Սուրիացի Զինեալները Կը Կորսնցնեն Ժողովրդային Նեցուկը

«Նիւ Եորք Թայմզ», «Եու.Փի.Այ.» եւ բազմաթիւ այլ լրատուական աղբիւրներ յաջորդական յօդուածներով կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալները կորսնցուցած են իրենց ժողովուրդին համակրանքն ու աջակցութիւնը` իրենց քստմնելի արարքներուն պատճառով:

Սկզբնական հանգրուանին Դամասկոսի իշխանութեան ընդդիմադիրներուն համակրած շրջանակներ դադրած են քողարկելէ իրենց ընդվզումն ու խորշանքը զինեալներու վատ ծրագրուած գործողութիւններէն, անոնց պատճառած աննպատակ կամ ինքնանպատակ աւերէն, եւ մանաւանդ` ոճրային արարքներէն, այսինքն` թալան, բռնաբարում եւ գերիներու ու քաղաքայիններու սառնասիրտ սպանութիւն:

Հանրութեան տրամադրուածութիւնն ու վերաբերումը «փապլիք ռիլէյշընզ»-ի` հասարակութեան հետ կապի պարզ հարց մը չէ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն համար, որոնք միազօդուած չեն, եւ պետական ուժերու հարուածներէն խուսափելու կամ անոնց դիմանալու համար կարիքը ունին առաջին հերթին ժողովրդային նեցուկի:

«Նիւ Եորք Թայմզ» բացատրեց, որ ժողովրդային նեցուկի կորուստը անդարմանելիօրէն կը տկարացնէ ընդդիմադիր զինեալները: Ան բացատրեց, որ համակրութեան նահանջը սկսաւ այն օրէն, երբ ընդդիմադիրներու շարքերուն մէջ զէնք վերցուցած քաղաքայիններուն եւ բանակը լքած զինուորներուն համեմատութիւնը նուազեցաւ ի նպաստ տեղացի եւ օտար «ժիհատ»-ական արմատականներու եւ առիթը օգտագործող աւազակախումբերու:

Մեծագոյն վնասը պատճառեց ծայրայեղականներու համեմատութեան աճը, որ երկփեղկեց ընդդիմութեան համակիր զանգուածը, ըսաւ «Եու.Փի.Այ.», նկատել տալով, որ ժողովուրդին եւ ընդդիմութեան մէկ հատուածը զօրավիգ կանգնեցաւ արմատականներուն, մինչ ուրիշ մը կառչած մնաց աշխարհիկ, ժողովրդավարական եւ ազատ երկիր կերտելու տեսլականին:

 

Share this Article
CATEGORIES