50 Տարի Առաջ (21 Նոյեմբեր 1962)

Խմբագրական

Երիտասարդ Լիբանանը

(Անկախութեան 19-րդ Տարեդարձին Առթիւ)

Վաղը` հինգշաբթի, 22 նոյեմբեր, բոլոր համայնքներու պատկանող լիբանանցիները սրտի անհուն հրճուանքով պիտի տօնեն Լիբանանի անկախութեան 19-րդ տարեդարձը: Պիտի տօնեն հպարտութեամբ, որովհետեւ անցնող 19 տարիներու ընթացքին իր զաւակներուն արիւնով ու քրտինքով, անհաշիւ զոհողութիւններով եւ անդադրում պայքարներով շահուած անկախութիւնը ամրապնդուեցաւ ու Լիբանան դարձաւ Արեւելքի սիրտը, գեղահասակ երիտասարդ, որ վստահութեամբ կը նայի ապագային:

Փոքր երկիր մըն է Լիբանան, հազիւ մէկուկէս միլիոն բնակչութեամբ, բայց մեծ է իր բարոյական վարկը միջազգային գետնի վրայ, իբրեւ երկիր մը, որ ձեռնհաս պատուիրակներով կը ներկայացուի միջազգային ժողովներուն մէջ, ներկայացուցիչներ, որոնց խօսքը կշիռ ունի:

Լիբանան իր այս դիրքը կը պարտի բոլոր զաւակներուն անձնուէր գործակցութեան, որ նուիրագործուած է 1943-ի Ազգային ուխտով, երբ բոլոր համայնքները միացան թօթափելու համար Ֆրանսայի հոգատարութիւնը ազատութեան սիրահար այս ժողովուրդի եւ ազատութեան օրրան ու խորհրդանիշ այս երկրին վրայէն:

Այնուհետեւ, շնորհիւ իր բոլոր զաւակներու նուիրումին, Լիբանան լաւագոյնս օգտագործեց անկախութեան ընծայած պատեհութիւնները` կարգի դնելու համար իր տնտեսութիւնը, որ միջազգային մասնագէտներուն իսկ զարմանք պատճառելու աստիճան շատ առողջ վիճակի մէջ է:

Իմաստուն ղեկավարներու առաջնորդութեամբ, Լիբանան դարձաւ փնտռուած անդամը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկային, ուր իր ներկայացուցիչները շարունակ լսուեցան` իբրեւ պատուիրակները երկրի մը, որ իր արժանապատուութիւնն ու ուժը կը փնտռէ բարոյական արժէքներու մէջ:

Գեղեցիկ էր Լիբանանը. այսօր աւելի գեղեցկացած է, անկախութեան այս կարճ ժամանակաշրջանին, իր զաւակներուն ցուցաբերած շինարար եւ ձեռներէց ոգիով, որուն շնորհիւ Լիբանան դարձած է արեւելքի Զուիցերիան` այլ փոքր երկիրներու նախանձը գրգռելով:

Անկախութեան տարեդարձին առթիւ կարելի չէ չյիշել այն ղեկավարները, որոնք իրենց կորովի կեցուածքով իրականացուցին տարիներու իրենց երազը: Այս մեծ օրուան պատիւը եթէ կը պատկանի բոլորին, անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն, աւելորդ տուրք մը տուած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, թէ նոյեմբերի այդ տխուր օրերուն, գտնուեցան մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով` չուզեցին զիջիլ ազգային նուիրական իրաւունքներու գետնին վրայ եւ անկախութեան արշալոյսը բացին ազատատենչ ժողովուրդի մը առջեւ:

Այսօր անոնց քաղաքական արդար վաստակն է, որ գուրգուրանքով կը պահուի բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ, որոնք իրենց Ազգային ուխտով գօտեպնդուած` եղբայրօրէն կը գործակցին նուաճելու համար նոր բարձունքներ:

Իբրեւ մէկ անդամը լիբանանեան ընտանիքին, այս գեղեցիկ երկրին հայութիւնը այլ համայնքներու իր եղբայրներուն հետ կ՛ողջունէ Լիբանանի անկախութեան 19-րդ տարեդարձը` այդ անկախութեան կերտումին իր նպաստը բերած ըլլալու արդար գոհունակութեամբ:

Գիտակից անկախութեան եւ ազատութեան բարիքներուն, դարերով պայքարած այդ երկու նուիրականութիւններուն համար` Լիբանանի հայութիւնը եղբայրօրէն կը մասնակցի այս ասպնջական երկրի զաւակներուն ուրախութեան` բաժնելով անոնց հպարտութիւնն ու ցնծութիւնը:

Հայութիւնը, որ իբրեւ համայնք Լիբանանի հետ զուգընթաց ծաղկած է բարգաւաճ, անոր միւս համայնքներուն հետ ձեռք ձեռքի տուած` պիտի շարունակէ այսուհետեւ եւս իր լայն բաժինը բերել այս գեղեցիկ երկրի վերելքին ու բարգաւաճման:

 

Կեանքը Շթորայի Մէջ

Ուրախալի է, որ Աղբալեան վարժարանի աշակերտութեան թիւը այս տարի անցեալ տարուանին կրկնապատիկն է:

Ուսուցչական կազմը կը բաղկանայ երկու ուսուցչուհիներէ:

Ամէն կիրակի կանոնաւոր կերպով տեղի կ՛ունենայ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան համար լսարան:

Ունինք Հայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղ մը:

Հայ օգնութեան խաչը, իբրեւ հայ կնոջ ստեղծած կազմակերպութիւն, եզակի երեւոյթ է մեր իրականութեան մէջ: Անոր հիմնական առաջադրութիւնն է ազգապահպանում: Այս գերագոյն նպատակը հետապնդելու համար կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը կը գործէ երկու ուղղութեամբ` պահել մեր ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութիւնը եւ ապահովել մայրենի լեզուին եւ հայ մշակոյթին տեւականացումը: Հայոց պատմութիւնը հարուստ է փոխադարձ օգնութեան ազնուագոյն արարքներով: Թանկագին ու անգին է մէկ հայն իսկ, որովհետեւ ան անհատ մը չէ, այլ` ազգի մը մարմինէն, սրտէն ու միտքէն բխած, ներքին հզօր կապերով ազգին ու հայրենիքին միացած բարդ ամբողջութիւն մը:

Տեղւոյս Օգնութեան խաչի վարչութիւնը, իր անդամուհիները քով քովի բերելու եւ խանդավառելու գնահատելի նպատակով մը, նոյեմբեր 7, չորեքշաբթի օր, ժամը 3:00-ին սարքեց հանդէս մը: Եղաւ դասախօսութիւն մը, եւ տրուեցան մանրամասն տեղեկութիւններ Շրջանային վարչութեան եւ Պատգամաւորական ժողովի գործունէութեանց մասին:

Մեր յարգելի քոյրերուն կողմէն եղան արտասանութիւններ եւ մեներգներ: Ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ:

Խորհրդակցութիւններ եղան օգտաշատ ձեռնարկներու մասին:

Անակնկալ մը եղաւ ներկայութիւնը կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչ Վարդան վրդ. Տեմիրճեանին, որ գործով եկած էր հոս եւ Այնճար զբաղելու նոր սերունդի բարոյական դաստիարակութեամբ: Առիթէն օգտուելով հրաւէր եղաւ նաեւ հայր սուրբին, որ խօսեցաւ Հայ օգնութեան խաչուհիներու ամէն տեղ ունեցած ազգօգուտ ձեռնարկներուն եւ ստեղծած շարժումներուն մասին` գնահատելով տարուած աշխատանքները: Եւ յետոյ ծանրացաւ, թէ ինչպէ՛ս հայ եկեղեցին, մեր հայրերուն եւ պապերուն սուրբ եկեղեցին, որ տաք պահած է հայու հոգին ու նպաստած անոր հզօրացման եւ սփոփած զայն կեանքի փորձառութիւններուն առջեւ: Գործելու եռանդ ունեցող վարդապետին խօսքերը լաւ տպաւորութիւն ձգեցին հանդիսականներուն վրայ:

Հանդէսը վերջացաւ թէյասեղանով մը:

Գ. Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES