Զանգուածները Ընդվզեցնող Զարգացումներուն Խորքը (3). Իշխանաւորներու Նոր «Դասակարգ»-ը Եւ Անկէ Արտաքսուողները
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աշխարհատարած անհաւասարութեան, տնտեսական-ընկերային ծանր տագնապին իսկական կերտիչներուն կողմէ ստեղծուած իրական կամ շինծու շղարշները, առօրեայ թէ բազմամեայ տագնապներէն բարձրացող ծուխերը ընդհանրապէս պատճառ կ՛ըլլան, որ երկարաշունչ սադրանքները, անոնց հեղինակներուն հետ միասին, մնան տեսողութեան դաշտերէն հեռու:
Սակայն եթէ ճիգ ընենք թափանցելու տարբեր երկիրներու` գեր-պետութեանց թէ երկրորդ-երրորդ աշխարհի երկիրներու կառավարութեան վարիչներու էութենէն ներս, բնականաբար կը հետեւին քանի մը զիրար լուսաբանող հարցականներ: Արդ, եթէ անոնք միայն երեւութապէս, խօսքէն անդին չանցնող սահմաններու մէջ կը ներկայանան իբրեւ ժողովուրդի շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանները, ուրեմն որո՞ւ ուղղուած է անոնց հաւատարմութիւնը, որո՞ւ գործակատարներն ու կամակատարներն են անոնք, այսինքն` երեւցող նախագահներ, կառավարութեանց անդամներ, խորհրդարանականներ (գոնէ անոնց մեծամասնութիւնը) որո՞նց սայլին լծուած են:
Ծուխի շղարշէն անդին անցնող ակնարկ մը բաւական է տեսնելու, թէ աշխարհի տարածքին, մեծ ու փոքր երկիրներու մէջ վերջին տասնամեակներուն յառաջացած է իշխանաւորներու «դասակարգ» մը, որ խորքին մէջ ներկայացուցիչն ու պաշտպանն է (փոխադարձաբար նաեւ` պաշտպանեալը) աշխարհատարած ընկերութիւններու, որոնց իրողական տիրակալութիւնը չէ «կաշկանդուած» այս կամ այն հզօր երկրին, մինչեւ իսկ որոշ ցամաքամասի մը սահմաններով, այլ պատմուճանը տարածած են բազմաթիւ երկիրներու, ցամաքամասերու վրայ` հետեւելով աշխարհը, իր բոլոր երկիրներով ու ժողովուրդներով, իրենց տնտեսական մականին ստրուկները դարձնելու սկզբունքին: Այդ ընկերութիւնները կրնան ըլլալ իրարու հետ գործակից կամ մրցակից. այդ գործակցութենէն-մրցակցութենէն կը ծնին դէպքեր, զարգացումներ, որոնք առերեւոյթ կը դիտուին այս կամ այն հզօր պետութեան դիմակով, այսինքն խնդրոյ առարկայ իշխանութիւնները դիմակ կը ծառայեն բեմին յետսամասը գրաւող հսկաներուն, ստիպուած են գործել անոնց շահերուն քմահաճութեամբ եւ ո՛չ թէ անպայման իրենց երկիրներուն շահերուն թելադրանքով:
Անցեալին մարդիկ սովորութիւն ունէին ամէն բանի ետին «Անգլիոյ մատը» տեսնելու. հիմա մատները բազմացած են. անգլիականին կողքին, կան` ամերիկեանը, հրէականը (Միջին Արեւելքի մէջ իսրայէլեանը), երբեմն` ֆրանսականը, ռուսականը, չինականը, ճափոնականը եւ… ցանկը կարելի է երկարել: Այս մեկնաբանութիւնը բնականաբար ունի որոշ իրականութեան մը ենթահողը, սակայն ճիշդ այդ ենթահողն է, որ կը բացատրէ աշխարհը իսկապէս վարողներու «դասակարգ»-ին գոյառումը, «դասակարգ», որուն գործունէութեան դաշտը այս կամ այն երկիրը չէ, այլ չ՛ուզեր ճանչնալ սահման, կ՛աշխատի տիրել ամբողջ աշխարհին, անոր տնտեսական կարողութիւններուն, շուկաներուն եւ շահու միջոցներուն:
Անցեալին իրողութիւնը այն էր, որ որոշ երկրի մը պետական իշխանութիւնը, հիմնուելով տուեալ երկրի շահերուն վրայ (որ կրնար նաեւ մարմնաւորել որոշ խաւի մը` դասակարգի մը շահերը), կը հակադրուէր մրցակից երկրի մը իշխանութեան, կրնար անոր դէմ պատերազմ հռչակել, կայսրութիւններ կը մրցակցէին, փոքր երկիրներ ալ նոյն տրամաբանութեամբ կը վարուէին, կամ` կ՛իյնային մեծերու պատերազմներուն ազդեցութեան տակ: Այսօր մրցակցութիւնները առերեւոյթ պետական իշխանութիւններու միջեւ է (չենք անտեսեր հինէն եկող մրցակցութեանց առկայութիւնը, Արեւելք-Արեւմուտք ընդհանուր ոլորտը), սակայն աւելի «բարձր մակարդակ»-ի վրայ հակամարտութիւններն ու մրցակցութիւնները չեն մնար այդ ոլորտին մէջ, այլ նախկին հակադիրներու մէջ ստեղծուած են «շերտեր», որոնք գործակից կամ մրցակից են «միւս պլոք»-ի ներքին շերտերէն այս կամ այն գիծին հետ: Ահա թէ ինչո՛ւ` իբրեւ համայնավար ճանչցուած Չինաստանէն համայնավարական շատ բան չէ մնացած, այլ շահակցական բազմաթիւ գիծեր մշակուած են աւանդական հակառակորդներու հետ, ամերիկեան դրամագլուխներ «փախուստ կու տան» նաեւ դէպի Չինաստան, որ կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն պարտատէրը, իսկ Խորհրդային Միութեան դաշնակից Ինտիրա Կանտիի Հնդկաստանը կը վերածուի ամերիկեան արդի արհեստագիտութեան «ետեւի պարտէզ»-ին…
Միամիտի Հարցում Մը
Պարզ ու միամիտի հարցում մը. արդեօք Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին ու պետական շահերո՞ւն կը ծառայեն մէկը միւսին ետեւէ հրահրուող արիւնալի տագնապները` Իրաքի, Աֆղանիստանի, Միջին Արեւելքի մէջ կամ այլուր, մինչդեռ նախընթաց տասնամեակներուն քանիցս փաստուած է, թէ Վիեթնամի պատերազմին պէս «իրագործումներ», օրին ու յաջորդող տասնամեակներուն, միայն ու միայն վնասաբեր եղած են երկրին ու ժողովուրդին: Օրին պատերազմին ու անոր «շահերուն» ի նպաստ ջատագովութիւններ եղած են, սակայն իրականութիւնը կարելի չէ եղած քողարկել վերջնականապէս:
Ձախորդութիւնն ու վնասաբերը կրկնելը, գիտենք, ի՛նչ որակում ունի, իսկ դաշնակիցները նոյն ձախաւերութիւններուն լծելը ո՛չ միայն չ՛արդարացներ նոր փորձը, այլ պարզապէս ի յայտ կը բերէ միւս իրականութիւնը, ըստ որուն` տարբեր երկիրներ, արդարութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նշանախօսքերով դիմակաւորուած, կը ծառայեն… մէկ առ հարիւրը հանդիսացողներուն:
Այլ խօսքով, տարբեր երկիրներու եւ ցամաքամասերու մէջ իշխանաւորներու դասակարգը կը կազմէ համատարած ցանց մը, որուն մեծ կամ փոքր օղակներն են իւրաքանչիւրը: Ահա թէ ինչպէ՛ս պէտք է դիտել այսօրուան աշխարհը, այլ խօսքով` համաշխարհայնացումի յոռի երեսը. ու եթէ մեր տեսողութիւնը ընկալէ այս իրականութիւնը, անկէ ետք դիւրին կ՛ըլլայ տեսնելը, թէ այս կամ այն երկրին դրական ու դժբախտ զարգացումները ուրկէ՛ կը ստանան իրենց հրահանգները, մղումներ, ինչո՛ւ որոշ երկրի մը իշխանաւորը ողջունելի ու հանդուրժելի կը մնայ, հոգ չէ թէ կրնայ մենատէր-բռնատէր մը ըլլալ, ամէն օր ոտնակոխ ընել ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը, իսկ այլ երկրի մը իշխանաւորը կը վերածուի տարատեսակ արշաւներու թիրախի, կը հետապնդուի անոր անկումը, ան կրնայ սպաննուիլ կամ կախաղան բարձրացուիլ, հոգ չէ թէ ան կրնայ որոշ չափով սիրուած ըլլալ իր ժողովուրդին կողմէ, կը ներկայանայ իր երկրին շահերուն պաշտպանը (պէտք է ընդգծել անմիջապէս, որ ոեւէ իշխանաւոր անպայման որ թերութիւններ կրնայ ունենալ, անպայման սիրուած չ՛ըլլար իր ժողովուրդին բոլոր խաւերուն կողմէ. այս չէ՞ իրականութիւնը աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, անոնք կոչուին Միացեալ Նահանգներ, Վենեզուելա, Իտալիա, Ֆրանսա, Սուրիա կամ Իրան…):
Նոյն լուսարձակին տակ ալ պէտք է դիտել, ու` քննական մօտեցումով, ո՛չ թէ մեզի հրամցուած քարոզչական տրամաբանութեամբ, այն զարգացումները, որոնք տեղի կ՛ունենան Ծայրագոյն եւ Միջին Արեւելքներուն կամ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Քանի մը տասնամեակ առաջ Միացեալ Նահանգներու եւ զինակիցներու հաշիւները, որոնք ռազմավարական ու հակահամայնավարական խորագիրը կը կրէին, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ ստեղծեցին զինուորական խունթաներու ամբողջ համակարգ մը, որ որոշ շահերու պաշտպանութեան պատրուակով ջարդեր ու բռնատիրական կիրարկումներ կատարեց շարք մը երկիրներու մէջ: Յետոյ «աշխարհը փոխուեցաւ», իրաւունքներ եւ յիշողութիւններ չկորսուեցան, բազում վնասներէ եւ զոհեր ետք, հարաւամերիկեան երկիրներ վերականգնեցին սեփական ուղեգիծը, թէեւ բոլորովին զերծ չեն «մեծեր»-ու ազդեցութենէն: Պրազիլն ու Արժանթինը լաւագոյն օրինակներն են: (Այս զարգացումներու կ՛անդրադառնանք նաեւ աւելի ուշ):
Հոկտեմբեր 2012

