ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ

«Հայոց Աշխարհ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի ծերակոյտի փոխնախագահ, Համայնավար կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Կի Ֆիշըր 4 մայիսին ծերակոյտին մէջ տեղի ունենալիք քուէարկութեան ընթացքին պիտի քուէարկէ ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին:

«Այս պայքարին ընթացքին համայնավար երեսփոխանները բաւական կարեւոր ներդրում ունեցած են: 1965-էն սկսեալ, իմ կուսակից ընկերներս պարբերաբար արծարծած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը», նշած է ան «Նուվել տ՛Արմենի» ամսագիրին ուղղած իր նամակին մէջ:

Ֆիշըր  իր նամակին մէջ նաեւ ընդգծած է, որ «ես կ՛ողջունեմ օրինագիծը ծերակոյտի օրակարգին մէջ մտցնելու նախաձեռնութիւնը: Ատիկա ծերակոյտին մէջ պիտի քննարկուի 4 մայիսին: Եթէ այդ օրէնքը վաւերացուի, ատիկա մեծ յառաջընթաց պիտի ըլլայ հայկական հարցին մէջ: Ես կը հաւաստեմ, որ պայքարին համար պիտի ներդրեմ իմ բոլոր ջանքերս»:

Ֆրանսական ծերակոյտի անդամներ Կի Ֆիշըր եւ Ռոպեր Պրեթ առաջարկած են օրինագիծը անուանել «Մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու հրապարակային ժխտման համար քրէական պատասխանատուութեան մասին» օրէնք:

Share this Article
CATEGORIES