Քուէյթի Իշխանը Ընդունած Է Հայաստան Այցելելու Հայաստանի Նախագահին Հրաւէրը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 19 նոյեմբերին պաշտօնական այցելութիւն տուած է Քուէյթի պետութիւն: Առաւօտեան արտաքին գործոց նախարարը ընդունած է Քուէյթի էմիր շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահը: Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Նալբանդեան  Քուէյթի ղեկավարին փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները եւ Հայաստանի նախագահին անունով վերահաստատած էմիրին ուղղուած Հայաստան այցելելու հրաւէրը: Շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ խնդրած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցել իր ամենաջերմ մաղթանքները եւ տեղեկացուցած, որ սիրով կ’ընդունի Հայաստան այցելելու հրաւէրը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2009-ին Հայաստանի նախագահի Քուէյթ կատարած պետական այցելութեան ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: Գոհունակութեամբ նշուած է, որ Քուէյթի եւ Երեւանի մէջ բացուած են երկու երկիրներու դեսպանատուները, կը գործէ միջկառավարական յանձնախումբը:

Քուէյթի ղեկավարը դրուատանքի խօսքեր ըսած է երկրին մէջ ապրող հայերու հասցէին` ընդգծելով, որ անոնք իրենց գործունէութեամբ կը նպաստեն Քուէյթի բարգաւաճման: Էդուարդ Նալբանդեան երախտագիտութիւն յայտնած է հայ համայնքին նկատմամբ Քուէյթի իշխանութիւններուն կողմէ դրսեւորուող ջերմ ու հոգատար վերաբերմունքին եւ Քուէյթի մէջ հայկական եկեղեցւոյ կառուցման հարցով իշխանութիւններու աջակցութեան համար:

Քուէյթի էմիրն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը մտքեր փոխանակեցին նաեւ միջինարեւելեան զարգացումներուն վերաբերեալ:

Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Քուէյթի վարչապետ շէյխ Ժապեր Մուպարաք Ահմետ Սապահի միջեւ հանդիպման ընթացքին հանգամանալից կերպով քննարկուած են երկկողմ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խթանման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:

Քուէյթի վարչապետն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած են միջկառավարական յանձնախումբի երկրորդ նիստի նախապատրաստական աշխատանքներուն, մտքեր փոխանակած գործարար համաժողով կազմակերպելու կարելիութեան շուրջ: Քուէյթի վարչապետը յայտնած է, որ կառավարութեան յառաջիկայ նիստին համապատասխան յանձնարարականներ պիտի տրուին պատասխանատու վարչութիւններու ղեկավարներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES