան «հաւանութիւնը» ապագային անոր քաղաքական շահեր պիտի չբերէ», կ՛ըսէ ան:

Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարեկամութիւնը ընդգծելու համար կառուցուած արձանին քանդումը վկայութիւնն է այն բանին, թէ ինչպէ՛ս դադրած է երկու երկիրներու միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: Օրաթերթը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ յուշարձանի քանդումի աշխատանքները սկսած են 24 ապրիլին: Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ «յունիսին Թուրքիոյ մէջ պիտի կայանան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը քննադատողները այն կարծիքին են, որ Էրտողանը նման քայլով նպատակ ունի ստանալ ազգայնական հատուածին քուէները»:

Ֆրանսական «Լիպերասիոն» օրաթերթը իր կարգին կ՛ընդգծէ, որ արձանը մասերու բաժնելու համար Անգարայէն բերուած են յատուկ մեքենաներ, եւ կ՛աւելցնէ. «Հայ-թրքական բարեկամութիւնը մասնատուած է»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES