ԳԱՌՆԻ ՏԱՃԱՐԻՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀՈՒԻ ԵՈՒՆԵՍՔՕ – ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ 2011 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՄԵԼԻՆԱ ՄԵՐՔՈՒՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին որոշումով եւ միջազգային մրցանակաբաշխութեան յանձնախումբի եզրակացութեան հիման վրայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ- Յունաստան 2011 թուականի Մելինա Մերքուրի հեղինակաւոր մրցանակը պիտի կիսուին Հայաստան «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանն ու Պաղեստինի մէջ գտնուող Պաթիր վայրը: Մրցանակի յանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 մայիսին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ Փարիզ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ- Յունաստան Մելինա Մերքուրի միջազգային մրցանակը երկու տարին անգամ մը կը տրուի այն անհատին կամ կազմակերպութիւններուն, որոնք նշանաւոր աւանդ ունին մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ կառավարման մարզին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES