Անվտանգութեան Հարցերուն Վերաբերեալ Համահայկական Համաժողով` Երեւանի Մէջ

Նախանցեալ օր Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ սկսաւ «21-րդ դարու մարտահրաւէրները եւ Հայաստանի անվտանգութեան հիմնախնդիրները» խորագիրով քաղաքագէտներու եւ միջազգայնագէտներու համահայկական երկօրեայ համաժողովը:

Համաժողովին խօսք առին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ ուրիշներ:

Արթուր Բաղդասարեան իր խօսքին մէջ նշեց Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համար առաջնահերթ նշանակութիւն ունեցող երեք հիմնական խնդիրները: «Նախ եւ առաջ զինուորական անվտանգութեան ապահովումն է: Պետութիւնը իր զինուորական եւ քաղաքական կառոյցներով պէտք է պատրաստ ըլլայ դիմակայելու որեւէ ոտնձգութիւն կամ զինուորական յարձակում: Երկրորդը` երկրին տնտեսական անվտանգութեան ապահովումն է: Մենք պէտք է կարենանք ապահովել ուժանիւթի, պարենային, փոխադրամիջոցներու, տեղեկատուական անվտանգութիւնը: Երրորդը ընկերային եւ ժողովրդագրական անվտանգութիւնն է, որ ունի հիմնարար նշանակութիւն», յայտնեց Բաղդասարեան:

Ան անդրադարձաւ այս ուղղութեամբ կատարուած եւ կատարուելիք խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ներքին անվտանգութեան հարցերուն, որոնց շարքին` բարեփոխումներու ռազմավարական քաղաքականութեան, որ կ՛իրականացուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան շրջագիծին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES