Փարիզի Մէջ Վարչապետ Միքաթի – Ֆապիւս Հանդիպում

Միքաթի եւ Ֆապիւս

Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր կէսօրէ ետք հանդիպում մը կ՛ունենայ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումներն ու անոնց լոյսին տակ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Ֆապիւսէն օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն խնդրած է Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու հարցով` նկատի ունենալով, որ սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է 130 հազարի, եւ Լիբանան գրեթէ սպառած է եւ չի կրնար հասնիլ անոնց կարիքներուն բաւարարման:

Իր կարգին, Ֆապիւս խոստացաւ, որ Փարիզ պիտի օժանդակէ լիբանանեան կառավարութեան` սուրիացի գաղթականներուն հարցով, բարձր գնահատելով այդ իմաստով լիբանանեան պետութեան ի գործ դրած ջանքերը:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆապիւս վարչապետ Միքաթիի յայտնեց, որ իրենք լիբանանեան ներքին հարցերու միջամուխ չեն դառնար, ընդհակառակն` կը քաջալերեն ազգային երկխօսութիւնը եւ կը զօրակցին Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան: «Մենք այդ քաղաքականութիւնը կը նկատենք տրամաբանական եւ անհրաժեշտ` նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող պայմանները», ըսաւ Ֆապիւս:

Ան նշեց, որ Փարիզ նեցուկ կը կանգնի նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի մէջ անիշխանութենէ խուսափելու:

Ֆապիւս ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները պիտի մնան հեզասահ ու մտերմիկ` աւելցնելով, որ Ֆրանսա ամէն ձեւով պիտի զօրակցի Լիբանանի բոլոր մարզերուն բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, որպէսզի անոնք շարունակեն պահպանել հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Պէտք է նշել, որ այսօր յետմիջօրէին նախագահ Հոլլանտի հետ հանդիպում ունենալէ ետք վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Ֆրանսայի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ եւ երեկոյեան պիտի վերադառնայ Լիբանան` մասնակցելու համար հինգշաբթի առաւօտեան տեղի ունենալիք անկախութեան 69-ամեակի տօնակատարութեան:

Նշենք, որ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի նախանցեալ օր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ ինք պատրաստ է հրաժարելու իր պաշտօնէն, եթէ անիկա երկրին քաղաքական տարակարծութեան լուծում կը նկատուի, «սակայն եթէ այդ քայլը պիտի յանգի Լիբանանի մէջ անիշխանութեան, ապա ինք իր հրաժարականը պիտի չներկայացնէ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES