Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ը «Կրթութիւն Եւ Կարիերա
Էքսփօ-2012»-ին Ներկայացած Է Կարիերայի
Զարգացման Ծրագրով
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը տեղեկացնէ, որ բացումը կատարուած է «Կրթութիւն եւ կարիերա էքսփօ-2012» ցուցահանդէսին, որուն «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մասնակցած է Կարիերայի զարգացման ծրագիրը ներկայացնող տաղաւարով:
Կարիերայի զարգացման ծրագրի շրջանակներուն մէջ ուսանողներուն, դասախօսներուն, աշակերտներուն եւ առհասարակ կրթական ոլորտի բարելաւման ուղղուած բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուած են:
Ծրագրի քառամեայ գոյութեան ընթացքին աւելի քան 5000 ուսանողի համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէնը 64 անգամ դասախօսած է: Համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է ընկերութեան եւ մօտաւորապէս 37 բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու միջեւ, 26 բաց դռներու օր կազմակերպուած է Երեւանի եւ մարզերու դպրոցներու աւելի քան 450 աշակերտի համար: Ընկերութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» դպրոցի ուսուցողական 6 դասընթացք, նաեւ ընկերութեան համապատասխան բաժիններու մէջ գործնական փորձառութիւն շահած են աւելի քան 250 ուսանող, Հայաստանի զանազան համալսարաններէ 200 ուսանող մասնակցած է Կրթական ֆոնտ ծրագրին, մօտաւորապէս 29 համալսարան համալրուած է համացանցի հասանելիութեամբ համակարգչային լսարաններով, ինչպէս նաեւ նոր համակարգիչներով, տպիչներով, ինթերաքթիւ գրատախտակներով, լուսարձակներով, փոխանջատիչներով եւ ժամանակակից այլ արհեստագիտական նորութիւններով:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը այն սակաւաթիւ ընկերութիւններէն է, ուր յատուկ կարիքներ ունեցող մարդիկ կրնան լիովին ինքնադրսեւորուիլ եւ լրացնել իրենց մասնագիտական ներուժը եւ հմտութիւնները: Հաղորդենք, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մէջ կ՛աշխատին յատուկ կարիքներով 37 աշխատակից:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Կարիերայի զարգացման ծրագիր մշակած է, որպէսզի օգնէ ուսանողութեան` տեսական եւ գործնական գիտելիքները համադրելու հարցին մէջ: «Այսպիսով, կը ցանկանք տարիներու ընթացքին ընկերութեան կուտակած գործնական գիտելիքներու հսկայական պաշարը փոխանցել Հայաստանի երիտասարդներուն, ինչ որ անոնց պիտի նպաստէ ինքնադրսեւորուելու եւ ապագայ կերտելու` հայրենիքի մէջ», բացման խօսքին մէջ նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Յիշեցնենք, որ «Կրթութիւն եւ կարիերա էքսփօ-2012»-ը տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 14-16` Երեւանի ուսողութեան գիտական հետազօտական հիմնարկին մէջ (Մերգելեան): Ցուցահանդէսին նպատակն էր աշակերտութեան եւ ուսանողութեան ժամանակակից կրթութեան վերաբերող համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցել, նաեւ` կրթօճախ-ձեռնարկութիւն համագործակցութեան նպաստել, աշխատաշուկային մէջ առաւել մեծ պահանջարկ ունեցող մասնագիտութիւններու մասին հանրութիւնը տեղեկացնել, աշխատանք փնտռողներու եւ գործատուներու միջեւ հանդիպումներ կազմակերպել, ինչպես նաեւ` կրթական նոր ծրագիրներու շուրջ պետական, մասնաւոր եւ հասարակական կազմակերպութիւններ համախմբել:
Նշենք, որ ձեռնարկին գլխաւոր աջակիցն էր` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը:
Սկսած Է Ցեղասպանութեան Թանգարանի
Նոր Մասնաշէնքին Շինարարութիւնը
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ արդէն իսկ սկսած է թանգարանի նոր մասնաշէնքին շինութիւնը: «Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հաստատած է մասնաշէնքին նախագիծը, եւ շինարարական աշխատանքները թանգարանի հիմնական շէնքին արեւմտեան եւ արեւելեան թեւերէն արդէն իսկ սկսած են», նշած է ան:
Հ. Դեմոյեան դիտել տուած է, որ նախագիծին հեղինակը Սաշուր Քալաշեանն է, որ նաեւ Մեծ եղեռնի զոհերու յուշահամալիրին եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնական շէնքի նախագիծերուն հեղինակներէն է:
Կը նախատեսուի, որ նոր մասնաշէնքին բացումը կատարուի 24 ապրիլ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:
Հ. Դեմոյեան տեղեկացուցած է, որ «Շինարարութեան աւարտէն ետք այդ տարածքը եւ թանգարանին հիմնական տարածքը պիտի օգտագործուին հին եւ նոր արխիւային նիւթերու ցուցադրութեան համար: Վերջին 4 տարիներուն ընթացքին թանգարանին արխիւին մէջ Մեծ եղեռնը փաստող նիւթերու բնօրինակներուն թիւը կրկնապատկուած է», շեշտած է ան:
«Եթէ Բոլորը…» Ժապաւէնը «Լուչեզարնի Անկել»
Փառատօնին Երկրորդ Հանդիսացած Է
Միջազգային բարեսիրական 9-րդ «Լուչեզարնի անկել» շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին արցախեան պատերազմին վերաբերող «Եթէ բոլորը…» ժապաւէնը գրաւած է երկրորդ դիրքը: Ժապաւէնի արտադրող Միքայէլ Պօղոսեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այս լուրը փոխանցած է լրագրողներուն` նշելով, որ 11 նոյեմբերին վերադարձած է` 1-10 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ կայացած փառատօնէն:
«Ժապաւէնը ստացաւ երկրորդ մրցանակը բարութեան, գթասրտութեան, արդարութեան եւ դիմացինի հանդէպ սէր ցուցաբերելու համար», յայտնած է Մ. Պօղոսեան: Ըստ անոր, այս անուանակարգին համար կը պայքարէին 67 ժապաւէններ:
«Եթէ բոլորը…» ժապաւէնը ցուցադրուած է 4 նոյեմբերին` մրցումին բացումը կատարելով:
«Լուչեզարնի անկել» փառատօնին հիմնական տեղը գրաւած է Ալեքսանտր Քասատկինի եւ Նաթալիա Նազարովայի ժապաւէնը:
Բարեսիրական փառատօնի կազմակերպիչներուն համաձայն, փառատօնը կը միտի կեանքի կոչել «բարի շարժապատկերը», որ նաեւ ընտրուած է իբրեւ փառատօնի խորագիր: Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած են տասը երկիրներու բեմադրիչներու կողմէ պատրաստուած 300 ժապաւէններ:
Փառատօնին հոգաբարձուներու խորհուրդը կը գլխաւորէ Ռուսիոյ ընկերային-մշակութային գաղափարներու ֆոնտի ղեկավար Սվեթլանա Մետվետեւան:
Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց բանակի 20-ամեակին նուիրուած ժապաւէնը 9 հոկտեմբերին մասնակցած էր «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան` «Լաւագոյն օտար լեզուով ժապաւէն» անուանակարգին մէջ:
Նշենք, որ «Թիմ փրոտաքշըն»-ի եւ Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին միացեալ արտադրութիւնը եղող ժապաւէնին մէջ կը հնչէ հատուած մը` երգչուհի Լիլիթ Պիպոյեանի երգերէն, իսկ ժապաւէնին երաժշտական բաժինի պատասխանատուն է Վահագն Հայրապետեանը:
Հրատարակուած Է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ.
Վերապրողներու Վկայութիւններ» Եռահատորը
Հայաստանի ազգային արխիւը հրատարակած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. վերապրողներու վկայութիւններ» փաստաթուղթերու եռահատոր ժողովածուն: Վերջերս «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ կայացաւ այդ ժողովածուին շնորհահանդէսը:
Տեղեկացնենք, որ ժողովածուին գլխաւոր խմբագիրը, հեղինակը եւ կազմողը` պատմական գիտութիւններու տոքթոր, Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանն է: Ժողովածուն նախապատրաստուած եւ հրատարակուած է «Վան» հասարակական կազմակերպութեան նիւթական յատկացումով:
Եռահատորին մէջ ներկայացուած են Մեծ եղեռնի վերապրողներու վկայութիւններ, որոնց մէջ անժխտելի փաստերու հիման վրայ բացայայտուած են թրքական իշխանութիւններու կողմէ 1915-ին հայ բնակչութեան ոչնչացումը նպատակադրած ծրագիրը եւ իրականացուցած գործողութիւնները, կազմակերպիչներու եւ իրականացնողներու անունները, հայութեան կրած կորուստները, ներկայացուած են նաեւ հայութեան մղած ինքնապաշտպանական կռիւները, փրկուած բնակչութեան գաղթը դէպի Անդրկովկաս եւ ճանապարհին տրուած զոհերը:
Առաջին հատորին մէջ ներկայացուած է Վանի նահանգը, երկրորդին մէջ` Բաղէշի, երրորդին` Կարնոյ, Խարբերդի, Տիգրանակերտի, Սեբաստիոյ, Տրապիզոնի նահանգները եւ Պարսկահայքը:
Երեք հատորներն ալ ամբողջական կը համարուին իրենց մէջ ներառուած լուսանկարներով, որոնք առնուած են` Հայաստանի Ազգային արխիւին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին եւ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամին մէջ պահուող լուսանկարներէն, նաեւ` փաստաթուղթերու լուսապատճէններէն եւ տեղեկագրական քարտէսներէն:
«Եղեռնի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ այս մէկը կարելի է համարել առաջինը», նշած է Ամատունի Վիրաբեան: Ան յայտնած է, որ գիրքերը կը թարգմանուին թրքերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ ռուսերէնի` համաշխարհային հանրութեան առաւել հասանելի դարձնելու նպատակով:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից-անդամ Աշոտ Մելքոնեան կարեւոր համարած է ժողովածուի գիտական-քաղաքական նշանակութիւնը: «Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ մենք լուրջ կռուան ունինք թուրքերու դէմ պայքարելու համար: Ժողովածուին մէջ գիւղ առ գիւղ, գաւառ առ գաւառ կը ներկայացուի ամբողջ Արեւմտահայաստանի ցեղասպանութեան ահռելի պատկերը», ընդգծած է ան:
Ժողովածուին շնորհահանդէսին առիթով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հայրապետական կոնդակը կարդացած է Ասողիկ քհնյ. Կարապետեանը:
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի պատասխանատու Վլատիմիր Վարդանեան ներկայացուցած է գիրքին մէջ հրատարակուած փաստաթուղթերուն իրաւական նշանակութիւնը, որոնք կրնան իբրեւ հիմք հանդիսանալ պահանջատիրութեան համար:
Յայտնենք, որ ձեռնարկին ներկայ գտնուած էին` քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ, պատմաբաններ, մշակութային գործիչներ, հոգեւորականներ եւ այլ անձնաւորութիւններ:
«Մոսկուա» Սրահին Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Պարային
Ներկայացում Մը` Նուիրուած Սփիւռքահայերուն
Նոյեմբեր 23 եւ 24-ին «Մոսկուա» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ներդուրս» խորագիրով պարային ներկայացում մը: Այս մասին լրագրողներուն հետ հանդիպման մը ընթացքին տեղեկացուցած է ներկայացման բեմադրող Թենի Մաթեան: «Ներդուրս»-ը նուիրուած է սփիւռքահայերուն. «Ես իրանահայ եմ, երկար ժամանակ ապրած եմ Անգլիա, որմէ ետք փոխադրուած եմ Հայաստան: Իբրեւ արդիւնք այս բոլոր տեղափոխութիւններուս` մէջս ներսի եւ դուրսի ապրումները արտայայտելու փափաքը յառաջացաւ, եւ բեմադրեցի այս ներկայացումը», ըսած է ան:
Պարուսոյցին խօսքով, ներկայացումին մէջ ներգրաւած են 14 պարողներ` հիմնականօրէն Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի դերասաններ, ինչպէս նաեւ` երեւանեան համալսարաններու ուսանողներ, բայց անոնցմէ մէկը` Շաքէ Չիլինգարեանը, պիտի գայ Լոնտոնէն: «Ան ներկայացման գլխաւոր կերպարը պիտի մարմնաւորէ, եւ անպայման կ՛ուզէի, որ այս դերը ներկայացնէ սփիւռքահայ մը», նշած է Թ. Մաթեան:
Ան շեշտած է նաեւ, որ ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ «պար եւ պաստառ» ձեւաչափով, իսկ պարային շարժումներուն պիտի ուղեկցին տեսաձայնագրութիւն եւ երաժշտութիւն, որուն յօրինողը Վահան Արծրունին է: «Բեմադրութեան գաղափարին մասին պատմեցի Արծրունիին, եւ վերջինս ըսաւ, որ մօտաւորապէս 70 վայրկեան տեւողութեամբ երգաշար մը ունի գրուած: Այդ երգաշարէն ներկայացման համար ընտրեցի 45-ը, այդքան ալ պիտի ըլլայ ձեռնարկին տեւողութիւնը: Երաժշտութիւնը հիմնականին մէջ ընտրեցի Ուըրտ միուզիքի տեսակէն, կան նաեւ արեւելեան մոթիւներ», ըսած է պարուսոյցը: Ըստ անոր, ներկայացման հրաւիրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:
Երեւանի Մէջ 21 Նոյեմբերին Տեղի Պիտի Ունենայ
Հայ Երաժիշտներու Փառատօնը
Հայ երաժիշտներու փառատօնը` «Չուխաճեան ֆեստ»-ը, պիտի կայացուի նոյեմբեր 21-ին: Այս մասին նշած է Հայաստանի պետական-երիտասարդական նուագախումբի տնօրէն Աննա Տէր Յովակիմեանը: Ան հաղորդած է, որ այս տարի փառատօնը նուիրուած է հայ ազգային օփերայի արուեստի հիմնադիր, երգահան Տիգրան Չուխաճեանի 175-ամեակին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի երգահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան 80-ամեակին: «Կայանալիք նուագահանդէսը շատ կարեւոր է, ելոյթ պիտի ունենան նաեւ` Ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը, Նարեկ Հախնազարեան, Հայկ Դաւթեան եւ այլ նուագախումբեր», ըսած է ան: Ըստ անոր, նոյեմբեր 21-ին տեղի պիտի ունենայ Ալեքսանտր Սպենդիարեանի օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի սիմֆոնիք նուագախումբին եւ երգչախումբին նուագահանդէսը` անուանի խմբավար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Կարէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:
Յիշեցնենք, որ սիմֆոնիք նուագախումբին ղեկավարն է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Կարէն Դուրգարեան:
Ըստ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սերգէյ Սմբատեանին, «Միասին փրկենք փոքրիկներուն» խորագրին տակ պիտի շարունակուի բոլոր նուագահանդէսներուն իւրաքանչիւր ծախուած տոմսի արժէքին տասը առ հարիւրը նուիրել «Նուիրիր կեանք» բարեգործական հիմնադրամին: «Այս պարագային շեշտը կը դրուի բարոյական չափանիշին վրայ, որ թերեւս մեծ հարցեր չի լուծեր, սակայն կը փորձենք աջակցիլ փոքրիկներուն», յայտնած է Ս. Սմբատեան:
Տեղեկացնենք, որ «Նուիրիր կեանք» հիմնադրամը ստեղծուած է 2009 թուականին, Ռուսիոյ համանուն հիմնադրամի աջակցութեամբ: «Նուիրիր կեանք» հիմնադրամին առաքելութիւնն է` օգնութեան ձեռք երկարել փոքրիկներուն, մանաւանդ` քաղցկեղէ եւ արեան հիւանդութենէ տառապող հայ մանուկներուն կեանքի փրկութեան:
«Ոսկէ Ծիրան»-ը Անիւներու Վրայ
Վայոց Ձորի մարզի Եղէգնաձոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկէ ծիրանը անիւներու վրայ» ծրագիրը:
Փառատօնին բացումը տեղի ունեցաւ Եղէգնաձորի մշակոյթի տան մէջ` բեմադրիչ Նաթալիա Պելեաուսկենէի, շարժանկարի արտադրիչ, դերակատար Միքայէլ Պօղոսեանի «Եթէ բոլորը» շարժանկարով:
Յաջորդ օրերուն ցուցադրուեցան Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները», Արթուր Խուտոյեանի «Ինձ աշուղ են ասում», Կասիանա Տէր Յարութիւնեանի, Սեզար եւ Կարի Կանանեաններու «Հայկական ռապսոթիա» վաւերագրական շարժանկարները, ինչպէս նաեւ «Ոսկէ ծիրան 9-րդ» Երեւանի միջազգային փառատօնի երկար շարժանկարներու մրցութային անուանակարգին մէջ առաջին մրցանակին արժանացած Ս. Լոզնիցայի «Մշուշի մէջ» շարժանկարը:
Նշենք, որ «Շարժանկարներ` առանց սահմաններու» ծրագիրով «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը նոյեմբեր 2-9 հիւրընկալուած էր Մինսքի 19-րդ «Լիստոպաթ» միջազգային փառատօնը:
Փառատօնի ծիրին մէջ ցուցադրուած են Միգա Վաթինեանի, արտադրող, բեմագրութեան հեղինակ, գլխաւոր դերակատար Արմինէ Անտայի «Ժաննան եւ ձայները» եւ բեմադրիչ Նաթալիա Պելեաուսկենէի, արտադրիչ, դերակատար Միքայէլ Պօղոսեանի «Եթէ բոլորը» շարժանկարները:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը
Հանրագիտարաններ Եւ Գիտադարաններ
Նուիրած Է Դպրոցներուն
«Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք 2012»-ի ծիրին մէջ եւ հայ տպագրութեան 500-ամեակին առիթով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պատմական եւ բնագիտական հանրագիտարաններ եւ գիտադարաններ նուիրած է Հայաստանի երկու տասնեակէ աւելի դպրոցներու, ինչպէս նաեւ` Շուշիի Աբովեանի անուան դպրոցին:
Այս նախաձեռնութեամբ հիմնադրամը կը միանայ տարուան ընթացքին գործադրուած եւ մինչեւ 2013-ի 23 ապրիլը տեղի ունենալիք այն քայլերուն, որոնք կը միտին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ իրականացնել գրատպութեան, ընթերցանութեան եւ գրաւոր արժէքներուն նուիրուած ձեռնարկներ:
Վերջին տարիներուն հիմնադրամը նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է մասնաւորապէս Հայաստանի եւ Արցախի այն քանի մը տասնեակ համայնքներուն մէջ, ուր համայն հայութեան ջանքերով կառուցած կամ հիմնովին նորոգած է կրթօճախներ` դպրոցներ, գրադարաններ, մշակութային կեդրոններ: Այս ձեռնարկը կը նպատակադրէ, գեղեցիկ եւ լուսաւոր դասարաններու կողքին, պատանիներուն փոխանցել այն սէրն ու հետաքրքրութիւնը, զորս հայ ժողովուրդը ունեցած է դպրութեան, մշակոյթի, գիտութեան նկատմամբ, եւ զորս ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման երկարամեայ պատմութեան ընթացքին փոխանցած է մեզի` ոսկետառ մատեաններուն հետ:
«Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի համաձայն, հայրենիքի վերաշինութեան նպատակով ի գործ դրուած աշխատանքները երկրին մէջ յառաջընթաց կ՛ապահովեն միայն այն պարագային, երբ անոնք կը զուգորդուին մշակոյթի ու դպրութեան պահպանման ի նպաստ տարուած համընդհանուր ջանքերուն: «Մենք կը ցանկանք գիրքը վերադարձնել մեր պատանիներու սեղաններուն», յայտնած է Ա.Վարդանեան:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ
«Վահագնի Ծնունդը Կամ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի
Երկրորդ Գալուստը» Գիրքի Եւ «Յիսուսի
Երկրորդ Գալուստը» Կտաւի Շնորհահանդէսին
Նոյեմբեր 7-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Գրիգոր Մովսիսեանի հեղինակած «Վահագնի ծնունդը կամ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալուստը» գիրքի գինեձօնին: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Գէորգ եպս. Սարոյեան: Ան նշեց. «Գիրքի ոգին ընկալելու համար պէտք է ճանչնալ հեղինակը, եւ այս պարագային իր հոգեւորականի հաւատքը եւ մտքերը կ՛արտացոլան իր գրութիւններուն մէջ»: Ներկայացուած գիրքին նիւթը, հոգեւոր գաղափարներէն բացի, ունի նաեւ պատմական բանասիրական հիմք: Հեղինակը նշած է, որ երկար ժամանակ իրեն հանգիստ չէ ձգած այն միտքը, որ «Վահագնի ծնունդը» բանաստեղծութիւնը նուիրուած է հեթանոս աստուածներու: Ճշմարտութեան բացայայտման անհանգստութիւնը փարատելու համար Գ. Մովսիսեան խնդրած է Աստուծմէ, որ օգնէ իրեն փնտռելու եւ գտներու զայն: Այսպիսով, Աստուածաշունչի ընթերցումները զայն յանգեցուցած են այն եզրակացութեան, որ նշուած է գիրքին մէջ: «Վահագնի ծնունդը կամ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալուստը» գիրքին էջերը նկարազարդուած են գեղանկարիչ Մայիս Մխիթարեանի կողմէ:
Հաղորդենք, որ գինեձօնին ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Մայիս Մխիթարեանի «Յիսուսի երկրորդ գալուստը» մեծածաւալ կտաւը:
«Տաղարան»-ը Հանդէս Պիտի Գայ Յարութիւն
Տելալեանի 75-ամեակին Նուիրուած Համերգով
Հայաստանի հնագոյն երաժշտութեան «Տաղարան» խումբը նոյեմբեր 22-ին Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ հանդէս պիտի գայ համերգային ծրագրով` «100 համերգ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին. ոգեկոչում. նուիրում Յարութիւն Տելալեանի 75-ամեակին»: Ելոյթին պիտի հնչեն Կոմիտասի եւ Յ. Տելալեանի ստեղծագործութիւնները: Այս մասին տեղեկացուցին Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մամուլի ծառայութենէն:
Նշենք, որ «Տաղարան»-ին գեղարուեստական ղեկավարը եւ խմբավարն է Սեդրակ Երկանեան, իսկ մենակատարներն են` Լուսինէ Մարկոսեան (սոփրանօ), Սոֆիա Սայատեան (սոփրանօ), Պերճ Քարազեան (թենոր), Թերեզա Ոսկանեան (երգահան), Սեդրակ Երկանեան (դաշնակ), Մհեր Մնացականեան (քլարինեթ):
Նշենք, որ «100 համերգ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին» ձեռնարկներուն շարքը կը ներառէ 100 համերգ, որ պիտի կայանայ 2011-2015 թուականներուն, Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ: Ծրագրին բացումը կատարուած է 19 նոյեմբեր 2011-ին:

