Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Կը Յղէ Եգիպտոսի Նախագահին
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիին` 17 նոյեմբերին Եգիպտոսի Ասիութ նահանգին մէջ տեղի ունեցած փոխադրակառքի արկածին առիթով, որուն պատճառով զոհուած եւ վիրաւորուած են տասնեակ մը քաղաքացիներ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ դպրոցական փոխադրակառքը զարնուած է շոգեկառքին եւ պատճառած է 47 զոհեր, որոնց շարքին` 44 երեխաներ:
CATEGORIES Հայկական

