Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կը Հաստատուի Նախկին ՀԵՀՈՄ–ականներու Միութիւն
Ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրին` Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամները ուրբաթ երեկոյեան հաւաքուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, վեհափառ հայրապետին շուրջ: Խօսք առնելով` նախկին ՀԵՀՈՄ-ական Յակոբ Հանտեան անդրադարձաւ անցնող շուրջ յիսուն տարիներուն ՀԵՀՈՄ-ի կատարած աշխատանքին: Իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ ան շեշտեց համալսարանական ուսանողները քով-քովի բերելու եւ մեր գաղութի կեանքին մէջ անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու գծով ՀԵՀՈՄ-ի կարեւոր դերը, եւ ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներ հաւաքուած են նոյն միութեան ծննդավայրը դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնին մէջ` այս անգամ շրջանաւարտ ՀԵՀՈՄ-ականներու միութիւն մը յառաջացնելու հեռանկարով:
Վեհափառ հայրապետը նախ ողջունեց այս գեղեցիկ երեւոյթը, երբ` «համալսարանաւարտ երիտասարդներ քով-քովի գալով` կը փորձեն միասնաբար մտածել, ծրագրել, աշխատիլ ու կազմակերպել, որպէսզի հայ համայնքը իր կառոյցներով ու հաւաքական կեանքով դառնայ աւելի կազմակերպ ու կենսունակ»: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց համալսարանաւարտներուն դերը մեր կեանքին մէջ: «Ներկայ աշխարհը մասնագիտութեան աշխարհ է: Հարցերուն կամ ծրագիրներուն մակերեսային, հապճեպ, սիրողական մօտեցումները ընդունելի չեն ընկերութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Մեր կեանքէն ներս եւս յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի մասնագիտական մօտեցումներու` քաջալերելով երիտասարդ մասնագէտներու պատրաստութիւնը»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Գաղութներուն տուած իմ հովուապետական այցելութիւններուս ընթացքին առաջնահերթ կարեւորութիւն տուած եմ հանդիպելու երիտասարդներու, մանաւանդ` համալսարանականներուն հետ, որովհետեւ անոնք կ՛ապահովեն մեր գաղութին կենսունակութիւնը, զարգացումը ու յառաջդիմութիւնը: Հարկ է ամէն ճիգ թափել, որպէսզի մեր համալսարանականները հեռու չմնան մեր կեանքէն: Անոնք իրաւունք չունին հայ կեանքի լուսանցքին վրայ ըլլալու. անոնց տեղը մեր կեանքի մայր էջին վրայ է, եւ մասնակցողի, ո՛չ դիտողի, գործողի, եւ ո՛չ սոսկ թելադրողի, առաջնորդողի եւ ո՛չ հետեւողի դերով»:
Ապա վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ տարի մը առաջ նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներէ բաղկացած խումբ մը իր թելադրութեամբ աշխատանք մը կատարած էր` ընդհանուր ուղեգիծ մը պատրաստելու: «Մեր նպատակն է,- ըսաւ վեհափառ հայրապետը,- առաջին հերթին Լիբանանի մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները ի մի համախմբել, ապա մեր զանազան գաղութներուն մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները մասնակից դարձնել այս գործընթացին, եւ վերջապէս, այս շարժումին ծիրը ընդլայնելով` բոլոր հայ համալսարանաւարտները ներառել նոյն գործընթացին մէջ: Անհրաժեշտ է հանգրուանային կերպով յառաջանալ,- շեշտեց վեհափառը,- եւ աւելին. մեր նպատակը միութիւն կամ կառոյց կամ կազմակերպութիւն յառաջացնել չէ, այլ համալսարանաւարտները մղել է ու քաջալերել` միասին մտածելու, ծրագրելու ու աշխատելու մեր գաղութներէն ներս»:
Ապա ներկաները խօսք առին եւ իրենց ուրախութիւնը ու մանաւանդ պատրաստակամութիւնը յայտնեցին մասնակից դառնալու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները հաւաքական աշխատանքի մղող այս յոյժ կարեւոր ծրագրին:
Հաւաքին ներկայ էին շուրջ հարիւր նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներ: Յայտնենք, որ ՀԵՀՈՄ-ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ յառաջացած շարժում մըն է 1963-ին, եւ ՀԵՀՈՄ-ին առաջին հոգեւոր պատասխանատուն եղած է Գարեգին վարդապետ (ապա` կաթողիկոս) եւ յաջորդաբար միաբան հայրեր ստանձնած են հոգեւոր խորհրդատուի պաշտօնը:

