«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Փալանճեան Քոյրերուն Նուիրատուութիւնը Եւ Նիկոլ Աղբալեանի Մահը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը

Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանի հիմնադրութենէն անցած էին երկար տարիներ: Հին դպրոցաշէնքը այլեւս նեղ կու գար դպրոցական հետզհետէ ընդլայնող կարիքներուն, եւ տնօրէնութիւն ու Համազգայինի պատասխանատուներ լրջօրէն կը մտածէին նոր դպրոցաշէնքի մը հնարաւորութեան մասին: Սակայն, Ճեմարանին եւ Համազգայինի նիւթական անձուկ պայմանները չէին թոյլատրեր գործնականի անցնելու: Այդ ժամանակ ալ Նշան Փալանճեանի քոյրերը` Պայծառ եւ Հրանուշ, իրենց եղբօր յիշատակը յաւերժացնելու համար, կարեւոր նուիրատուութիւն մը կ՛ընեն, կարելի դարձնելով նոր շէնքի գնումը:

12 յուլիս 1947-ի թիւով եւ «Կարեւոր նուիրատուութիւն մը. Համազգայինի Պէյրութի Հայ Ճեմարանը կ՛օժտուի սեփական շէնքով» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ», Գահիրէի «Յուսաբեր»-էն քաղելով կը գրէր.

«Ինչպէս մեր ընթերցողները կը յիշեն, ասկէ երեք տարի առաջ, 1944 յունիս 14-ին, անակնկալաբար իր մահկանացուն կնքեց մեր անզուգական ընկերներէն 43-ամեայ Նշան Փալանճեանը` խոր սուգի մատնելով մեզ բոլորս:

«Յուսաբեր», ինչպէս նաեւ Նշանը մօտէն ճանչցող իր բոլոր բարեկամներն ու ծանօթները դառնօրէն ողբացին այս կորուստը, որովհետեւ յանձին Նշանի անոնք կը կորսնցնէին մոլեռանդօրէն հայրենապաշտ, անդաւաճանօրէն ազգասէր, կարող եւ ձեռներէց տղայ մը, որ արագօրէն բարձր դիրքի մը կը տիրանար` զայն ի վերջոյ յօգուտ իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին ծառայեցնելու համար:

Մահը եկաւ եւ այս ամէնը խափանեց:

Այսօր սակայն, ողբացեալ Նշան Փալանճեանի տարաբախտ քոյրերը` տիկ. Պայծառ Խանճեան եւ օրդ. Հրանուշ Փալանճեան, գէթ չափով մը թէ՛ իրենց անմխիթար հոգիները սփոփելու եւ թէ իրենց յաւէտ պաշտելի եղբօրը անունին արժանի կոթողով մը անոր լոյս յիշատակը յաւերժացնելու համար, կարեւոր նուիրատուութեամբ մը – կանխիկ դրամով փոխանցուած արդէն «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան կից ստեղծուած Գործադիր յանձնախումբի մը, որ պիտի հսկէ նուիրատուութեամբ մատնանշուած նպատակի իրագործումին վրայ – ապահոված են «Համազգային»-ի Պէյրութի Հայ ճեմարանի սեփական շէնքին կառուցումը:

Այլ նուիրատուութեանց, ինչպէս նաեւ շէնքի կառուցման համար «Համազգային»-ի Կեդր. վարչութեան քով պահ դրուած գումարները եւս աւելցնելով այս կարեւոր նուիրատուութեան վրայ` կարելի պիտի ըլլայ Հայ Ճեմարանին ընծայել արդիական բոլոր յարմարութիւններով օժտուած եւ տիպար երկրորդական վարժարանին վայել շէնք մը:

Իրենց ժողովուրդին, հայ մշակոյթին եւ յաւիտենապէս պաշտելի հայրենիքին մատուցած այս մեծ ծառայութեան փոխարէն, «Համազգային»-ի Կեդր. վարչութիւնը, ընդառաջելով Փալանճեան քոյրերու միակ բաղձանքին, սիրով յօժարած է Ճեմարանը այսուհետեւ անուանել «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ:

Ըստ նուիրագրի նախապայմանին, ինչ որ ալ ըլլայ համագումարը այն յաւելուածական դրամներուն, որոնք պէտք պիտի ըլլան շէնքը ամբողջացնելու համար եւ որոնք պիտի հայթայթուին «Համազգային»-ի ընկերակցութեան կողմէ իր միջոցներով եւ կամ այլ անհատներու կամ հաստատութիւններու նուիրատուութիւններով, դպրոցաշինական այս հաստատութեան անունը միշտ պիտի մնայ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ:

Ընկերակցութիւնը պաշտօնապէս եւ մասնաւորապէս յանձնառու կ՛ըլլայ որեւէ պարագային եւ ինչ պատճառով ալ ըլլայ` հանգուցեալ Նշան Փալանճեանի անուան նուիրուած դպրոցին անունը չփոխեր:

Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը

Եթէ Պէյրութի հայ գաղութի թուի նուազման պատճառով «Համազգային»-ը յարմար դատէ յիշեալ վարժարանին հողը եւ շէնքը ծախելու եւ արդիւնքով այլ հայաշատ կեդրոնի մէջ, ըլլայ արտասահման եւ կամ Հայաստան, նոր շէնք մը գնելու կամ կառուցանելու, իրաւասու է այս քայլը ընելու, պայմանով, որ նոր երկրորդական վարժարանի անունը անփոփոխ պահէ` «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ:

Զուր է ըսել, որ Փալանճեան քոյրերը, միշտ իրենց նուիրատուութեան գումարը նկատի առնելով, անկարող պիտի ըլլային ասկէ շքեղ, աւելի հայրենանուէր եւ աւելի ազգօգուտ ձեռնարկով մը յաւերժացնել իրենց պաշտելի եղբօրը յիշատակը` միաժամանակ թարգմանը հանդիսանալով անոր իղձերուն եւ զգացումներուն:

Գաղթահայութիւնը, որուն օտարութեան մէջ մի՛շտ կը սպառնայ «ճերմակ ջարդ»-ը` ուծացումն ու օտարացումը եւ որուն ձեռքը` իբրեւ հատու զէնք այս չարիքին դէմ մաքառելու համար, հայրենադարձէն ետք,- բուռն եւ նուիրական փափաքը բոլոր հայերու – միշտ կը մնայ հայ երկրորդական վարժարանը, այսօրուընէ, Փալանճեան քոյրերու կարեւոր նուիրատուութենէն ետք, այդ զէնքը կ՛ունենայ:

Այս աւետիսը տալով համայն հայութեան, վստահ ենք եւ գիտենք, որ մեզի հետ միասին մեր բոլոր աշխարհացրիւ հայրենակիցները այսօր նոյն անխառն ուրախութիւնը պիտի ունենան եւ մեզ հետ միասին քաղցրութեամբ եւ գոհունակութեամբ պիտի յիշատակեն թէ՛ իր սիրեցեալ ու հայրենասէր քոյրերու եւ թէ համայն Փալանճեան գերդաստանին անունը:

***

Բազմատաղանդ եւ բազմահմուտ մտաւորական, կրթական մշակ եւ մեծանուն գրագէտ, Համազգայինի եւ Հայ Ճեմարանի հիմնադիրներէն ուսուցչապետ Նիկոլ Աղբալեան մահացաւ 1947 օգոստոսին, Շթորայի իր բնակարանին մէջ: Այս առիթով, 17 օգոստոս 1947-ի թիւով եւ «Մեծ հայը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Հայ կեանքի անդաստանէն ներս տերեւաթափը կը շարունակուի մահուան անողոք հողմապտոյտին մէջ: Այնքան արագօրէն իրար կը յաջորդեն անդարմանելի կորուստները, որ սուգի մը քառասունքը չլրացած, սեւաւոր նոր քօղ մը կ՛իջնէ մեր հոգիներուն վրայ:

Տակաւին թաց էին մեր աչքերը Համօ Օհանջանեանի մահուան խորունկ կսկիծով: Տակաւին հայ մամուլը չէր կրցած սպառել անոր մեծաշուք յուղարկաւորութեան նկարագրականը: Բայց ահա շշմեցնող ուրիշ հարուած մը, այս անգամ մեր գաղութէն, մեր աչքին առջեւ, որ շանթահարիչ ուժգնութեամբ կ՛իջնէ մեր վրայ, անդամալուծելով մեր սրտերուն հետ նաեւ մեր բանականութիւնը:

Ինչպէ՞ս հաւատալ երկու բառերու մէջ խտացուած ահաւոր իրականութեան, որ շքեղ ու լուսաճաճանչ կեանքի մը փլուզումը կը գուժէ: Ինչպէ՞ս արձանագրել մանաւանդ այդ անգութ բառերը,-

Նիկոլ Աղբալեան Յանկարծամահ…

Նիկոլ Աղբալեան

Ամէնուս սիրելի աննման Աղբալեանը ոչ եւս է: Հայ բեմին տիտանը, հայ մշակոյթին երկիւղած քուրմը, հայ յեղափոխութեան գաղափարապաշտ զինուորը, քաղցրախօս եւ քաղցրաբարոյ Աղբալեանը անդարձ բաժնուած է մեզմէ:

Իր մահը, իր բարի հոգիին պէս, եկած է հեզիկ եւ անաղմուկ քայլերով, եւ մասնաւոր բարութեամբ մը կարծես տարած է զինք, առանց տանջելու, առանց հոգեվարքի երկարատեւ տառապանքին ենթարկելու անոր յոգնախոնջ մարմինը: Իւղասպառ կանթեղի մը շիջումին պէս բնական եւ գաղտնի մահացում մը փակած է անոր աչքերը այս աշխարհի արեգակին դէմ, որուն անհատնում գեղեցկութիւններուն պաշտամունքը ունեցաւ մինչեւ իր խոր ծերութիւնը:

Այս պահուս, կասկած չունինք, որ ամէն հայ Ն. Աղբալեանի մահը կը սգայ, ինչպէս պիտի սգար իր ընտանիքի ամէնէն հարազատ ու պաշտելի մէկ անդամին դառնաղէտ կորուստը: Որովհետեւ, Աղբալեան այն դէմքերէն էր, որոնք ոչ միայն մեծութեան պատկառանքը կ՛ազդեն,  այլ նաեւ մտերմութեան ամենաջերմ զգացումներով հոգիի հաղորդակցութիւն կը ստեղծեն շրջապատին հետ: Իր խօսքէն, իր շարժումներէն եւ իր գաղափարներէն կը յորդէր ընկերական մարդու այն անհուն հրապոյրը, որ սիրոյ եւ ոգեւորութեան ջերմ մթնոլորտի գիտէր վերածել ամայի անապատն իսկ: Անհաւասարելի մտաւորական, խորաթափանց միտք եւ ստեղծագործ ոգի ըլլալէ առաջ Ն. Աղբալեան ժողովուրդի համեստ զաւակն էր եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր մահը: Զաւակ մը` որ գիտցաւ յետոյ իմաստուն եւ լուսաժպիտ հայրը ըլլալ իր բազմաչարչար ժողովուրդին, տեւաբար անոր ուսուցանելով յաւիտենական ճշմարտութիւններուն եւ իր ցեղային առաքինութեանց աւետարանը:

Արդարեւ, աշխարհական աւետարանիչ մը եւ անվեղար կրօնաւոր մըն էր Աղբալեան իր կեանքի գոնէ վերջին 30 տարիներու ընթացքին: Զրկուած ընտանեկան կեանքի քաղցրութիւններէն, բաժնուած իր զաւակներէն, ան հայ մշակոյթի օճախը դարձուց իր տունը եւ հայոց սիրելի ազգն ալ ըրաւ իր մեծ ընտանիքը:

Նիկոլ Աղբալեանի մահով մեր ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր մեծատաղանդ եւ բազմահմուտ կրթական ու գրական մշակներէն մէկը. ան որքան գրչով, նոյնքան եւ աւելի բեմական խօսքով, տարիներ շարունակ վառ պահած է հայ մշակոյթի արժէքները, սերունդներ դաստիարակած եւ ամբոխներ խանդավառած: Ով որ մէկ անգամ գէթ բախտը ունեցած է լսելու անոր ոգեշունչ բանախօսութիւնը, պիտի չմոռնայ զինք երբեք: Պիտի յիշէ միշտ լուսապսակով շրջանակուած անոր առաքելատիպ դէմքը, հայրենի աղբիւրներու կարկաչին պէս քաղցր ու հարուստ լեզուն, գաղափարներու թռիչքը եւ իր շուրջ առատօրէն ցանած իմաստութեան կայծերը:

Եւ մանաւանդ Հայ Ճեմարանը յանձին Ն. Աղբալեանի կը կորսնցնէ իր կեդրոնական մեծ սիւնը, որ անոր հիմնադրութենէն մինչեւ հիմա, Լեւոն Շանթին հետ միասին տարաւ «Համազգային»-ի կրթական գործին ամբողջ ծանրութիւնը: Նիկոլ Աղբալեանի լաւատեսութիւնը երբեք նահանջ չունեցաւ, իր հիմնած հաստատութեան ամէնէն նեղ վայրկեաններուն իսկ, որովհետեւ  ան բարձր գնահատեց միշտ զոհողութեան ոգին, որուն գործնական ապացոյցները տուաւ իր կեանքին օրինակով»:

Ու հիմա երբ ան կը մեկնի այս աշխարհէն առանց իր երազին ամբողջական իրականացումը տեսնելու, հայ ժողովուրդը խորունկ պաշտամունքով ծունկի կու գայ իր յիշատակին առջեւ իբրեւ աշակերտներու եւ որբացած զաւակներու ստուար բազմութիւն մը, վստահ որ հայութեան պանթէոնին կը յանձնէ յաւէտ անմոռաց եւ անմահ հոգի մը եւս:

Ինք կը հաւատար արդէն հոգիներու անմահութեան եւ հայ ժողովուրդի յաւիտենականութեան` հինաւուրց ճգնաւորի մը երկիւղած յափշտակութեամբ: Այդ անսասան հաւատքը հայ ժողովրդի ոգեկան ուժն է եւ հայ մշակոյթի կենսատու աւիշը:

Յարգանք իր յիշատակին եւ փա՜ռք իր անկորնչելի վաստակին:

*
*    *

Իսկ 19 օգոստոս 1947-ի թիւով եւ «Նիկոլ Աղբալեանի վերջին օրերը» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.

«Մեծատաղանդ գրագէտ-քննադատ, վաստակաւոր ուսուցչապետ եւ գաղափարապաշտ ղեկավար` Նիկոլ Աղբալեանի անակնկալ մահը խոր սուգի մատնեց բովանդակ հայութիւնը: Անակնկալ կ՛ըսենք, որովհետեւ 74 տարեկան այս ծերունին ընդհանուր առմամբ ամրակազմ էր եւ կորովի: Վերջին երկու տարիներու ընթացքին սկսած էր տառապիլ թեթեւ շնչարգելութենէ: Յաճախ կը գանգատէր թէ արիւնը գլուխը կը խուժէ աշխատած միջոցին: Անցած տարի, մօտ շաբաթ մը Ամերիկ. հիւանդանոց մնաց` ընդհ. քննութեան ենթարկուելու համար: Բժիշկները վտանգաւոր հիւանդութեան ոեւէ ախտանիշ չգտան իր վրայ: Թելադրեցին միայն որոշ պահեցողութիւն: Աղբալեան անկէ ի վեր հրաժարած էր ծխախոտէն եւ կը զգուշանար ճարպային ուտելիքներէ:

Իր ամէնէն մեծ ցաւը այն էր, որ չէր կրնար առաջուան պէս գրական լուրջ աշխատանքի մը վրայ կեդրոնանալ: Երկարատեւ ընթերցումն իսկ, որ իր կեանքի գլխաւոր հաճոյքը կազմած է, կը յոգնեցնէր զինք: Դասախօսութիւնները դժուարաւ յանձն կ՛առնէր, որովհետեւ բեմին վրայ, խօսելու պահուն, շունչի պակասը արգելք կը հանդիսանար իր գաղափարներու ազատ յայտնաբերումին: Ուժասպառ եւ յոգնած կ՛իջնէր բեմէն: Դպրոցական վերջին տարեշրջանին ճեմարանի իր դասերն իսկ կէս առ կէս զեղչած էր:

Նիկոլ Աղբալեանի վերջին գործը եղաւ «Պատմութիւն հայ գրականութեան» մեծարժէք հատորը, որ նախապէս «Ակօս»-ի մէջ յօդուածներու ձեւով լոյս տեսաւ եւ յետոյ «Համազգային»-ի կողմէ հրատարակուեցաւ իբրեւ ամբողջ գիրք մը: Այդ հատորը տեսակ մը ընդարձակ ներածականն է Հայ գրականութեան պատմութեան, որուն ծրագիրը ունէր մտքին մէջ, բայց չկրցաւ իրագործել, առողջական վերոյիշեալ պատճառներով:

Վերջերս «Ազդակ Շաբաթօրեակ»-ի մէջ սկսած էր շարունակել Սայաթ Նովայի տաղերուն նուիրուած վերլուծական յօդուածաշարքը եւ խոստացած էր ամբողջացնել զայն: Սակայն այդ գործն ալ ընդհատուեցաւ 10-րդ տաղէն: Երկու երեք օր առաջ, Շթորայի մէջ, տեսակցութեան մը ընթացքին յայտնեց թէ 11-րդ տաղը վերլուծել սկսած է եւ թէ քիչ մը պիտի երկարի, երկու յօդուածի ծաւալը գրաւելով: Աւա՜ղ սակայն, մահը աւելի արագ շարժեցաւ:

Նիկոլ Աղբալեանի համար կազդուրիչ զբաղում մըն էր Շթորայի իր տունը, զոր քար առ քար կանգնած էր իր անձնական հսկողութեամբ, կարելի է ըսել իր իսկ ձեռքերով: Ամէն տարի նոր սենեակ մը կ՛աւելցնէր վրան, նոր պակաս մը կը լրացնէր: Ձմեռն անգամ կը սիրէր շաբթուան քանի մը օրերը մեկուսանալ Շթորա, իր բնակարանին մէջ:

Ն. Աղբալեան յանկարծամահ եղաւ օգոստոս 14-էն 15-ի գիշերը Շթորայի իր տան մէջ: Մահէն քանի մը օր առաջ, Կիրակի օգոստոս 10-ին, նոյն գիւղը հաւաքուած խումբ մը գրողներու հաւաքոյթին մասնակցելով, «Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայ Գրողներու Միութեան» ծրագիրը ձեւակերպեց եւ այդ նպատակին համար կազմուած առժամեայ մարմինին ալ նախագահութիւնը ստանձնեց: Երկու օր յետոյ Պէյրութի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ճեմարանի հողի գնման խնդրին շուրջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան:

Շթորայի իր բարեկամները կը պատմեն թէ մահուան գիշերը Աղբալեան շատ զուարթ տրամադրութիւն ունեցած է: Ոտքով կատարուած երկար պտոյտէ մը վերադառնալով, իրիկունը կ՛անցընէ ընկերներու եւ բարեկամներու հետ. իր սովորական զուարթախոհութեամբ կը խօսի, կատակներ կ՛ընէ, կ՛երգէ նոյնիսկ եւ յետոյ թուղթ կը բանայ: Հիւրերու մեկնումէն յետոյ, ժամը գիշերուան 11-ի ատենները, խոհանոց կը մտնէ եւ հոն յանկարծակի տագնապէ մը բռնուած գետին կ՛իյնայ անշունչ: Ոչ ոք լուր կ՛ունենայ աղէտէն: Առտուն կանուխ երբ իրեն սուրճ տանող հայ օրիորդ մը (Ճեմարանի շրջանաւարտուհիներէն) վեր կը բարձրանայ, զարմանքով կը տեսնէ որ Ն. Աղբալեան կօշիկներով եւ հագուստով պառկած է խոհանոցին մէջ: Վայրկեան մը կը խորհի թէ իր սիրելի ուսուցիչին քունը տարած է հոդ եւ չէ կրցած անկողին մտնել: Կը մօտենայ, կ՛ուզէ արթնցնել, կը շարժէ թեւը եւ զգալով յանկարծ թէ մարմինը սառած է` բարձրաձայն կը ճչայ: Վարէն ու քովէն տնեցիները օգնութեան կը հասնին: Բժիշկներ կը հաստատեն թէ Ն. Աղբալեան մեռած է մօտ 6 ժամէ ի վեր:

Ահա այսպէս, բոլորին սիրոյ եւ պաշտամունքի առարկայ մեծատաղանդ մտաւորականը մեր աշխարհէն կը մեկնի լուռ ու մունջ, զգուշաւորութեամբ, առանց ոչ ոք անհանգստացնելու եւ առանց ինքն ալ տառապելու…»:

Նիկոլ Աղբալեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի 20 օգոստոս 1947-ին, Պէյրութի Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ: 21 օգոստոսի տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր, որ քսան հազարէ աւելի սգակիրներ, հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն մասնակցեցան Նիկոլ Աղբալեանի մեծաշուք յուղարկաւորութեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES