Մահացած Է Արուեստագիտուհի Ֆլորա Մարտիրոսեան

Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագիտուհի Ֆլորա Մարտիրոսեան: Ան հիւանդանոցը կը գտնուէր լեղապարկի վիրահատութեան ենթարկուելու համար, սակայն վիրահատութեան ընթացքին ծագած բարդութիւնները պատճառ դարձած են անոր մահուան:

5 փետրուար 1957-ին Գիւմրիի մէջ ծնած Ֆլորա Մարտիրոսեան հիմնադիրն է Կոմիտասի անուան միջազգային երաժշտական դպրոցին, Արուեստագէտներ խաղաղութեան համար բարեսիրական կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ «Երբեք կրկին»  մշակութային շարժման նախաձեռնողը հանդիսացած է:

News.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ֆլորա Մարտիրոսեանի անձնական գործավար Արթուր Յովհաննիսեան յայտնած է, որ Ֆլորա Մարտիրոսեանի մարմինը Հայաստան տեղափոխելու հարցին առնչութեամբ տակաւին վերջնական որոշում չէ տրուած, այս առնչութեամբ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է արուեստագիտուհիին մարմինը Հայաստան բերելու որոշումը` Յովհաննիսեան ըսած է. «Խնդիրներ չկան: Ատիկա պարզապէս ընտանեկան որոշում է: Սակայն վաղը պարզ կը դառնայ` կը տեղափոխե՞ն Հայաստան, թէ՞ ոչ: Ամենայն հաւանականութեամբ կը տեղափոխեն Հայաստան»:

Ան դիտել տուած է, որ Ֆլորա Մարտիրոսեան առողջական հարցեր չէ ունեցած եւ միայն վերջին հանգրուանին դիմած էր բժիշկի` լեղապարկէն քարը հեռացնելու նպատակով:

Share this Article
CATEGORIES